Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիպար Քրիստոնեան Եւ Նուիրեալ Սարկաւագը. Զաւէն Սրկ. Թորոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Մարտ 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի,
եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»
Մատթէոս 23:12

Քրիստոնէական վարդապետութիւնը հիմնուած է կեանքով ապրուած իրականութեան վրայ: Այս առումով ծառայութիւնը քրիստոնէական կեանքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, որուն կենդանի օրինակը տուաւ Աստուածորդին` Յիսուս, երբ իր խօսքերը գործի վերածեց: Քրիստոսի կեանքի փուլերուն մասին կարդալով` կը տեսնենք խոնարհութեան ոգին, որ տիրական է ծառայութեան ընթացքին: Ան չուզեց թագաւորական պատիւները, այլ նախընտրեց պարզութիւնը, համեստութիւնը, խոնարհութիւնը: Քրիստոսի պատգամը մարդկութեան` կը յատկանշուի խոնարհ ծառայութեամբ: Որքան հնչեղ էր 2016-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Ծառայութեան տարի» հռչակումը, որուն արձագանգները լսուեցան գաղութներու մէջ եւ լուսարձակի տակ առնուեցան մեր եկեղեցական բնագաւառին մէջ անսակարկ ծառայողներու կեանքը:

Այս մտածումները ունեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին եւ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները կորսնցուցին  տիպար քրիստոնեայ, բազմավաստակ տեսուչ, սերունդներու դաստիարակ, գուրգուրոտ հայր եւ նուիրեալ սարկաւագ Զաւէն Թորոսեանը:

Ան ծնած էր 1929-ին, Պէյրութ եւ մեծցած` հայաբոյր ու աստուածավախ ընտանիքի մը յարկին տակ: Նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին մէջ (ծանօթ` Սեն Կրեկուար անունով): Իր ուսումը ամբողջացնելէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ` հմտանալով պայուսակագործութեան մէջ: Ան ընտանիք կազմեց Արփինէ Իգնատոսեանին հետ եւ բախտաւորուեցաւ երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով:

Մանուկ տարիքէն իր մէջ ունեցած Աստուծոյ հանդէպ ծառայական սէրը առաջնորդած են իր քայլերը Հայ առաքելական եկեղեցի: Ան հաւատարմօրէն աւելի քան յիսուն տարի սպասարկած է Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Նշան եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ` որպէս դպիր, կիսասարկաւագ: Ան սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ` Խորէն արք. Բարոյեանի:  Զաւէն սարկաւագ ամէն կիրակի առաւօտ կանուխ ներկայ կ՛ըլլար եկեղեցի`  հոգեզմայլ շարականները երգելու եւ Ս. պատարագի զոհին մասնակցելու համար, որոնք հոգեկան խաղաղութիւն կը պարգեւէին իրեն:

Զաւէն սարկաւագին ծառայական կեանքը  չի սահմանափակուեցաւ միայն եկեղեցւոյ մէջ: Ան երկար տարիներ որպէս ուսուցիչ, ապա իբրեւ տեսուչ պաշտօնավարած է Արամեան կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ` Քրիստոսի խօսքին սերմերը ցանելով մատղաշ հոգիներուն մէջ:

Զաւէն  սրկ. Թորոսեան գործօն անդամ էր եւ քարոզիչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան աղօթարանին մէջ: Ան ամէն օր կը կարդար Աստուածաշունչը, սուրբերու վարքը եւ «Նարեկ» աղօթամատեանը, եւ ասոնք առօրեայ ներշնչման աղբիւր էին իր ծառայական կեանքին: Զաւէն սարկաւագ ծառայական հարուստ կեանքով տիպար օրինակ հանդիսացաւ բոլորին եւ սիրուեցաւ, յարգուեցաւ թէ՛ փոքրին եւ թէ՛ մեծին կողմէ:

2014 թուականին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին պարգեւատրեց զինք իր երկարամեայ ծառայութեան համար, իսկ 23 դեկտեմբեր 2016-ին «Ծառայութեան» տարուան առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան յատուկ գնահատագիրով պարգեւատրեց զինք:

Զաւէն սարկաւագի կեանքի բնորոշ յատկանիշներն էին` համակ սէր, հեզահամբոյր հոգի, նուիրեալ ծառայութիւն եւ քրիստոնէական վարդապետութեան համաձայն ապրիլ: Իր ծառայական կեանքը կ՛արտացոլար Աւետարանին ճշմարտութիւններով:

Զաւէն սարկաւագին կեանքի կենդանի օրինակը կը մնայ մեզի որպէս խօսուն վկայութիւն քրիստոնէական տիպար կեանքի ու հաւատքի` այս թոհուբոհին մէջ շարունակելու մեր կեանքը եւ զարդարելու ու արժեւորելու զայն ծառայութեամբ:

Սիրելի՛ Զաւէն եղբայր, մահուանդ քառասունքին առիթով այս վկայութիւնը անուշ խունկ ու մշտական աղօթք դառնան թարմ հողակոյտիդ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

Նախորդը

Նուիրաբեր Ու Համեստ Սպային Գնդ. Յովհաննէս Գալուստեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Դամբանական Յովսէփ Էսկիճեանի Յիշատակին (Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2017)

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?