Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցչաց Տօնին Պատմութիւնը

Մարտ 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգերուն համար ուսուցիչը կը մնայ ազգային զարթօնքի հիմնական միջոցներէն մէկը: Ուսուցիչը այն դաստիարակն է, որուն շունչով կը թրծուին նորահաս սերունդները:

Ուսուցիչը աշակերտներուն համար տեղեկութիւններու հիմնական աղբիւր մըն է, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ուսուցիչը պատասխանատու է աշակերտին մտքի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ տաղանդներու բացայայտումին:

Մարդկային պատմութեան մէջ այսօր ովքե՜ր իրենց անունները  պատմութեան մէջ իբրեւ նշանաւոր դէմքեր արձանագրած պիտի չըլլային, եթէ անոնց ուսուցիչները անոնց վստահութիւն չներշնչէինք եւ զանոնք կատարեալ հոգատարութեամբ չառաջնորդէին դէպի այն դիրքերն ու պաշտօնները, որոնց արժանի էին:

Ուսուցչաց Տօն

Ուսուցիչը մեծարելու նպատակով ամբողջ աշխարհը գոյացուցած էր համաձայնութիւն մը, որ ուսուցչաց տօնը նշուի 5 հոկտեմբերին: Այս տօնը սկսաւ 1994-ին եւ նոյն օրը նշուեցաւ շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ, սակայն կարգ մը այլ երկիրներ այդ թուականը փոխեցին եւ այլ օրերու նշեցին ուսուցիչներու տօնը:

Ուսուցչաց տօնը կը միտի մեծարել ուսուցիչները եւ տարբեր ընկերութիւններուն մէջ առանձնայատուկ դերակատարութիւն շնորհել ուսուցիչին, ինչպէս նաեւ իմանալ անոր կարիքները եւ ապահովել զանոնք, որպէսզի անոնք կարենան իրենց առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարել:

Ուսուցիչներու տօնը նպատակ ունի նաեւ ուսուցչութեան ասպարէզը բարելաւել` նկատի ունենալով, որ ուսուցչութիւնը իբրեւ ասպարէզ ետդարձ արձանագրած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, յատկապէս աղքատութենէ տառապող շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ հազիւ իրենց օրուան հացը կրնան ապահովել:

Ուսուցչաց Տօնը Աշխարհին Մէջ

Հակառակ այն իրականութեան որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը կը նշէ ուսուցիչներու տօնը 5 հոկտեմբերին, կան այլ երկիրներ, որոնք այդ տօնը կը նշեն այլ օրերու ընթացքին: Ուսուցչաց տօնը Լիբանանի մէջ կը նշուի 9 մարտին, Աֆղանիստանի մէջ` 24 մայիսին, Արժանթինի մէջ` 11 սեպտեմբերին, Աւստրալիոյ մէջ` հոկտեմբերի վերջին ուրբաթ օրը, Պրազիլի մէջ` 15 հոկտեմբերին, Չիլիի մէջ` 16 հոկտեմբերին, Քոլոմպիոյ մէջ` 15 մայիսին, Հունգարիոյ մէջ` 1 յունիսին, Փերուի մէջ` 6 յուլիսին, Թայուանի մէջ` 28 սեպտեմբերին, իսկ Պաղեստինեան հողերուն վրայ` 14 դեկտեմբերին:

Ուսուցչաց տօնը 5 հոկտեմբերէն բացի այլ օրերու ընթացքին նշելու սովորութիւնը կը յարմարի իւրաքանչիւր երկրի աւանդութիւններուն եւ տօնական ցուցակին: Ամէն մէկ երկրի մէջ այս տօնը իւրայատուկ ձեւով կը նշուի: Կարգ մը երկիրներ զայն կը նկատեն պաշտօնական տօն եւ այդ առիթով փակ կը պահեն դպրոցները:

Հայաստանի մէջ ուսուցչաց տօնը կը նշուէր հոկտեմբերի վերջին կիրակի օրուան ընթացքին, սակայն, Ազգային ժողովին կողմէ տրուած որոշումին համաձայն, ուսուցչաց տօնը նշելու օրը փոխուեցաւ 5 հոկտեմբերի, այսինքն` ուսուցչաց տօնը նշելու համաշխարհային աւանդական օրուան:

Արցախի հանրապետութեան մէջ եւս ուսուցչաց օրը կը նշուի 5 հոկտեմբերին:

Նախորդը

Աշակերտները` Ուսուցիչին Մասին

Յաջորդը

Օտար Ուսուցիչին «Երգ»-ն Ու Հայ Դաստիարակին Աւանդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?