Յօդուածներ

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ  Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» ֆրանսերէն գիրքի հեղինակ, ֆրանսահայ գրող Արա Գրիգորեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Պատասխանելով գիրքի գաղափարի յղացման մասին հարցումին` Գրիգորեան յայտնեց, որ 2005-ին Ֆրանսայի հայաշատ Արֆորվիլ շրջանի ՀՅԴ խումբը իրմէ խնդրած է պատրաստել ցուցահանդէս մը` Քրիստափորի նահատակութեան 100-ամեակի...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Մեր Օրերու Բարեգործները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի թէ սփիւռքի տպագիր մամուլին եւ համացանցի էջերու ճամբով իմացանք, որ հայ բանակին, հայ զինուորին, զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն վերաբերող զանազան տեսակի բարեսիրական նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցան: Ընկերութիւն մը տասը հատ ինքնաշարժ նուիրեց: Ուրիշ մը վիրաւոր զինուորին այցելեց: Այլ տեղ մը զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն ուտեստեղէն բաժնեցին եւ այլն: Ուրիշ մը այս առիթով վիտէօ-քլիփ մը պատրաստեց: Տեղ մը` աժան...

Շարպել Սամուէլ Աունի «Գերեզմանաքաղաքը»…  («Հող Էիր Եւ Հող Դարձիր»)

Շարպել Սամուէլ Աունի «Գերեզմանաքաղաքը»… («Հող Էիր Եւ Հող Դարձիր»)

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Հակառակ ժամանակակից նորարար մը ըլլալուն` Շարպել Աուն չի հաւատար «Արուեստը յանուն արուեստի» ըմբռնումին: Ընդհակառա՛կը, ան յանձնառու կերպարուեստագէտ մըն է ու առանց տուրք տալու մերօրեայ գեղարուեստական պահանջներուն եւ գեղագիտական ճաշակներուն` կը շարունակէ ստեղծագործել յանուն մարդու եւ իր միջավայրի` բնութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան: Իր վերջին անհատական ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 28 ապրիլի երեկոյեան «Մարք Հաշեմ» ցուցասրահին մէջ (Կեդրոնական Պէյրութ)...

«Խօսնակ»-ին Կազմակերպած Միջդպրոցական Արտասանական Եւ Նկարչական Մրցումը

Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ի առաւօտուն ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ համախմբուած էին լիբանանահայ 15 վարժարաններէ արտասանական եւ նկարչական մրցումի մասնակից 100 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ` զանոնք քաջալերելու եկած նոյնքան թիւով հայկական վարժարաններու հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտներ: Մրցումը կազմակերպուած էր «Խօսնակ» պարբերաթերթին կողմէ եւ նուիրուած էր էր Հայաստանի ու Արցախի անկախացման 25-ամեակներուն: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ մշակութային յանձնախումբի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Մեկնարկը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ձեռնարկներուն Հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի կուսակցապետ տոքթ. Մոհամետ Նայեֆ Սալթի, վերջերս Հալէպի Բժշկական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Աֆիունիի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կաթողիկէ առաջնորդ հայոց Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր...

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ա.- «Յուշագիտութեան» Զարգացումը Զգուշացում.- Ներքեւի հատուածը կը վերաբերի վրդովեցնող իրողութիւններու, որոնք կը գործեն ի հեճուկս անիրաւուած եւ տառապահար անհատներու վկայութեան: Կան բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ: Արեւմուտքը քաջատեղեակ է: Կը մնայ, որ հայ վաւերագիրներ գիտակցին եւ ըստ այնմ շարժին: Յիշողութեան խաղեր.- Վաւերագրական ժապաւէնը մնայուն ներկայութիւն ունի քարոզչական աշխատանքներու ծիրին մէջ: Ապրիլեան նախաձեռնութիւններուն մէջ մեծ բաժին կը յատկացուի վերապրողներու վկայութիւններուն: Եղեռնէն...

Ակնարկ.  Վիեննան Վերահաստատեց  94-ի Համաձայնագիրը

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատեց 94-ի Համաձայնագիրը

Արցախեան հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւններու քննարկման յատկացուած Վիեննայի հանդիպման մասնակիցներու ձեւաչափը արտակարգ է: Հանդիպումը ո՛չ միջնախարարական է, ո՛չ միջնախագահական, ո՛չ ալ կողմերու նախագահներու եւ նախարարներու  եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդներու մակարդակով միայն: Մասնակիցներու շարքը չէ փակուած նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչով: Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներն ու Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական նախարարը համալրած են մասնակիցներու շարքը` Վիեննայի հանդիպումին տալով...

Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մայիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին նիստը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու քառօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն ու գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 65 ներկայացուցիչներ: Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան արտասանեց բացման խօսք մը, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ողջոյնի խօսքը: Առաջին նիստի...

Մտորումներ Թիկունքէն Եւ Սահմանագիծէն

Մտորումներ Թիկունքէն Եւ Սահմանագիծէն

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Անբացատրելի էր իմ զգացումս, երբ իմացայ, թէ լիբանանցի լրագրողներու հետ պիտի մեկնէի Արցախ: Արդարեւ, 6 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութէն հասանք Երեւան, լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին եւ նկարիչին հետ: Իմ ներկայութիւնս թարգմանութեան եւ աշխատանքներու համադրման համար էր: Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի առաւօտեան այցելեցինք Երեւանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ գտնուող կամաւորներու արձանագրութեան զօրանոց: Հոն ականատես եղայ...

«Ռեմոն Ժպարայի Գործերը Այժմէական Են. Անոր Մահէն Ետք Ժպարա Ընտանիքը Միայն «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբին Արտօնեց Ներկայացնել Իր Հարազատին Գործերէն «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատրերգութիւնը»  Շեշտեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան

«Ռեմոն Ժպարայի Գործերը Այժմէական Են. Անոր Մահէն Ետք Ժպարա Ընտանիքը Միայն «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբին Արտօնեց Ներկայացնել Իր Հարազատին Գործերէն «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատրերգութիւնը» Շեշտեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին տարեկան ելոյթն է արդէն եւ 20-29 մայիս «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատրերգութիւնը: Մինչ ներկայացումը, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը այսօր երեկոյեան կազմակերպած է մեծարանքի - յիշատակի երեկոյ մը` նուիրուած Ռեմոն Ժպարայի մահուան Ա. տարելիցին: Զոյգ ձեռնարկներուն առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

ՀՅԴ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Նախարարին Հետ Մայիս 12-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչները` Վերա Եագուպեան` Լիբանան, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` Քանատա, Կարին Յարութիւնեան` Քանատա-Հայաստան, Սթիւ Տէտէեան` Արեւմտեան Ամերիկա, Վաչէ Շամլեան` Քանատա եւ Վահէ Թորոսեան` Իրան: Ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեան մեծապէս արժեւորեց ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Արցախի Հայկական Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Ազերիական Բնակավայրերու Կառուցում

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Հայկական Գիւղերու Վրայ Յարձակումներ Եւ Ազերիական Բնակավայրերու Կառուցում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակէին շրջափակուած մնալ Ազրպէյճանի կողմէ, իսկ Խորհրդային Հայաստանի խորհրդարանը պահանջած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին միջամտութիւնը: Իր կարգին Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին վրայ գերիշխանութիւն հռչակելով` ոտնակոխեց Արցախի ժողովուրդին եւ Մոսկուայի որոշումները: Արդարեւ, Խորհրդային Ազրպէյճան 23 սեպտեմբեր 1989-ին որդեգրեց որոշում մը, որ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը կը վերահաստատէր Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Իր կարգին Քրեմլինի ղեկավար Միխայիլ...

Խմբագրական. Վերահաշուարկներ Նաեւ Յաջողութենէն Ետք

Վարագոյրը լրիւ չէ իջած տակաւին Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ. այսուհանդերձ, առանց մոռնալու հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւնները եւ այնտեղ նաեւ Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեան հրամայականն ու թեկնածու առաջադրելը, կարելի է ըսել, որ հիմնականին մէջ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու համարեա ամբողջական ընտրացուցակը ընտրուած է արդէն: Տակաւին առիթը կ՛ունենանք ընտրուած քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու եւ թաղապետներու ընդհանուր համայնապատկերը, իբրեւ յաջողած թեկնածուներու հանրագումար ներկայացնելու:...

Արմէն Սարգսեան. Մենք Չենք Կարող Առաջնորդուել Մատրիտեան Սկզբունքներով

Արմէն Սարգսեան. Մենք Չենք Կարող Առաջնորդուել Մատրիտեան Սկզբունքներով

Զրոյցը վարեց ԵՈՒԼԻԱ ՎԱՆԵԱՆԸ «Դիւանագէտի մէջ պէտք է լինի զինուորի ոգին: Այն զինուորի, որը սահմանի վրայ կարողանում է կեանքի գնով, ինչ-որ տեղ նոյնիսկ չհաշուարկելով իր զինատեսակները եւ այլն, անառիկ պահել մեր հայրենիքի սահմանը», ասում է ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւոր, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Արմէն Սարգսեանը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ ձեզ, կայծակնային պատերազմով ի՞նչ խնդիր է փորձել լուծել Ազրպէյճանը քաղաքական դաշտում: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ազրպէյճանը կայծակնային պատերազմով ցանկացել...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Հայ Զինուորին Կօշիկին Փառքը (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ ... Տրտնջացող եւ յուսահատ խօսքերուն հակադարձելով, հայ ուսուցչուհի մը բարձրագոռ կը պատասխանէ. «Հայ զինուորը առանձինը կը կռուի բոլորիս համար, դո՛ւք ի՞նչ կ՛ընէք»: Այո՛, իրաւացի է հայ ուսուցչուհին, որուն ի խորոց սրտէ արձակուած կանչը, թէեւ իր մէջ կը պարփակԷ դառնութիւն, բողոք ու ցասում, այդուամենայնիւ,  անիկա կը մարմնաւորէ ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեկերտուածքը` հայրենապաշտութիւնը: Ի՛նչ կ՛ընեն բոլոր անոնք` սփիւռքի թէ հայրենի...

Բարաւոր

Բարաւոր

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ Երեւանեան ամէն փողոց ունի իր «ձայնը», իր ոգին: Հրապարակին մօտ, Հիւսիսային պողոտայէն ոչ շատ հեռու, Արամի փողոցին վրայ, անիկա խաչքարներ քանդակող վարպետ Վարազդատ Համբարձումեանի երկխօսութիւնն է տուֆ քարին հետ, լեզու գտած` մուրճի, պողպատ «մատիտ»-ի եւ հատիչի շարժումներով: Փոքրիկ խնդրանքի մը համար կը մօտենամ անոր. յաւերժութեան նշան մը` 12 ճառագայթներով: Երբ ան կը սկսի «քարի դարէն մնացած» իր գործիքներով...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Քազանի Փաստաթուղթը 1997-ի Փուլայինն Է` Հանրաքուէի Հեռանկարով

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2011 թուականի յունիսին Քազանում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներին Ռուսաստանի այն ժամանակուայ առաջնորդ Տմիթրի Մետվետեւի կողմից առաջարկուած փաստաթուղթը, որը մերժեց Իլհամ Ալիեւը, իր փիլիսոփայութեամբ յիշեցնում է 1997-ի փուլային առաջարկը: Այսօր էլ Հայաստանի ղեկավարութիւնը համաձայն է ղարաբաղեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքների մասին այդ փաստաթղթի հետ (գոնէ հրապարակաւ յայտարարում է), որը ենթադրում է հետեւեալ քայլերը` ըստ հերթականութեան. Առաջին. հայկական ուժերը դուրս են...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայու Գրականութեան Որոնում` Յակոբ Կարապենցի Հետքերով, Որպէսզի Մենք Մեզ Դիտենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յակոբ Կարապենց հայ գրող էր, «ծագումով հայ» չէր: Օտարագիր ծափահարուող հայածնունդ գրող չէր: Հարազատութեան շարունակող էր: Երբեմն տխրութեամբ կը կանգնիմ գրադարանիս գիրքերուն առջեւ: Բարեւի կեցած զինուորներու պէս շարուած (եթէ այցելու ունենան) կամ ասդին անդին իրարու վրայ դիզուած, սպասելով բարեգութ ձեռք մը, որ զիրենք տեսանելի դարձնէ: Դէզեր խառնշտկեցի եւ քանի մը գիրքեր ըսին, որ դեռ բոլորովին չեն անյայտացած, իրարու...

Մանկական Քաղցկեղի Ախտամերժ Բուժումը (Immunotherapy) Վաւերացուեցաւ, Շնորհիւ Հիմնական Հետազօտութեան

Մանկական Քաղցկեղի Ախտամերժ Բուժումը (Immunotherapy) Վաւերացուեցաւ, Շնորհիւ Հիմնական Հետազօտութեան

Լոս Անճելըսի Մանուկներու հիւանդանոցին մէջ երկու տասնամեակ տեւած իրենց հիմնական հետազօտութեան վրայ հիմնուելով` Արազ Մարաշլեան եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մանկական ակադեմիաներու մէջ իր պաշտօնակիցները ցոյց տուին, որ ցարդ միայն հետազօտութեանց մէջ ներառուած հիւանդներուն համար մատչելի դիմադրողականութեան բուժումը (immunotherapy) համազօր է առեւտրական օգտագործումի համար պատրաստուած արտադրութեան, եւ կարելի է մատչելի դարձնել բոլոր հիւանդներուն: Տեղեկութիւնը, որ հրատարակուեցաւ «Քանսեր Չիմոթհերափի էնտ Ֆարմաքոլոկեըն»...

Մտորումներ Թուրք Գրող Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» Գիրքին Շուրջ (Ընթերցուած` Թարգմանուած Գիրքի Շնորհանդէսին)

Մտորումներ Թուրք Գրող Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» Գիրքին Շուրջ (Ընթերցուած` Թարգմանուած Գիրքի Շնորհանդէսին)

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գործունէութեան եւ ընդհանրապէս Հայ դատի հետապնդումի ծիրին մէջ կատարուած իրագործումներուն անհրաժեշտօրէն մաս կը կազմէ թարգմանութիւնը: Որքան որ կարեւոր է մեր ներկայ սերունդին գիտականօրէն, փաստերու միջոցով մատուցել կատարուածը, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է հայկական փաստացի հետազօտութիւններու թարգմանութիւնը` օտարներուն հնարաւորութիւն տալով լիարժէք գաղափար ունենալ անցած դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն չարիքի մասին, որ հայութեան մեծ հատուածի բռնի...

Page 931 of 1110 1 … 930 931 932 … 1,110

Արխիւներ