Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սպասելով Մընպեժի Եւ Ռաքքայի Հարցերու Լուծման

March 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բանակներու սպայակոյտերուն պետերը Անթալիոյ մէջ գումարեցին երկօրեայ ժողովներ: Սուրիոյ տագնապին հարցով իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այս ժողովը առ երեւոյթ եռակողմանի ձեւաչափով էր: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի մօտ գոյութիւն ունեցող զգայնութիւններուն պատճառով` ժողովէն բացակայող Իրանի եւ Սուրիոյ ոչ պաշտօնական ներկայացուցիչն էր Ռուսիան, իսկ քիւրտերունը` Միացեալ Նահանգները:

Հարցը այն է, որ գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ, վերոնշեալ երեք ճամբարներու ուժերը կը գտնուին իրարու շատ մօտ դիրքերու վրայ, ուստի անբաղձալի զարգացումներու առաջքը առնելու եւ ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելու համար համակարգման մեքանիզմի մը ստեղծումը դարձած է կենսական:

Միւս կողմէ, Անգարա երկար ատենէ ի վեր Մոսկուայէն եւ մանաւանդ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ դադրեցնել Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն ցուցաբերուած աջակցութիւնն ու անոնց հետ համագործակցութիւնը: Թուրքիա Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած էր ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաքը նկատուող Ռաքքայի դէմ շղթայազերծել միացեալ գործողութիւն մը, որմէ հեռու պահուին քրտական ուժերը, որոնք առնչակից են Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան:

Այժմ կը թուի, թէ թերեւս վերոնշեալ եռակողմանի ժողովին ընթացքին Թուրքիա, ստացած է այդ առաջարկին պատասխանը: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները որոշած են Ռաքքայի դէմ գործողութիւնը վստահիլ իրենց կողմէ զէնք-զինամթերք ստացող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն` զգուշացնելով. «Եթէ այդ գործողութիւնը այս ձեւով տեղի ունենայ, ապա հետեւանքներ պիտի ունենայ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ, որովհետեւ ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական խմբաւորում մըն է, եւ մենք ատիկա բոլոր հարթակներուն վրայ կ՛ըսենք»:

Թուրքերը նաեւ կը պահանջեն, որ քիւրտերը հեռանան Մընպեժէն: Եըլտըրըմ վերջերս այդ ուղղութեամբ յայտարարեց. «Սուրիական բանակին Մընպեժի վրայ վերահսկողութիւն հաստատելուն դէմ չենք: Սուրիական հողերը պէտք է սուրիացիներուն պատկանին եւ ըլլան անոնց վերահսկողութեան տակ»: Ան այդ ձեւով ո՛չ միայն տողատակի այն անհեթեթ պատգամը կը յղէր, թէ քիւրտերը սուրիացի չեն, այլ կը փորձէր Մընպեժը «զիջելով» Սուրիոյ հովանաւորին` Ռուսիոյ աջակցութիւնը ապահովել Ռաքքայի դէմ գործողութեան քիւրտերու մասնակցութեան բացառման հարցով: Ատիկա արդէն կը թուի, թէ ձախողած է կամ ապարդիւն մնացած:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջերս յայտարարեց, որ իր վարչակազմը մտադիր է Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներ ստեղծել, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հաւաստեց, որ Մոսկուա Դամասկոսի հետ կը քննարկէ Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու ստեղծման հարցը: Մինչեւ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այդ լուրերը կը հաւաստեն, թէ քննարկումները Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու ստեղծման շուրջ են, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումը, սակայն, մտածել կու տայ, թէ այդ քննարկումները յայտարարուածին նման ապահով գօտիներու ստեղծման շուրջ չեն, այլ` դաշնակցային դրութեան որդեգրման նախաքայլը եղող ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման, որոնց սահմանագծումին մասին պատկերացում մը ունենալու համար պէտք է սպասել Մընպեժի եւ Ռաքքայի հարցերու լուծման:

 

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհաւորած Է Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ծննդեան 70-Ամեակը

Յաջորդը

Իրաքի Վարչապետ. «Պիտի Չտատամսինք Դրացի Պետութիւններուն Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը Հարուածելու»

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.