Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Յունաստանի Հետ Համագործակցութեան Աշխուժութեամբ» Կարէն Կարապետեան Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 9 մարտին ընդունած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասին գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Կ. Կարապետեան. «Այս տարի կ'ամբողջանայ հայ-յունական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 25-ամեակը: Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին, բայց մենք հետամուտ ենք աւելի աշխուժացնելու եւ նոր...



















