Ա. ԱՊՏԱԼԵԱՆ
Կոմիտասի համար ճակատագրական եղաւ Պոլսէն` հոգեւոր ճեմարանի իր նախկին դասընկերներէն` Կարապետ Պարտիզպանեանէն 1909-ի աշնան ստացած մէկ նամակը, որուն մէջ Պարտիզպանեան Կոմիտասը կը հրաւիրէր Պոլիս, որպէսզի նպաստաւոր պայմաններու մէջ շրջան մը պարապէր իր աշխատանքներով: Հիւրրիէթը որոշ ազատութիւններ բերած էր պոլսահայութեան եւ Կոմիտասի դասընկերը կը փափաքէր, որ մեծ վարդապետը Պոլիս փոխադրուի:
Պարզ է, որ Կոմիտաս Պոլիս փոխադրուելէ առաջ բաւական մտածած ու խորհած է: Նոյնիսկ հարցուցած պէտք է ըլլայ իր մտերիմներուն կարծիքը: Ասիկա կը հաստատուի վարդապետին ժամանակակիցներուն յուշերուն մէջ պատմուածներուն հիմամբ: Արշակ Չօպանեանի ալ յղած իր մէկ նամակին մէջ Կոմիտաս հարցուցած է անոր կարծիքը:
Պոլսէն ստացած հրաւէրը դրած իր գրպանը` Կոմիտաս ներկայացաւ Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Ամենայն Հայոցին եւ խնդրեց արտօնութիւն` շրջան մը Պոլիս փոխադրուելու: Ըստ երեւոյթին, արտօնութիւնը այնքան ալ չէ ուշացած: Շատ հաւանաբար Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ուզած է շրջան մը Կոմիտասը Սուրբ Էջմիածնէն հեռացնել` կիրքերը հանդարտեցնելու համար:
1910-ի յուլիսի կէսերուն Կոմիտաս հասաւ Պոլիս: Սրինգը շալկած` իսկական Օրփէոս մը, որ հինաւուրց վանքէ մը գալով` Բիւզանդական կայսրութեան այս շքեղ ու տապալած մայրաքաղաքը պիտի նուաճէր իր արուեստով:
Կոմիտասի առաջին գործը եղաւ այցելել Եղիշէ արք. Դուրեանին, իսկ յաջորդ օրն իսկ Գէորգեան ճեմարանի իր նախկին ուսուցչին մեծ պատմագէտ, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց նախկին պատրիարք Մաղաքիա արք. Օրմանեանին, որ գրկաբաց ընդունեց իր սանը:
Ապա, նախքան Պոլիս կեցութեան հարցերը լուծելը, ուղեւորութիւն իր ծննդավայրը` Քէօթահիա, այսինքն` Կուտինա, ուր մնաց շուրջ երկու ամիս եւ ամէն կիրակի մասնակցեցաւ Վերին Թաղի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող սուրբ պատարագին` իր երգեցողութեամբ առինքնելով հաւատացեալները:
Պոլիս վերադարձին, Կոմիտաս եղաւ սենեկակիցը արդէն բաւական հռչակ շահած գեղանկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին: Բնակարանին հասցէն` Բանկալթի, հայոց գերեզմանատան դիմաց:
Եւ շուտով այս բնակարանը վերածուեցաւ պոլսահայութեան ամէնէն ընտիր մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն ժամադրավայրին: Կոմիտասի կանոնաւոր այցելուներէն եղան արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն` Գրիգոր Զոհրապ, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ: Դժբախտաբար չորսն ալ զոհերը` Հայոց ցեղասպանութեան:
Հոս փոքր փակագիծ մը բանալով` դիմենք Թերլեմեզեանին, որպէսզի պատմէ, թէ սուլթանին արարողապետը` Իսմայիլ Ջանան պէյ ի՛նչ ըսած է Կոմիտասի մասին: Օր մը ոսկեայ զարդերով կառք մը կանգ կ՛առնէ Բանկալթի եւ դռնապանը վեր վազելով` Թերլեմեզեանին կ՛ըսէ, որ վարը ոսկեայ զարդարանքներով արքայական կառքին մէջ մէկը զինք կ՛ուզէ տեսնել: Թերլեմեզեան իսկոյն վար կը վազէ եւ սուլթանին արարողապետը իրենց յարկաբաժինը կ՛առաջնորդէ: Թուրք պէյը եկած էր գեղանկարիչին գործերը դիտելու եւ երբ կը վերջացնէ, ֆրանսերէնով հարց կու տայ, թէ արդեօք Կոմիտաս կրնա՞ր երգել եւ նուագել իրեն համար: Կոմիտաս` լսելով ֆրանսերէնը, կ՛անցնի դաշնակին դիմաց եւ կը նուագէ ու կ՛երգէ Շուպերթի արիաներէն մին` իր ձայնով գերելով թուրք պէյը:
Իսմայիլ Ջանան չի կրնար ինքզինք զսպել: «Գրո՛ղը տանի, ութ հարիւր տարուան պետութիւն մըն ենք եւ տակաւին նման հանճար մը չունինք»:
Եւ պէտք է ըսել, որ թուրքին այս նախանձը միշտ մնաց: Կոմիտասը իւրացնելու, զայն թուրք նկատելու, հայացած թուրք մը համարելու տարօրինակ ճիգ մը, որուն մասին նաեւ իր յուշերուն մէջ կը խօսի հայութեան ամէնէն վտանգաւոր դահիճներէն` Հալիտա Էտիպ Ատիվար, երբ կը նկարագրէ Կոմիտասի երգեցողութիւնը «Թուրք օճախ»-ին մէջ, ուր Կոմիտաս քանի մը անգամ յաճախած է: Անշուշտ որ թրքական այս արտառոց ճիգը այդպէս ալ մնաց ամուլ, եւ ոչ ոք իսկ մտքէն անցուց, թէ Կոմիտաս թուրք մըն է, սակայն այս մեծ վարդապետին ազգային պատկանելիութիւնն ալ նման հարցականի տակ առնելով` թուրքը ջանաց զայն պոկել իր հայկական արմատներէն:
Վերադառնալով մեր պատմութեան` ըսենք, որ Կոմիտաս Պոլսոյ մէջ ունեցաւ հրաշալի գործունէութիւն: «Գուսան» երգչախումբը ասոր բացառիկ վկայութիւնն է: Նաեւ` այն սաները, զորս անձամբ մարզեց ու հասցուց` պատրաստելով հմուտ երաժիշտներ` Բարսեղ Կանաչեան, Վարդան Սարգիսեան, Միհրան Թումաճեան, Վաղարշակ Սրուանտձեան, Հայկ Սեմերեճեան եւ Անդրանիկ Ապաճեան: Վեցը` այն տասնվեց սաներէն, զորս Կոմիտաս ընտրած էր, որպէսզի անոնց հետ անձամբ պարապի: Սակայն Պալքանեան պատերազմը պայթելով` մեծ վարդապետին այս ծրագիրը ջուրը ինկաւ եւ ան յաջողեցաւ միայն վեցը դաստիարակել իր շունչով ու գիտելիքներով:
Կոմիտասի պոլսական գործունէութիւնը լեցուն է ձեռնարկներով, դասախօսական երեկոներով, երգչախումբերու անդուլ փորձերով եւ բազմաթիւ հանդիսութիւններով, որոնց մէջ ամէնէն նշանակալիցը հայ գիրերու գիւտի հազար հինգ հարիւրամեակին եւ հայ տպագրութեան արուեստի չորս հարիւր ամեակին նուիրուած` 13 հոկտեմբեր 1913-ին Պոլսոյ «Փըթի շան» թատրոնին մէջ կազմակերպուած շքեղ հանդիսութիւնն էր, որուն ներկայ գտնուեցան հայութեան մեծագոյն երկու դահիճները` Էնվեր եւ Թալէաթ: Երկուքն ալ բեմ բարձրացան եւ ճառեր արտասանեցին` լորձնաշուրթն գովերգելով հայութիւնը: Թրքական մոլուցքն էր, սակայն, զանոնք բեմ հանողը: Զմայլած եւ միեւնոյն ժամանակ հոգիները անոնց մթագնած էր` ի տես կազմակերպուած հանդիսութեան: Այս հայերը կրնային ամբողջ կայսրութիւնը կուլ տալ իրենց արուեստի հուրովը: Պատահածը դաս պէտք էր ըլլար իրենց եւ էնվեր ու Թալէաթ այդ հանդիսութեան դողն ու նախանձը պահեցին իրենց հոգիներուն մէջ, աւելի ուշ զանոնք թարգմանելով` քսաներեք ապրիլ 1915-ի գիշերի:
Կոմիտասի պոլսական գործունէութիւնը անշուշտ նման սեղմ տողերու մէջ կարելի չէ ամբողջականօրէն ներկայացնել: Ասիկա պարզապէս ներկայացում մըն է այն հրաշալի հանգրուանին, որ Կոմիտաս ապրեցաւ Պոլսոյ մէջ մինչեւ Այաշ աքսորուիլը, ապա խանգարուած ու ցնցուած վերադարձը Պոլիս եւ հուսկ` քաւարանի ահաւոր տարիները, մինչեւ իր վախճանումը` Փարիզի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ:
Կ՛արժէ պրպտել եւ կարդալ Կոմիտասի ամբողջ կեանքին նուիրուած հարուստ գրականութեան մէջ բացառիկ գործեր եւ յուշագրութիւններ, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք մեր Մեծ Վարդապետը: Այս յօդուածներուն շարքն ալ այս նպատակին համար գրուեցաւ:
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Շար. 3 եւ վերջ