Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբավարին Խօսքը. Հեռակայ Երգն Իբրեւ Ընծայ Ու Խոնարհում

Մայիս 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 9-ն է: Համայն հայութիւնը կը տօնէ Շուշիի հերոսական ազատագրման 24-րդ տարեդարձը: Յառաջիկայ տարի արդէն պիտի նշենք Շուշիի յաղթանակին 25-ամեակը` քառորդ դարը, իսկ քանի մը օր ետք Համազգայինի «ԿԱՐԿԱՉ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերը բեմ պիտի բարձրանան հանրութեան ներկայացնելու իրենց նոր երգացանկը:

Որքան ալ շատ ըլլան մեր ըսելիքները, այսօր բոլորիս մտասեւեռումը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի` ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆ վրայ:

Հիմա Շուշիի մէջ, թէ այլուր մարդիկ հաւաքուած են ծաղիկներ զետեղելու մեր նահատակներու յուշակոթողներուն ու ոգեւորուելու անոնց թափած արեամբ նուաճուած պատմական յաղթանակով, մինչ մեր ազատատենչ  այրերը կը տեսնենք Արցախեան սահմանապահ գիծի վրայ, ուր անցնող օրերուն մեր մարտական ոգին կրկին առկայծեց…

Ցաւօք, վերջին մարտերուն ապահովուած յաղթանակներուն կողքին  ունեցանք նաեւ նահատակներ, որոնց շարքին կորսնցուցինք Շուշիի «ՎԱՐԱՆԴԱ» երգչախումբի նախկին սաներէն Սարգիս Գասպարեանը, որ իր կեանքը նուիրաբերեց եւ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ «Լաւ ընկերոջ համար անգամ կեանքը կու տայ ղարաբաղցին» արտայայտութիւնը սոսկ երգի բառ չէ, այլ` պարզ ու խօսուն ճշմարտութիւն ®

Կրկնեմ` այժմ Արցախի մեր դիրքապահ բանակը անքուն գիշերներ կը լուսցնէ հայրենի սահմանագծի ապահովութեան ու մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան անաղարտութեան համար: Հետեւաբար մինչ կը պատրաստուինք յառաջիկայ օգոստոսին Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբի հայաստանեան եւ արցախեան համերգներուն, «ԿԱՐԿԱՉ»-ի այս տարուան հայրենասիրական շունչով ողողուած մեր համերգը սիրով ու խոնարհումով կ’ընծայենք բոլոր անոնց, որոնք գերագոյն զոհողութեամբ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքին, եւ անոնց, որոնք նաեւ մեր փոխարէն ինկածներուն զէնքը վերցուցած են ու կը կռուին բոլորի՛ս հայրենիքին համար…

Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

9 մայիս 2016

Նախորդը

Տարածք Ինչի՞ Դիմաց, Բնաջնջմա՞ն

Յաջորդը

Արցախէն Ջաւախք Իրարու Պէտք Ունինք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?