Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի Մը Մտածումներ Կիներու Ազատագրութեան Պայքարին Եւ Ընկերվարութեան Փոխկապակցութեան Մասին

Մարտ 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կիներու ազատագրութեան հարցը շատ բարդ նիւթ է: Հարցը քննարկել սկսելու համար նախ պէտք է հարցադրել անհրաժեշտաբար, թէ կինը ինչէ՞ն պէտք է ազատագրուի եւ իրապէս կարիքը կա՞յ այս հարցը քննարկելու ամէն անգամ, որ կը նշենք մարտի 8-ն: Կասկածէ վեր է, որ իւրաքանչիւր մարտի 8-ին պէտք է յիշեցնել, թէ սկզբնապէս այս տօնին անունը եղած է Աշխատաւոր կիներու միջազգային օր, անիկա անքակտելի մէկ մասնիկը եղած է միջազգային ընկերվարական շարժումի ամբողջ աւանդութեան, ընկերվարական շարժումը Կիներու միջազգային օրը էն սկիզբէն դիտարկած է իր իրաւունքներու ձեռքբերման համար աշխատաւոր դասակարգի մղած պայքարներուն պրիսմակէն, որովհետեւ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան եւ դրամատիրութեան զարգացման փուլի թեւակոխման հետ անհրաժեշտութիւնը ծագած էր գործարաններուն մէջ յաւելեալ աշխատուժ ունենալու եւ աւելի արտադրելու խնդիրը, հետեւաբար նաեւ յաւելեալ շահագործում տեղի կ՛ունենար աշխատանքին մէջ` թէ՛ տղամարդոց եւ թէ՛ կիներու: Եւ ահա, տակաւին այդ ժամանակաշրջանին` 19-րդ դարուն, աշխատանքին մէջ շահագործումի հարցը լուծելու համար միջազգային ընկերվարական շարժումը յառաջ քշեց երեք ութերու իր նշանաւոր տեսութիւնը` 8 ժամ աշխատանք, 8 ժամ հանգիստ եւ 8 ժամ կեանքի վայելք:

Ուրեմն, մարտի 8-ն սկզբնապէս արդէն կը նշուէր իբրեւ պայքարի օր: Պայքարի օր` նախ եւ առաջ աշխատանքային շահագործումէն ազատագրուելու, շահագործողի եւ շահագործուողի դրութիւնը ջնջելու: Աշխատանքային շահագործումէն ազատագրուելու հարցին հետեւեցան կիներու ազատագրութեան հարցին հետ կապ ունեցող միւս հարցերը` պատշաճ կրթութիւն ստանալ, ընտրելու իրաւունք ձեռք բերել, տղամարդոց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալ, արդար աշխատավարձ ստանալ եւ այլն:

Եթէ հիմակուան դրութեան պիտի նայինք, անմիջական արագ նկատում մը ընենք, որ դասական ընկերվարական միտքը ճիշդ էր իր դիտարկումին մէջ: Գոյութիւն ունեցող դրամատիրական փոխյարաբերութիւնները յանգեցուցած են այնպիսի վիճակներու, ուր շահագործման երեւոյթները կը շարունակուին ընկերային զանազան խաւերու նկատմամբ, եւ այս ընկերային խաւերուն մէկ մասն են նաեւ կիները, բայց այս պարագային խնդիրը կը վերաբերի ամբողջ սեռի մը: Կիներու ճնշուած եւ իրաւազրկուած ըլլալուն պատճառը, սակայն, միայն աշխատանքային չէ: Այդպիսին չէր նաեւ 19-րդ դարուն: Ճնշուած եւ իրաւազուրկ ըլլալը նաեւ տեղ մը կապ ունի հասարակութեան հայրիշխանական դրուածքին հետ: Հայրիշխանական դրութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք ընկերութեան մէջ տղամարդիկ իրենք իրենց կը վերապահեն գերիշխող դիրք: Դրամատիրութիւնը, առաւել հայրիշխանական կարծրատիպերը պատճառ կը դառնան ներկայիս, որ զանազան երկիրներու մէջ միեւնոյն աշխատանքը կատարող տղամարդն ու կինը հաւասար աշխատավարձ չստանան, կիները չօգտուին պաշտօնի բարձրացումներէն եւ աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ, ըլլայ առեւտուրի կամ արդիւնաբերութեան մակարդակներուն վրայ, որոշողները տղամարդիկը մնան:

Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ աւելի գէշ է կիներու քաղաքական մասնակցութեան պարագան` նոյնինքն հայրիշխանական մտածելակերպին պատճառով: Առնենք օրինակ Լիբանանի պարագան: 128 երեսփոխանի վրայ կայ հազիւ 4 կին երեսփոխան, որոնք, ըստ հասարակութեան կարծիքին, խորհրդարանի անդամ չեն ընտրուած մեկնելով իրենց անձնական արժանիքներէն, այլ մեկնելով այն իրողութենէն, որ անոնցմէ մէկը քաղաքական յայտնի կուսակցութեան մը ղեկավարին կինն է, միւսը նախկին վարչապետի մը քոյրն է, ուրիշ մը` յայտնի երեսփոխանի մը դուստրը եւ այսպէս շարունակ: Անշուշտ ներկայացուցչութեան այսպիսի պատկեր մը իգական սեռին համար ընդունելիէն, գոհացուցիչ ըլլալէ, բաւարար ըլլալէ շատ աւելի ցած է: Գրեթէ նոյն ոչ գոհացուցիչ եւ ոչ բաւարար վիճակը կը տիրէ գործադիր իշխանութեան մէջ կիներու ներկայացուցչութեան առումով, 30 հոգինոց կառավարական կազմի մէջ կայ միայն մէկ կին նախարար, մինչդեռ եթէ պեղելու ըլլանք, լիբանանեան ընկերութեան մէջ պիտի գտնենք իրական սեռին պատկանող բազմաթիւ կարողական դէմքեր, որոնք արժանի են ե՛ւ գործադիրին, ե՛ւ օրէնսդիրին մէջ տեղ ունենալու:

Քաղաքական մակարդակի վրայ օրինակներ տուինք Լիբանանէն: Կայ նաեւ աւելի խորքային երեւոյթ, որ կապ չունի միայն Լիբանանի հետ, այլ ընդհանուր է: Անիկա ո՛չ միայն կեանքին մէջ, այլ նաեւ օրէնքներուն մէջ խտրականութիւնն է կիներուն նկատմամբ: Կայ նաեւ մտածելակերպի հարցը, որ կու գայ նոյնինքն հայրիշխանութենէն, եւ որ իգական սեռը կը նկատէ աւելի ստորադաս սեռ: Գերակայութեան այս բարդոյթը, հայրիշխանական այս կարծրատիպն է, որ թոյլ կու տայ կիներու նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը մասնաւորաբար աւանդապահ ընկերութիւններուն մէջ: Տակաւին կայ աւելին, եւ ասիկա կու գայ դրամատիրութեան` նաեւ բարոյական արժէքներուն նկատմամբ կործանարար ըլլալու բնոյթէն: Խօսքը կը վերաբերի առեւտրական այն ծանուցումներուն, որոնց ընդմէջէն գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ծանուցուած արտադրութեան կողքին սպառողական ապրանքի կը վերածուի նաեւ կնոջ մարմինը…

Ահա՛ թէ ինչ բանէ պէտք է ազատագրուին կիները: Այն բոլոր երեւոյթներէն, որոնց իբրեւ հետեւանք ի յայտ կու գան նմանօրինակ զարտուղութիւններ, խտրական վիճակներ, շահագործումներ: Դրամատիրութիւնը եւ հայրիշխանութիւնը, որոնք շահագործողական դրութեան երկու տարբեր երեսներն են, փոխարինել այնպիսի հասարակարգով, ուր ի միջի այլոց բացառուած ըլլայ նաեւ սեռային գետնի վրայ խտրականութիւնն ու շահագործումը: Հոս ուրեմն կիներու ազատագրութեան դատը եւ ընկերվարութիւնը ուղղակիօրէն կը փոխկապակցին իրարու հետ: Միջազգային ընկերվարական շարժումի գերմանացի դասական մեծ գաղափարախօսներէն Օկիւսթ Պեպել իր «Կինը եւ ընկերվարութիւնը» կոթողային աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ընկերվարութիւնը միակ գաղափարախօսութիւնն է, որ կիներու ամբողջական հաւասարութիւնը, անոնց ազատագրումը ամէն տեսակի կախեալութենէ եւ ճնշումէ, դարձուց իր ծրագիրին անքակտելի մասը, ոչ թէ լոկ քարոզչական դրդապատճառներով, այլ անհրաժեշտութենէ մեկնած: Որովհետեւ մարդկութեան ազատագրում չի կրնար ըլլալ` առանց սեռերու ընկերային անկախութեան եւ հաւասարութեան»:

 

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առթիւ. Հայուհին Եւ «Մարտ 8»-ի Խորհուրդին Փոխանցած Մարտահրաւէրը

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատրոնի Վարչութիւն. Դասախօսական Երեկոյ` «Յետպատերազմեան Լիբանանեան Թատրոնը» Նիւթով

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?