Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ՛ (1)
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Ջերմ ու արեւոտ, գարնանային պայծառ օրերը վերջապէս հասան Հայաստան: Այս տարի ձմեռը շատ անգութ էր Երեւանի ու Արարատեան դաշտի բնակիչներուն համար: Ահաւոր ու երկարատեւ ցուրտը, որ աննախընթաց էր Հայաստանի պատմութեան մէջ, մառախուղն ու սառցակալած ճանապարհները ոչ միայն մարդոց տրամադրութիւններուն, այլեւ քսակներուն վրայ ծանր նստան: Գարնան հետ սկսաւ նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը, եւ այժմ ամբողջ երկիրը ողողուած է...




















