Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գաղափարներու Յաղթանակը

Մարտ 7, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը սկսած է: Համամասնական ընտրացուցակներու ու վարկանշային թեկնածուներու ներկայացումներ, բանավէճեր, գովազդային հոլովակներ, համացանցային վիճաբանութիւններ, ու տակաւին` ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ հեռարձակումներ, արդիւնքներու վիճակագրական կանխատեսումներու մեկնարկային ասուլիսներ կը կազմեն նախընտրական Հայաստանի խճանկարը:

Եւ տակաւին նախընտրական ժամանակաշրջանի առաջին փուլին մէջ է մեր երկիրը: Պիտի ուզէինք շեշտել, որ այս բոլորը իրօք ազդեցութիւն ունենան իւրաքանչիւր կուսակցութեան եւ դաշինքի ձեռք բերելիք ընտրական արդիւնքներուն վրայ, որպէսզի բացառուի վարչալծակային եւ փողի միջոցով կանխորոշուած ընտրութիւններու արդիւնքը:

Միայն ընտրատեղամասերուն եւ քուէատուփերուն առջեւ կատարուելիքը չէ, որ հիմնական փոփոխութեան ենթարկուած պէտք է ըլլայ: Կան նախադրեալներ համոզուելու համար, որ ընտրութեան օրը մեր երկիրը կարեւոր յառաջընթաց պիտի արձանագրէ ընտրական մշակոյթի բիւրեղացման գործընթացին մէջ, արդար, թափանցիկ եւ համոզիչ ընտրութիւններ կազմակերպելու առումով:

Բայց ընտրութիւնը միայն քաղաքացիին կողմէ քուէն քուէատուփին մէջ նետելու արարքով չի սահմանափակուիր, որուն համար ալ ելեկտրոնային  սարքեր, նկարահանման գործիքներ եւ համապատասխան արհեստագիտութիւն կը գործեն: Ընտրութիւնը մինչեւ քուէատուփ հասնիլը, նախընտրական քարոզարշաւն է, քաղաքական փլաթֆորմներու ներկայացումը, լրատուամիջոցներու կողմէ բոլորին նկատմամբ համահաւասար առիթի ընծայումը, արհեստավարժ լուսաբանումը, գաղափարական հիմքի վրայ տեղի ունենալիք բանավէճերը: Այլ խօսքով` քաղաքակիրթ մակարդակի վրայ ընտրական մրցակցութիւնը, որուն հիման վրայ կը կայանան ազդեցութեան գործօնները քաղաքացիին կողմէ կատարուելիք գիտակցական ընտրութեան վրայ:

Գաղափարական հիմքի վրայ կայացող բանավէճերու առաջին նմուշները ողջունելի են այս առումով. ինչ որ մինչ այժմ կը բացակայէր համապետական ընտրութիւններուն: Հասկնալի է անշուշտ, որ անոնք բացակայէին ինքնակառավարման մարմիններու յատկացուած ընտրութիւններուն, բայց ոչ` համապետականներուն:

Եւ գաղափարականը, այո՛, միայն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները չեն, այլ նաեւ ներհայաստանեան խնդիրները, արդար հասարակարգ կառուցելու կոչուած բոլոր առաջադրանքներու կենսագործման հրամայականները, ապահովականին առընթեր նաեւ բարոյագաղափարական անվտանգութեան բազմաթիւ խնդիրները:

Մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները, չմոռնանք սակայն, որ արդէն յաղթած է խորհրդարանական հանրապետութիւնը: Նորացուած է սահմանադրութիւնը, վերացուած է միանձնեայ լիազօրութիւններով գործելու համակարգը, իրաւականօրէն ամրագրուած են մեր երկիրը աւելի ժողովրդավարացնելու իրաւադրոյթները, ընդդիմութիւնը ստացած է որոշման գործընթացներուն մասնակցելու իր իրաւական չափաբաժինը, վերջ գտած է «յաղթողին ամէն ինչ, պարտուողին ոչինչ» քարացած կարգը, ու տակաւին` եռուզեռ կ՛ապրի նախընտրական դաշտը, ձեւ ու մարմին կը ստանան ընտրական դաշինքներով ընտրութիւններուն մասնակցելու գաղափարները, կը ծաւալի գաղափարական քաղաքակիրթ բանավէճը:

Այս առաջադրանքները յաղթած են արդէն: Այս առաջադրանքները երկար ատենէ ի վեր եղած են Դաշնակցութեան քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմող սկզբունքային մօտեցումներ, որոնք փուլ առ փուլ առարկայացած են: Այս բոլորը Դաշնակցութիւնը յաջողած է իրականութեան վերածել յաճախ առանց իշխանութեան մասնակցելու, մասնակցած ատեն ալ առանց լիարժէք իշխանութիւնը ստանձնելու:

Հիմա պէտք է մտածել, որ գաղափարական այս յաղթանակները որքա՛ն աւելի ձեւ ու մարմին կը ստանան, եթէ խորհրդարանական հանրապետութեան առաջին խորհրդարանին մէջ Դաշնակցութիւնը յաջողի մուտք գործել մեծ դռնէն իր յաղթանակած գաղափարներու յաղթանակին համարժէք քանակով, համեմատութեամբ, վարկանիշով:

Ահա թէ ինչո՛ւ որակին առընթեր նաեւ քանակը պէտք է ապահովուի, որպէսզի լիարժէք կայանայ Նոր Սկիզբը, Արդար Հայաստանը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը

Յաջորդը

Մարքօ Ռէոս` Մէկ Ամիս Բացակայ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?