ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«… Ուսուցիչը կենարար աղբիւր է, որովհետեւ ուսուցիչը այն մարդն է, որ կը կերտէ մարդը, որ կը մարդացնէ մարդը, որ երիտասարդին կարելիութիւն կու տայ ազատօրէն, անկաշկանդ տնօրինելու իր բախտը, իր ապագան»:
Արամ Սիմոնեան
(Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ)
«Ազդակ», 24 փետրուար 2016
Օրին մեր ընթերցած լուրը կը վերաբերէր երախտարժան չորս հայ ուսուցիչ-դասախօսներու, որոնց յիշատակին նուիրուած արարողութեան մը ընթացքին բացումը կը կատարուէր անոնց կիսանդրիներուն, որոնք զետեղուած էին Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ճեմասրահը:
Անոնք` ակադեմիկոսներ Արսէն Տէրտէրեան, Հրանդ Թամրազեան, Էդուարդ Ջրբաշեան եւ Գուրգէն Սեւակ, այսուհետեւ իրենց «քարեղէն» ներկայութեամբ ամէն օր պիտի բարեւեն եւ իմաստութեամբ վարակեն նորահաս սերունդը:
Այլ խօսքով` իբրեւ հայ դաստիարակ ուսուցիչներ, շատ-շատերու կողքին պիտի շարունակեն ճառագայթել եւ ոգեղինացած գիտութեամբ սպառազինել իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք երդուած էին ծառայել հայ գիր-գրականութեան եւ ժառանգել իրենց մեծ ուսուցիչներուն հայանուէր առաքելութիւնը:
Դիպուկ, յուզաթաթախ եւ խորապէս ոգեւորիչ էին այս առիթով արտասանուած, բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեանի սա խօսքերը. «Այդ մեծ գիտնականներու շունչը մենք ամէն օր կը զգանք: Ո՛չ միայն շունչը, այլեւ` անոնց խօսքը, գիտելիքը, աւանդներն ու յանձնարարականները: Մենք անոնց գիրքերէն կը սորվինք անընդհատ, անընդհատ, անընդհատ: Անոնք անսպառ են:… Սերունդ մըն էր, որ կը գրէր կարդացուելու համար, կը գրէր առհասարակ գրականագիտութիւնը յառաջ տանելու համար»:
Առաջին հերթին` ինչո՞ւ այս առիթով օտար ուսուցիչի մասին մեր ընդգծումը: Արդեօք ան նուա՞զ յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մըն է, գիտակից չէ՞ իր կոչումին եւ ստանձնած առաքելութեան եւ կամ դաստիարակի հասկացութիւնը համահունչ չէ՞ իր մտածումներուն եւ ըմբռնումներուն եւ այլն:
Ո՛չ, խտրութեան մասին չէ խօսքը, այլ` պատկանելիութեան զգացողութեան, ազգային ինքնութեան եւ մարդկային վեհ արժանիքներու դրօշակակիրը ըլլալու ու զանոնք ջերմութեամբ պարուրելու հրամայականն է, որ ամէն քայլափոխի կը շեշտուի առանձնաբար: Մէկ խօսքով` հայութիւնը առանց տարբերակումներու միշտ ալ խոնարհած է ուսուցիչ կերպարի խորհուրդին եւ մեծութեան դիմաց:
Կրկին 9 մարտ է: Սովոր է ըսել, որ մեզի` հայութեան համար ուսուցչաց տօնը ամէնէն նուիրական տօներէն մէկն է, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կ՛առնչուի մեր ինքնութեան, տեսակին, ազգային ըմբռնումներուն եւ հաւաքական տեսլականին:
Փաստօրէն, ազգային լինելութեան եւ գոյութենական մեր պայքարին հիմքը, եթէ ոչ էութիւնը, հանդիսացած է հայ դաստիարակ-ուսուցիչը, որուն մեծութիւնն ու հզօր ներկայութիւնը ունի հազարամեակներու պատմութիւն:
Աւելորդ է վերյիշեցնել հայ ուսուցիչին դերն ու տեղը հայ կեանքի իմաստաւորման եւ բարեկարգման մէջ: Անգերադասելի է անոր վաստակին ունեցած ուժեղ ու տիրական ազդուութիւնը` յանուն հայ դիմագիծի ստեղծման ու պահպանման:
Գերակշռող է եղած անոր խօսքն ու գործը, լուսաւոր միտքն ու պատգամը: Եւ ամբողջ դարեր հայ դաստիարակ-ուսուցիչը իր ներաշխարհին ամէնէն ազնիւ ու մարդկային արժանիքները ի սպաս դրած է` ազգային ոգեկան ըմբռնումներու ծաղկման եւ գաղափարական աշխարհի ձեւաւորման համար:
Հաւաքական կեանքի տնօրինման մէջ չէ եղած ասպարէզ մը, որ կարենայ հաւասարիլ ուսուցչութեան: Մեր` հայոց պարագային, այս ասպարէզը զգեցած է այնպիսի հնչեղութիւն, իմաստ եւ խորհուրդ, որ, հակառակ դարերու ճնշող եւ մաշեցնող իրականութեան, հայութիւնը իր փրկութեան լաստը տեսած է հայ տիպար ուսուցիչի կերպարին ընդմէջէն:
Յայտնապէս հայ դաստիարակ-ուսուցիչին ցուցաբերած համբերութեան, եզակի նուիրումին եւ խանդաղատանքին արգասիքն է եղած հայ մարդու կերպարին ստեղծումը, զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը: Այլապէս ալ` համաշխարհային ամպիոններու անոր պատուաբեր նուաճումը:
Ի զուր կը փորձուի նսեմացնել հայ ուսուցիչին ունեցած ներդրումը, յատկապէս հայեցի կրթութեան փոխանցման եւ հայագիտական դասընթացքներու մատուցման մէջ: Առանց հայ դաստիարակ-ուսուցիչին, հայ միտքը կը կաղայ, սիրտը կը նուաղի, զգացումը կը խամրի, հայու դիմագիծը կ՛աղաւաղուի, էութիւնը կ՛այլասերի եւ ներաշխարհը կը լիցքաթափուի:
Այդուհանդերձ, ժամանակներու թաւալքին հետ եւ կեանքի դժուարութեան դէմ – յանդիման ուսուցչութեան ասպարէզը իր բովանդակութենէն կորսնցուց բազում տարրեր եւ սկսաւ տուրք տալ նիւթականացած կեանքի պարտադրանքին:
Փաստօրէն, ուսուցիչներու (հայ թէ օտար) կենցաղակերպն ու վաստակը ա՛լ ձեւով մը դադրեցան նշաձող ըլլալէ` յանուն մտքի ու հոգի լուսաւորումին: Ճիշդ է նաեւ այն, որ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումին առընթեր, ուսուցչութեան ասպարէզը դարձաւ մեքենայացած կեանքի մը արտայայտութիւնը, երբ սորվեցնելու եւ կամ գիտութիւն ջամբելու հասկացողութիւնը այլակերպուեցաւ եւ պարպուեցաւ իր հոգեկան աշխարհէն: Ներկայ ժամանակներու ուսուցիչը հեռացաւ երբեմնի իրեն ժառանգուած հոգեկանութենէն, իմացականութեան հրայրքէն, գեղակերտ աշխարհ մը կերտելու ունակութենէն, ջերմեռանդութենէն, մարդկայնութենէն եւ նետուեցաւ, այսպէս ասած, նորովի մօտեցումներու յորձանուտին մէջ: Ան ձեւով մը եւ կամովին փոխեց իր ճանապարհին ուղղութիւնը, հասնելու համար այս օրերուն:
Այսօր, ամէն առիթի լսողաց ենք նոր մարդու ու նոր հայու ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին: Կարծես հինցած ըլլային «հին»-երը, կարծես հնաբոյր դարձած ըլլային հայ մտքի ու լոյսի աւանդապահ անհատականութիւններու խօսքերն ու մտածական տարածքը:
Ո՛չ, արդի հայն ու հայութիւնը չեն կրնար մոռացութեան տալ տիտան «հին»-երու անկրկնելի վաստակը եւ նոյն ատեն չի կրնար կոյր ու համր ձեւանալ արդի ժամանակներու պարտադրած կեանքի նորարարութիւններու դէմ – յանդիման:
Հիմնականը, սակայն, հայ տիպար ու նուիրեալ, գիտութեամբ զինուած եւ ոգեկան արժէքներու հաւատարիմ դաստիարակ-ուսուցիչի տիրութիւն ընելու հարցն է, խորքին մէջ մեր մեծագոյն մտահոգութիւնը, որուն համար յոյժ պէտք է լծուիլ իրական ու գործնապաշտ միջոցառումներու որդեգրումին:
Սփիւռքահայութեան` արեւմտահայերէնի ներկան ու ապագան հարկ է տեսնել երկու սիւներու առաւել ամրակայացումով` հայ վարժարանի եւ հայ դաստիարակի ուժեղ ներկայութեամբ: Մնացեալը բարբաջանքներու հանդէսներ են:
Ակումիտ Մեսրոպ Մաշտոցներու, Արարատապաշտ հայորդիներու, հայերէնասէր ակադեմականներու իրերայաջորդ սերունդներ, հասնելով մինչեւ մեր օրերու ուղղամիտ ու պահանջկոտ բժիշկ քերականագէտներն անգամ, նոյն է եղած արժեչափն ու ոգեկանութեան չափորոշիչը, իմացականութեամբ պաշտպանել մայրենին ու ներքին հզօր լարումով տէր կանգնիլ հայ դաստիարակ-ուսուցիչին:
Ահաւասիկ տարբերութիւնը օտար ուսուցիչի դասաւանդած «երգ»-ին` գիտութեան ու հայ աւանդապահ դաստիարակին ջամբած հայասիրութեան:
Հզօր է հայրենիքը նաեւ իր գրիչներով, մտաւորականութեամբ, արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան սպասարկուներով: Գերազանց մեծ է հայութիւնը իր որակեալ ուսուցիչներով եւ ոգեկան ապրումներու տէր դաստիարակներով:
Գաղութահայ կեանքի այսօրուան պատկերը չի խրախուսեր եւ չի ներշնչեր, հակառակ տարուող ճիգերուն եւ շնորհակալ աշխատանքներուն: Հայ ուսուցիչի կերպարը սնուցելու եւ անոր հմայքը պահպանելու հրամայական պահանջին դիմաց կը գտնուի ամբողջ ազգը` իր պետական, յարանուանական, կուսակցական թէ ընկերային-հասարակական շերտերով:
Երանգաւոր ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնը տակաւ կը խորանայ, խրատներու եւ կարգախօսերու ժամանակը շատոնց վերացած է, անիմաստ հանդէսներ սարքելու եւ ինքնագոհ վիճակներու ներկայութիւնը աւելի քան մտահոգիչ են, եւ անդին հայ իրաւ դաստիարակ-ուսուցիչը առանձին ու միայնակ կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր կոչումին:
Օրացոյցի 9 մարտ էջաթիւը ազգային նուիրական արժէքներու տիրութիւն ընելու օրն է, ուսուցչաց տօն ըլլալէ առաջ: