Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէն

Յունիս 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակա՛նջդ խօսի, պրն. Մուշեղ, յուսահատ շուրջդ կը նայէիր` հաւանաբար մտքէդ ըսելով, որ այս սերունդը ե՞րբ հայերէն լեզուին հանդէպ  հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերէ, ե՞րբ եւ  ի՞նչպէս գրականութեան եւ քերականութեան պիտի տիրապետէ:

Վստահաբար կը մտածէիր. «Վնաս չունի, խարդախութեամբ ընդօրինակելով  ալ կարելի է սորվիլ», ու կը մխիթարուէիր…

Աշակերտներէդ քիչեր հայերէնի դասաւանդութեան լուրջ կերպով կը հետեւէին,  ամէն մէկ դասարանի մէջ հազիւ մէկ երկու հոգի գրոց բրոց ըլլալ կ՛աւետէին, մնացածին հետաքրքրութիւնը կը շեղէր քիչ մը ամէն տեղ:

Հայերէնի նկատմամբ  ընդհանուր թուլութիւն կը տիրէր` նկատի առած ապագայի ասպարէզի մտահոգութիւնները:

Ծնողները, շրջապատը, մթնոլորտը կը մղէին աշակերտութիւնը  գիտական ճիւղերու, ինչ որ օտար լեզուներով պիտի ըլլար: Ուրիշներ արուեստի (խումբ մը աղջիկներս) մարզանքի նկատմամբ աւելի հակում ունէինք:

Հակառակ Ճեմարանի համբաւին` հայերէնը «for granted» կ՛առնուէր եւ իր քերականութեամբ ու գրականութեամբ գրպաննիս ըլլալ կը թուէր:

Այսօր աշակերտներէդ ոմանք իրենց յառաջացած տարիքին ուղղագրութեան, քերականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, վերաքաղ կ՛ընեն, շատեր սկսած են նոյնիսկ գրել, սակայն տակաւին շատ մը պարզաբանութիւններու կարիք կը զգան:

Արեւելքէն արեւմուտք տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին աններող նամակները կը շրջին ու կը քննարկուին:

Շատ մը քերականական օրէնքներ աղօտ կերպով կը յիշենք, կամ` նորութիւններ կը թուին ըլլալ, հայերէնի հանդէպ այս ուշացած սէրն ու հետաքրքրութիւնը կարօտի, զղջումի արդիւնք է, բայց դժբախտաբար այս տարիքին ուղեղները բթացած են, դժուար է ամէն բացատրութիւն յիշել ու գործադրել:

Տակաւին, եթէ Արմենակ Եղիայեան գիտնար ճեմարանականներու ընդհանուրին  հայերէնի ուղղագրական մակարդակին մասին,  անձնասպան կ՛ըլլար…

Ներող թող ըլլայ Արմենակը, իրմէ խնդրենք չսպասել սխալներու, այլ անմիջապէս եւ հետեւողական կերպով սկսիլ տարրական լեզուի եւ քերականական օրէնքներու մասին սիւնակի մը հրատարակութեան:

Գրել, կրկնել ու դարձեալ կրկնել անհրաժեշտ է, մանաւանդ որ որոշ օրէնքներ այնքան ալ դիւրին ընկալելի չեն… Գրականութեամբ զբաղողներուն կողքին, մենք եւս մեր ձեռքին տակ ունենանք լեզուական բացատրութիւններ, տեղեկութիւններ, որոնք տեղ մը կարելի ըլլայ փնտռել, նայիլ ու վերանայիլ:

Տակաւին քիչ թէ շատ մեր սերունդը կը կարդայ ու կը գրէ: Ի՞նչ ըսել նոր սերունդին, որ օրէ օր աւելի ցիրուցան ըլլալու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի:

Ապագային նկատմամբ մտահոգութեամբ,  արեւմտահայերէնի գիտութեան զարկ պէտք է տալ ամէն բեմերէ ու  բոլոր առիթներով:

 

 

 

 

Նախորդը

Ուղիղ Խնդիր

Յաջորդը

Հազար Ու Մէկ Պատկեր «Պատկեր» Կեդրոնին Մէջ (Տպաւորութիւններ)

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?