Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
200 Ջաւախեցի Ուսանողներու Եռօրեայ Հանգիստը Ծաղկաձորի Մէջ
Փետրուար 24-26 Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական աշխուժ հանգիստ: Ծաղկաձոր գացին 200 ջաւախեցի ուսանողներ` հանգստանալու եւ մասնակցելու բազմաթիւ մրցումներու:
Այս հանգիստը շատ մեծ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ջաւախեցի ուսանողներուն` անգամ մը եւս հաւաքուելու նոյն յարկին տակ, առաւել սերտ հաղորդակցելու եւ իրարու հետ հետաքրքրական ժամանակ անցընելու:
Առաջին օրը մասնակիցները մասնակցեցան «Մայրաքաղաք» մրցոյթ-խաղին` ցուցաբերելով աշխուժ մասնակցութիւն, խաղը ընթացաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ բուռն մրցակցային քննարկումներով: Այնուհետեւ տեղի ունեցան այլ մրցոյթներ եւ ազգային պարերու ուսուցում: Մրցոյթ-խաղերուն մէջ յաղթողները պարգեւատրուեցան բաժակներով եւ մետալներով:
Ծաղկաձորի մէջ մասնակիցները հանդիպեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանի, «Ջաւախք» բարեգործական հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Արմէն Աւետիսեանի, «Ջաւախք» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արտիուշա Գրիգորեանի, «Ջաւախք» ուսանողական միութեան նախագահ Էտկար Չախոյեանի հետ: Անոնք պատասխանեցին ուսանողներուն հարցումներուն եւ քննարկեցին զանոնք մտահոգող հարցերը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ ձեռնարկի հովանաւոր «Տաշիր» հիմնադրամին ներկայացուցիչը:
Ծրագրի գլխաւոր պատասխանատու Է. Չախոյեան նախ ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց 200 ջաւախեցիներուն եռօրեայ աշխուժ ծրագրին կազմակերպման օրակարգն ու մասնակցութեան սկզբունքները եւ խօսքը տուաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շ. Թորոսեանին:
Պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան նշեց. «Այս ձեռնարկը աննախադէպ է ջաւախահայ ուսանողութեան պատմութեան մէջ: Մեր նպատակն է աւելի միասնական դարձնել ձեզ: Մենք միասնականութեամբ է, որ ուժեղ ենք: Կ՛ապրինք այլ պետութեան տարածքի վրայ եւ կրնանք պահել մեր ազգային նկարագիրը` առաւել բարձր մակարդակով»: Ան նշեց նաեւ, որ միշտ, որեւէ հարցով պատրաստ է աջակցելու ջաւախեցի ուսանողներուն: Երիտասարդները հաղորդեցին Ջաւախքի հարցերը եւ փորձեցին միասին լուծումներ գտնել: Հանդիպման աւարտին ուսանողները իրենց խոր շնորհակալութիւնը յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ ծրագրի հովանաւորներուն:
Յայտնենք, որ մասնակիցներուն թիրախային նպատակներէն մէկն էր՛ ձեռք բերել նոր ընկերներ եւ հաճելի ժամանակ անցընել մտերմիկ միջավայրի մէջ: Մասնակիցներէն Անի Մեհրաբեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ` «Ծաղկաձորի մեր հանգիստը իրականութեան մէջ ճիշդ այնպիսին էր, ինչպիսին պէտք էր որ ըլլար: 200 ջաւախեցի երիտասարդներ հաւաքուեցան այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր ապահովուած էին բոլորին լաւ ժամանակն ու հանգիստը: Յուսամ, որ շուտով կրկին այսպիսի ձեռնարկներ կը կրկնուին եւ կը համախմբեն ջաւախահայ երիտասարդները»:
Նշենք, որ եռօրեայ հանգիստը կազմակերպուած էր «Ջաւախք» հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Արմէն Աւետիսեանի, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանի աջակցութեամբ եւ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ:
Տիգրան Մանսուրեան «Լարուած Կ՛աշխատի»` Ապրիլեան Պատերազմի Մասին Ստեղծագործութիւն Գրելով
2016-ի վերջաւորութեան ամփոփիչ ասուլիսի մը ընթացքին մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշած էր, որ երաժիշտ, յօրինող Տիգրան Մանսուրեան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած ստեղծագործութիւն կը պատրաստէ: Մշակոյթի նախարարը ինք վարպետին պատուիրած է այսպիսի ստեղծագործութիւն մը գրել:
Մանսուրեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողին յայտնած է, որ կը շարունակէ աշխատիլ ստեղծագործութեան վրայ: Վարպետը տեղեկացուցած է, որ բանաստեղծ Կարէն Անտաշեանի հետ կ՛աշխատի, իսկ բանաստեղծ մը ստեղծագործութեան խօսքերը կը գրէ:
«Ստեղծագործութիւնը մեծ երգչախումբի մը` մանկական երկու երգչախումբերու, սիմֆոնիք նուագախումբի եւ մենակատար պարիթոնի համար գործ մըն է` 8-10 վայրկեան տեւողութեամբ: Հիմա չափազանց լարուած կ՛աշխատիմ այդ գործին վրայ: Յուսամ` մինչեւ մարտ 15 վերջացնեմ եւ զայն կեանքի ճանապարհին յանձնեմ», ըսած է վարպետը:
Նոր Կիլիկիա Նորակառոյց Գիւղին Մէջ 15 Ընտանիքներ Բնակարան Կը Ստանան
Մարտակերտի շրջանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ծախսերով կառուցուած Նոր Կիլիկիա գիւղին մէջ եւս 15 ընտանիք ստացաւ նոր բնակարան:
Բնակարան ստացողները Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի գիւղերէն զոհուած ազատամարտիկներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներ են:
Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Խաչատրեան այս առիթով ըսած է, որ «այն տարածքը, ուր կառուցուած են բնակարանները, բնակիչներուն համար սուրբ վայր է, որովհետեւ արցախեան գոյամարտի ժամանակ հայ քաջորդիները հակառակորդին յառաջխաղացը ճիշդ այնտեղ կասեցուցած են»:
Վ. Խաչատրեան շնորհաւորելով բնակարան ստացողները` աւելցուցած է, որ` «Սկզբնական շրջանին կառուցուած եւ բնակիչներուն բաժանուած է 10 բնակարան: Այնուհետեւ սկսած է եւս 22 առանձնատուներու կառուցումը: Այսօր արդէն 15 բնակարան շահագործման յանձնուած է: Բնակարանները կը համապատասխանեն քաղաքաշինական ժամանակակից պայմաններուն: Կառուցուած են բոլոր ենթակառուցուածքները եւ բարեկարգուած են ճանապարհները»:
«Մունտուս Վինի» Գինիի Հեղինակաւոր Մրցոյթին Հայաստան 23 Մետալ Նուաճելով` Կը Գերազանցէ Վրաստանը
Հայաստան 2017-ին բարձր արդիւնքներ արձանագրած է Գերմանիոյ Նոյշտաթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Մունտուս վինի» 20-րդ Կրանտ Ինթըրնէյշընըլ Ուայն Ըուըրտծ միջազգային մրցանակաբաշխութեան: Մրցոյթին մասնակցած հայկական գինեգործական ընկերութիւններուն կողմէ ներկայացուած արտադրանքը արժանացած է 23 մետալի` 10 ոսկի եւ 13 արծաթ:
Հայկական գինեգործական ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը հովանաւորած է Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնարկը` Զարգացող երկիրներէն ներածման խթանման կեդրոնին (CBI) աջակցութեամբ:
Հայաստանէն մրցոյթին մասնակցած է գինեգործական ընկերութիւն` գնահատող յանձնախումբին դատին ներկայացնելով 58 տեսակի հանգիստ եւ փրփրուն (շամփանիա) գինիներ:
Ընդհանուր առմամբ, մրցոյթին ներկայացուած են մօտաւորապէս 6 հազար տեսակի գինիներ` աշխարհի 44 երկիրներէ: Հայաստան իր նուաճած մետալներուն քանակով յառաջ անցած է Վրաստանին (4 ոսկի, 7 արծաթ):
Մրցոյթին ներկայացուած գինիները գնահատուած են 200 հեղինակաւոր մասնագէտներէ կազմուած դատակազմի մը կողմէ, որուն կազմին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանէն ներկայացուցիչ մը` յանձինս Տրինիտի ՍՊԸ-ի գինեգործ Արտեմ Բարսեղեանի:
Տեղեկացնենք, որ հայկական գինիներու համտեսին ընթացքին «Կոլտըն կրէյփ արմաս» գործարանի գլխաւոր տնօրէն Վիքթորիա Ասլանեան ներկայացուցած է հայկական գինիներու շնորհահանդէս, որ արժանացած է «Լաւագոյն շնորհահանդէս» մրցանակին:
Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն» Ծրագրի Միջգերատեսչական Համակարգող Յանձնախումբին Եւ Աշխատանքային Խումբին Նիստը
Մարտ 3-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի միջգերատեսչական համակարգող յանձնախումբին եւ աշխատանքային խումբին նիստը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան գերատեսչութիւններու, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու, գիւղական համայնքներու ներկայացուցիչներ, հիւրընկալ ընտանիքներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ողջունելու ձեզ եւ յայտնելու, որ «Արի տուն»-ը կեանքի կոչելը դարձած է համապետական ծրագիր: Աշխարհի 57 երկիրներէ հազարաւոր պատանիներ եւ պարմանուհիներ կը մասնակցին «Արի տուն» ծրագրին: «Արի տուն»-ը դարձած է իւրօրինակ շաղախ` սփիւռքի եւ հայրենիքի հազարաւոր ընտանիքներու միջեւ»:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքներուն, գերատեսչութիւններուն, մարզպետարաններուն, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, Երեւանի վարչական շրջաններուն՛ սփիւռքէն եկած հայ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն իրենց գրկաբաց ընդունելութեան եւ անոնց համար հայրենիքի մէջ լաւագոյն պայմաններ ստեղծելուն համար:
Նախարարը շեշտեց ծրագրի շրջանակներուն մէջ մայրենիի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը: «Ծրագրի իւրաքանչիւր օր կը սկսի հայերէնի ուսուցումով: Դասընթացքի աւարտին խումբերը կը ներկայացնեն ամփոփիչ գրական-գեղարուեստական գրութիւններ, ասմունք, երգ, պար», նշեց ան:
Այնուհետեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, «Արի տուն» ծրագրի համակարգող Ֆիրդուս Զաքարեան ամփոփեց «Արի տուն»-2016 թուականի ծրագրի արդիւնքները եւ ներկայացուց 2017-ի ծրագիրը: Ան նշեց, որ ինչպէս ամէն տարի, նոյնպէս 2016 թուականին հաւաստագրերու եւ պատուոյ գիրերու արժանացած են «Արի տուն» ծրագրի իրականացման աշխուժ մասնակիցները: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան 8-րդ տարին եւս «Արի տուն»-ը իրականացած է յաջողութեամբ եւ աշխարհի 38 երկիրներէ 900 երիտասարդներ այցելած են Հայաստան: 2016 թուականի ծրագիրը ընդգրկած է նաեւ խաչքարերու անհատական փորագրութեան, ինչպէս նաեւ խեցեգործութեան եւ մանրանկարչութեան դասեր, որոնք իրականացուած են քանդակագործ, ժողովրդական վարպետ Գարիկ Յովհաննիսեանի կողմէ եւ մեծ արձագանգ գտած` սփիւռքահայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու շրջանակներուն մէջ: Դասերը շարունակական պիտի ըլլան: «2016-ին առաջին անգամ ծրագրին 8-րդ փուլի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ նախկին արիտունցիներու հաւաք, որուն մասնակցած էին 10 երիտասարդ՛ 4 երկիրներէ», նշեց Ֆ. Զաքարեան:
Ֆ. Զաքարեան յայտնեց, որ կ՛իրականացուին նաեւ նախապատրաստական աշխատանքներ` 2017 թուականին պատշաճ եւ բարձր մակարդակով հիւրընկալելու 1000 սփիւռքահայ երիտասարդ` աւելի քան 30 երկիրներէ:
Մարզերէն` «Լաւագոյն մարզ» անուանակարգին մէջ հաւաստագրի արժանացաւ Արարատի մարզը, մարզպետ` Արամայիս Գրիգորեան, ամէնէն շատ երիտասարդներ ընդունելուն համար, «Աշխուժ մարզ» անուանակարգին մէջ հաւաստագրի արժանացաւ Արագածոտնի մարզը, մարզպետ` Գաբրիէլ Գեոզալեան, իսկ «Պատրաստակամ մարզ» անուանակարգին մէջ` Կոտայքի մարզը, մարզպետ` Կարապետ Գուլոյեան:
Մարզային համայնքներէն` «Լաւագոյն համայնք» անուանակարգին մէջ հաւաստագրեր ստացան Արարատի մարզի Փոքր Վեդի գիւղը` 26 փոքրիկ, «Պատրաստակամ գործընկեր» անուանակարգին մէջ` Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղը` 19 փոքրիկ, Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքը` 12 փոքրիկ, Արարատի մարզի Արարատ քաղաքը` 6 փոքրիկ:
«Աշխուժ համայնք» անուանակարգին մէջ հաւաստագրերու արժանացան Արարատի մարզի Վեդի քաղաքը` 13 փոքրիկ, Աւշար` 11 փոքրիկ եւ Արգաւանդ՛ 10 փոքրիկ գիւղերը:
«Աջակից համայնք» անուանակարգին մէջ` Արարատի մարզի Ոսկետափ` 4 փոքրիկ եւ Մխչեան` 3 փոքրիկ գիւղերը, Կոտայքի մարզի Քասախ գիւղը` 3 փոքրիկ եւ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքը` 3 փոքրիկ:
Հիւրընկալ ընտանիքներէն «Աշխուժ հիւրընկալող ընտանիք» անուանակարգին մէջ հաւաստագրերու արժանացան Յովհաննէս Սողոմոնեանը` Փոքր Վեդի, Ռազմիկ Ղազարեանը` Ոսկետափ, Ռուդիկ Կարապետեանը` Մխչեան, Դաւիթ Հոխոյեանը` Մխչեան:
Հաղորդենք, որ ներկաները դիտեցին 2016 թուականի «Արի տուն» ծրագրի մասին պատմող ժապաւէն մը: