Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Գիտակցիլ Պահու Լրջութեան

March 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2 Ապրիլ 2017-ին տեղի պիտի ունենան 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են 9 քաղաքական ուժեր` 4-ը դաշինք, իսկ 5-ը` կուսակցութիւն:

«Ելք» դաշինքի ընտրական կարգախօսն է «Ընտրութիւն, փոփոխութիւն, յաղթանակ», «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան»-ինը (ՕՐՕ)` «Ժառանգութիւն, համախմբում, յաղթանակ», «Ծառուկեան»-ինը` «Փոփոխութիւններու եւ կառուցելու ժամանակն է», «ՀԱՔ-ՀԺԿ»-ինը` «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարի դրացիութիւն», Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեանը (ՀՀԿ)` «Անվտանգութիւն, առաջընթաց», ՀՅԴ-ինը` «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան», «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութեանը` «Մենք կարող ենք», «Հայկական վերածնունդ» կուսակցութեանը` «Քուէարկի՛ր յանուն փոփոխութեան, քուէարկի՛ր յանուն վերածննդի», Հայաստանի համայնավար կուսակցութեանը` «Հայրենիք, աշխատանք, ընկերվարութիւն»:

Վերոնշեալ կարգախօսներուն մէջ յաճախ կը կրկնուի փոփոխութեան եւ յաղթանակի կարգախօսը, սակայն ի՞նչ փոփոխութեան մասին է խօսքը եւ ո՞վ պիտի կատարէ այդ փոփոխութիւնը: Անոնք կը խօսին անձերու փոփոխութեան մասին եւ ոչ թէ տիրող կացութեան: ՀՀԿ-ի ընտրական գովազդին մէջ կը նշուի. «Փոխուելու ենք բոլորս, փոխելու ենք երկիրը»: Այո՛, ատիկա ճիշդ է, երբ խօսքը կը վերաբերի քուէարկողին խնամիական կամ այլ նկատառումներու հիման վրայ քուէարկութիւն կատարելու իր սովորութիւնը փոխելուն, սակայն ոչ իբրեւ իր գործելաոճը, վարմունքը կամ էութիւնը փոխելու թեկնածուի կամ քաղաքական ուժի ընտրական խոստում: Ի վերջոյ, ինչպէս անգլերէն ասացուածքը կը նշէ. «Յովազը իր կէտերը չի փոխեր»:

Վերոնշեալ ընտրական կարգախօսներէն ուշադրութեան արժանի են հետեւեալները. «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութեան կարգախօսը ուղղակի թարգմանութիւնն է Պարաք Օպամայի ընտրական «Yes we can» կարգախօսին եւ անկեղծ վկայութիւն մը է նշեալ կուսակցութեան խիստ արեւմտամէտ արեւելումին մասին: «ՀԱՔ-ՀԺԿ» դաշինքի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ ծանօթ յանկերգը կրկնող «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարի դրացիութիւն» կարգախօսը մեր ազգային շահերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու անվտանգութեան առումով խիստ վտանգաւոր ու պարտուողական կարգախօս մըն է, փոխարէնը ՀՀԿ-ինը դիպուկ կերպով կը խօսի անվտանգութեան ու յառաջընթացի մասին, սակայն ոչ արդարութեան, առանց որուն յառաջընթացն ու երկրի խնդիրներուն լուծումը լաւագոյն պարագային կը մնան թերի:

Միակ կուսակցութիւնը, որ կը խօսի 2015-ի սահմանադրական բարեփոխումներուն տառին ու ոգիին հարազատ ու տրամաբանական շարունակութիւնը եղող իսկական արդարութեան մասին, ՀՅԴ-ն է: Քուէարկողները պէտք է գիտակցին, որ նոր սահմանադրութիւնը այն նոր գինին է, որ կարելի չէ դնել հին տիկերու մէջ: Յառաջիկայ խորհրդարանին պատկերը խիստ կենսական նշանակութիւն պիտի ունենայ երկրին մէջ արձանագրուած դրական ընթացքի շարունակման համար: Յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը որքա՛ն մեծ ըլլայ, այնքան շուտ պիտի լուծուին Հայաստանի հանրապետութեան ու անոր քաղաքացիներուն խնդիրները: Այստեղ խօսքը որեւէ լուծումի մասին չէ, այլ` արդար ու մեր ազգային գերագոյն շահերէն բխող լուծումներու մասին:

Այս առումով` սթաթիւս քոյի ուժերուն համար իսկական վտանգը ՀՅԴ-ն է եւ համացանցերու վրայ տարածուած  17 յուլիս 1918 թուակիր, Ազգային արխիւի տնօրէնին ու Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէնին հաստատմամբ, շինծու նամակին տարածումը այդ իրողութեան եւ անոնց ընտրական ծրագիրներու սնամէջութեան մէկ յստակ արտայայտութիւնն է:

Այժմ ճիշդ կողմնորոշուելու պահն է: Քուէարկողները պէտք է իրենց ընտրութիւնը կատարեն պատասխանատու կերպով` քաջ գիտակցելով պահու լրջութեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ակնարկ. Անհրաժեշտ Ներկայացուածութիւն` Նոր Մօտեցումները Իրականացնելու Համար

RelatedPosts

Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից
Անդրադարձ

Վերագաղտնազերծելով Պարտութիւնը՝ Հայաստանի Անկատար Փաստաթղթերու Հրապարակումը

December 13, 2025
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Սուրբ Յակոբի Տօնը
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբի Տօնը

December 13, 2025
Հա՛րկ Է, Որ Եկեղեցին Տագնապի  Տագնապիլը Գործելու Զսպանակն Է
Անդրադարձ

Յետմահու Հրատարակուած Արժէքաւոր Հատոր Մը` Զաւէն Խանճեանի «Մարդը Եւ Աւանդը» Գիրքը

December 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.