Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զառանցանքի Նմանող Մենախօսութիւն

May 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

kirk-768x514

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գիրքի Սիրահարը Յաւերժութիւն Գացած Է,
Գիրքերը Չէ Կրցած Իրեն Հետ Տանիլ

Եթէ տարած ըլլար, միամիտներ ցաւ պիտի չզգային: Գիրքերն ալ որբ պիտի չմնային:

Ափսո՜ս…

Գիրքի ժառանգութիւնը կը մերժենք, գիրքի փոխարէն` կը ժառանգենք բարձրախօսներու փսխած կարգախօսներու հակամշակոյթ անցողական աղմկարարութիւնը:

Ափսո՜ս կրկին…

Հայ գիրի ու գրականութեան սփիւռքեան քուրմերէն յաւերժութիւն գացած վերջիններէն մէկուն գրադարանին մէջ նստած եմ: Գիրքերը երկրորդ պատ մը հիւսած են սենեակին չորս կողմը: Իցիւ թէ սովորութիւն դառնար գիրքերով պատերը պաշտպանել, գէթ զանոնք փողոցին անկիւնը չէինք դներ եւ ցուրտն ալ չէր թափանցեր…

Յոգնած զինուորներու պէս են գրադարանի գիրքերը, իրարու կողքին, նոյն դիրքով անշարժ կանգնած, ոմանք պառկած, կամ` գրասեղանի կողքին, վաճառատունէ մը հոն հասած խաւաքարտէ մեծկակ տուփին մէջ դրուած: Ոչ ոք կ’ուզէ այդ գիրքերուն տէր ըլլալ, բանալ անոնց էջերը: Գիրքը երբ մեր ձեռքէն կ’իյնայ, կ’ըլլայ թուղթի կտոր:

Ժամանակ չունինք, արդէն «Կուկըլ»-ին վրայ մեզի պէտք եղածը կը գտնենք, գիրքերը ծերերու եւ ժամանակին հետ քայլ չպահողներու համար են: Եւ վե՛րջ:

Հայերէն եւ հայատառ գիրքեր… Բարալիկ գիրքեր, հաստափոր գիրքեր, գեղակազմ գիրքեր չորս պատերուն վրայ, մինչեւ առաստաղ…

Համաստեղի «Մոռացուած էջեր», Երուանդ Օտեանի «Վերնատունէն», «Կավռօշ» տարեգիրք… եւ միւսները, կեանք եւ ինքնութիւն ունեցած ժողովուրդի մը սրտի բաբախումներու յիշատակը, արձանագրութիւնը: Ինչո՞վ կը բաբախեն այդ ժողովուրդի յետնորդներուն սրտերը, ո՞ր կեանքին համար, ո՞ր շարունակութեան: Մէկ կամ երկու սերունդ առաջ մարդիկ յուզում, սէր, ընդվզում եւ ծիծաղ թուղթի վրայ կը քանդակէին յաղթելու համար ժամանակին, կամրջելու համար հոգիները:

Գիրով միացնելու համար ազգը: Գիրքերը` օղակ միացման:

«Կավռօշ – տարեգիրք եւ տարեցոյց –  1927»: Էջին` իրարու վրայ զոյգ կնիքներ` «Արեւ հրատարակչական – 558 Փոսթարկղ. Սթանպօլ» եւ երկրորդը «Կիլիկիա Գրատուն – 97 LEXINGTON AVE. New York, N.Y.»: Համացանցով փնտռեցի: Չկան հրատարակչատունը եւ գրատունը: Կա՞ն անհանգստացողներ անոնց անհետացման համար:

Փորձութիւն: «Կավռօշ տարեգիրք»-ի «Յառաջաբանի տեղ» գրութեան էջերը կարդացի: Խորագրուած էր` «Ի՞նչ պէտք կայ Կավռօշի տարեգիրքին»…եւ արդարացնելու համար Կավռօշի հրատարակութիւնը, գրուած է.

«- Ի՞նչ պէտք ` որ մարդիկ իրենց կեանքերը վտանգեն հիւսիսային բեւեռին վրայ թռիչք մը կատարելու համար:

«- Ի՞նչ պէտք`որ գիտուններ զոհուին ռատիոմին:

«- Ի՞նչ պէտք` անթելին, թելաւորին:

«- Ի՞նչ պէտք` լրագրի, վիպասանի, թատրոնի:

«- Ի՞նչ պէտք` մոտայի, դերձակի եւ կօշիկի»:

Եւ Երուանդ Թօլայեանի ստորագրութեամբ էջը կը շարունակուի եզրակացնելու համար, որ «Կավռօշ տարեգիրքն ալ պէ՛տք մըն է , ինչպէս` հացը, ջուրը, եւ… արքայութիւնը:»

Կը դիտեմ չորս պատերը ծածկած գիրքերը: Անոնք պէ՞տք էին, պէ՞տք են:

Այսօր նոյնիսկ եթէ դեռ բուռ մը հաւատացողներ կան հայերէն գիր ու գիրքին, հայերէն գիրքերը մեծ բացականերն են հայոց տուներէն: «Ի՛նչ պէտք կայ հայերէն գիրքի»:

Աւելի ճիշդ` «Ինչո՞ւ հայերէն գիրք հրատարակել, քանի որ կարդացող չկայ»:

Բախտաւոր պարագային հայերէն գիրքը երբ նուէր կը տրուի, քաղաքավարութեամբ ընդունողներ կան:

Հայուն օտարագիր գիրքը կամ հայուն օտարագիր պատմութիւնը կը ծափահարուի, որպէսզի մեր անհետացող հայու հպարտութեան արհեստական շնչառութիւն տանք:

Խմբագիր մը կ’ըսէր, որ հայերէն թերթը կարդացող չկայ, անգլերէնն ալ կարդացող չկայ: Ի՞նչ հասկնալ: Հասկնալ այն, որ շարունակութիւն չենք, չենք ուզեր ըլլալ, բայց ինքնութիւն կը պահենք ցուցադրութեան համար, ինչպէս` թանգարանի մը ապակեփեղկին ետին դրուած հնութիւնը, որմէ ոմանք չեն հրաժարիր: Բայց կեանքը թանգարանէն դուրս է:

Հայատառ ժամագիրք մըն ալ կայ, 1923-ին հրատարակուած:

Հիմա, երբ եկեղեցի կ’երթանք, մեր առջեւ կը գտնենք օտարալեզու ժամագիրք: Եւ ոչ ոք կը գայթակղի: Այնքա՜ն բնական է այդ «ինչ պէ՛տք»-ի շարունակութիւնը: Զարմացնողն է անբնականը:

Նացիները գրադարաններ կրակի տուին: 7 մայիս 1933-ին: Այրեցին մեծ գրողներու գիրքերը: Մենք հայերէն գիրն ու գիրքը կ’այրենք առանց խարոյկի: Մենք այնքա՜ն յոգնած ենք, որ այդ խարոյկը անգամ չենք վառեր: Գիրքերը դրան առջեւ կը դնենք, որ առաւօտուն տանին…

Բայց դեռ օտար հիւրերու առջեւ օտար լեզուներով կը շարունակենք պոռչտալ, որ մենք ունինք մեծ մշակոյթ: Մեռածներուն մշակոյթը: Իսկ մշակոյթը կը շնչէ ապրողներով:

Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ «նահանջ»-ը:

Ի՞նչ կը սպասեն հակամշակոյթ դարձած «էսթեպլիշմընթ»-ները` սանձելու համար նահանջը:

Յարութիւն կ’առնէ՞ Լեքսինթընի «Կիլիկիա գրատունը»:

Գիրքերով ծածկուած պատերէն աչք կը քթթեն` Թումանեան, Վարուժան, Շահնուր, Սնապեան, Պէշիկթաշլեան, Աճառեան, գիրքերու ետեւ  թագնուածներ:

Անոնք չեն գիտեր, որ մեծ ըլլալու փառասիրութիւն ունեցողներ լատինատառ հայերէն ճառ կը խօսին մեր Դատին եւ հայ գրողին մասին…

Բայց «Կավռօշ»-ը չկայ, որ զիրենք անմահացնէ…
Եղեռնը դար մը առա՞ջ էր… Կը նայի՞նք մեր շուրջ:
Այսօ՛ր:

7 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի Թիւ 398-399. Ի՞նչպէս Ներգրաւել…

Յաջորդը

Թուրք Ժխտողականը Կը Նպաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ճշմարտութեան Տարածման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.