Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի Թիւ 398-399. Ի՞նչպէս Ներգրաւել…

Մայիս 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն ժամանակ ունեցած է իր մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները: Ինչ որ մեր օրերը կը յատկանշեն, ժամանակի եւ հեռաւորութեան կապուած մարտահրաւէրներն են:

Ժամանակը կապուած է արագութեան հետ` օրուան պահանջներուն հետ արագ քայլ պահելու, արագ պատշաճելու, արագ զարգանալու եւ արագ փոխուելու հրամայականին հետ: Մինչդեռ հեռաւորութիւնը կապուած է արդի արհեստագիտութեան հետ, որուն շնորհիւ աշխարհագրութիւն եւ սահման հասկացողութիւնները կը դառնան ժամանակավրէպ:

Սերունդներ այսօր հասակ կ’առնեն նոր պայմաններու մէջ, ուր ժամանակի եւ հեռաւորութեան հասկացողութիւնները կը ջնջեն մարդոց տարբերութիւնները եւ կը քանդեն հաւաքական ինքնութիւնները: Կը վտանգուին ազգային արժէքներ, մշակոյթներ եւ ձգտումներ:

Աշխարհը փոքրացած է այլեւս, իսկ երիտասարդութեան երազները մեծցած են: Երազներ, որոնք կապուած են ժամանակի եւ հեռաւորութեան նոր ըմբռնումներուն: Արդարեւ, երիտասարդներ աւելի կ’աշխատին, բայց նուազ հարստութեան կը տիրանան: Աւելի բան ունին, բայց նուազ ուրախ են: Աւելի շատ ծանօթներ ունին, բայց նուազ` բարեկամներ:

Փոքրացող այս աշխարհը տագնապահար է եւ երիտասարդութիւնը կը կրէ տեսակաւոր տագնապներու լուրջ հետեւանքները: Արեւելքը կ’ապրի կրօնական ծայրայեղութեան տագնապ, մինչ Արեւմուտքը կը դիմագրաւէ ծայրայեղ ազատամտութեան եւ աշխարհայնացման տագնապ: Արժէքներու բախում մը նկատելի է կրօնական, քաղաքակրթական եւ մշակութային բոլոր մակարդակներու վրայ:

Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է հայ երիտասարդութիւնը: Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ՞… մեր կեանքին գլխաւոր բացական է:

Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ մեծահասակներ, համայնքներ, ազգ ու պետութիւն, եկեղեցի եւ միութիւններ, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներգրաւելու համար:

Ընդունինք, որ ցարդ որդեգրուած միջոցները իրենք զիրենք սպառած են: Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ: Համայնքային մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը: Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ, եթէ մաշած չէ արդէն: Միութենականութիւնը դադրած է ժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ: Զաւակներ անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւ հարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ` աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւ սպասումներուն:

Այսօրուան երիտասարդութիւնը շատ աւելի բան գիտէ, քան` իր ծնողներն ու պատասխանատուները: Կռապաշտ է ան. կուռքը մեքենա՛ն է, գործիքը. հեռաձայն, համակարգիչ, հեռատեսիլ, թէ այլ: Ան կ’ապրի երէցներէն տարբեր վայրի մը մէջ, որ անիրական է, երեւակայակա՛ն է: Համացանցի աշխարհն է այդ, ուր ան աւելի ժամանակ կ’անցընէ, քան` իր հարազատ տան ու շրջանակին մէջ: Ինչպէ՞ս հասնիլ այդ աշխարհը: Ի՞նչ լեզուով հաղորդակցիլ այդ տղոց ու աղջիկներուն հետ, որոնք օրէ օր կը տիրապետեն ընկերային հաղորդակցութեան այնպիսի միջոցներու, որոնք հարցականի կ’ենթարկեն անպայման քով-քովի գալու, ժողով-սեմինար կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ: Հետամուտ է լայն հորիզոններու: Չի փափաքիր կառուցային-կանոնագրային կաղապարներու ենթարկուիլ: Ան կը նախընտրէ միութենական աշխատանքի մասնակցիլ, բայց` միութեան մը չանդամակցիլ: Մնալ համակիր, քան` յանձնառութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել: Գործել առանձին նպատակի մը համար, քան` միութենական պարտաւորութիւններու շարքի մը համար:

Նորերու հետաքրքրութիւնը շատ աւելի համամարդկային հարցերու շուրջ է, քան ազգային եւ միութենական մտահոգութիւններու, որովհետեւ առաջինին գործադաշտը անսահման է` ըստ իրենց, մինչդեռ ազգայինն ու միութենականը դատապարտուած են մնալու  սահմանափակ շրջանակի մէջ:

Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնք անպայման թելադրել կու տան յարմարիլ նոր կացութիւններուն եւ այսուհետեւ գործել աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ, կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ:

Պէտք է հասնիլ մեզմէ հեռու գտնուող երիտասարդութեան: Իսկ հասնելու համար պէտք է արդիականանալ եւ զօրանալ: Մրցակցութեամբ լեցուն այսօրուան աշխարհը տեղ չունի տեղքայլ ու ետքայլ կատարողներուն: Ժամանակն է մեր հաւատքին միացնելու գիտութիւնը եւ երիտասարդութեան ներգրաւման համար որոնելու անցեալէն տարբեր` աւելի սերտուած, աւելի համոզիչ եւ ազդու միջոցներ:

Ներգրաւե՛լ երիտասարդութիւնը, բերել զայն մեր մօտ, անոր փոխանցել հայեցի ոգի եւ դաստիարակութիւն, որպէսզի ան հպարտ զգայ իր հայկականութեամբ, զօրանայ իր արմատներով եւ մեծնայ`

Հաւաքական մեր կեանքին համար,
Հայութեան եւ Հայաստանին համար:

 

 

 

Նախորդը

Արցախէն Ջաւախք Իրարու Պէտք Ունինք

Յաջորդը

Զառանցանքի Նմանող Մենախօսութիւն

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?