Ուսուցչաց Տօնին Պատմութիւնը
Ազգերուն համար ուսուցիչը կը մնայ ազգային զարթօնքի հիմնական միջոցներէն մէկը: Ուսուցիչը այն դաստիարակն է, որուն շունչով կը թրծուին նորահաս սերունդները: Ուսուցիչը աշակերտներուն համար տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւր մըն է, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ուսուցիչը պատասխանատու է աշակերտին մտքի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ տաղանդներու բացայայտումին: Մարդկային պատմութեան մէջ այսօր ովքե՜ր իրենց անունները պատմութեան մէջ իբրեւ նշանաւոր դէմքեր արձանագրած պիտի չըլլային, եթէ...

















