Քառասուն օրեր առաջ գնդ. Յովհաննէս Գալուստեանի գուժը սուգի եւ կորուստի մատնեց իր հարազատներն ու բարեկամները:
Այսօր կը զգանք անոր մահուան կսկիծին ահաւորութիւնը:
Արթին եւ Մայրամ Գալուստեանի զաւակը Յովհաննէս ծնած էր 1924-ին, Իսկենտերուն:
Փոքր հասակին կը յաճախէ Իսկենտերունի Մոնասթէրի վարժարանը եւ կ՛աւարտէ նախակրթարանի վկայականը ստանալով, ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը աւարտելէ ետք, ծնողքին հոգը շալկելու բարի նպատակով, 15 տարեկանին կը սկսի դասաւանդել իբրեւ ուսուցիչ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որուն հիմնադրութեան առաջին տարին էր` 1939:
1942-ին, Սէն Միշէլի զօրանոցին մէջ կը սկսի աշխատիլ իբրեւ հաշուապահ զինուոր:
1949-ին կը կանչուի դարձեալ հաշուապահութեան, այս անգամ նախագահական պալատ: Նախագահ Պըշարա Խուրիի օրով, Նասրայի գիշերային դասընթացքներուն հետեւելով, զինուորական պաքալորէայի վկայականին կը տիրանայ եւ ապա Զինուորական ոստիկանութեան մէջ կը գործէ իբրեւ հաշուապահներու պետ-հաշուեքննիչ:
1951-ին կ՛ամուսնանայ Աղաւնի Մելքոնեանին հետ, անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով` Էլիզապէթ, Րաֆֆի, Զեփիւռ եւ Թիլտա, որոնցմէ Րաֆֆին բժիշկ է, իսկ քոյրերը համալսարաններու տիտղոսակիրներ բարձր պաշտօններու կը տիրանան:
Ան զինուորագրուած էր իբրեւ պարզ զինուոր, սակայն 1975-ին կը դառնայ գնդապետի տեղակալ:
1 յուլիս 1980-ին, հանգստեան կը կոչուի 38 տարիներու զինուորական ծառայութենէ ետք:
1 դեկտեմբեր 1992-ին, սիրայօժար կը ստանձնէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի թեմին հաշուապահութիւնը մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2005, որ կը գումարէ 15 տարուան ծառայութիւն:
Գնդապետը աշխատեցաւ ո՛չ միայն ընտանիքին բեռը տանիլ լիուլի, այլ նաեւ ամբողջ էութեամբ հետեւեցաւ իր զաւակներուն դաստիարակութեան:
Իրեն համար ընտանեկան սրբութիւնը առաջնահերթութիւն ու գերազանց էր ամէն ինչէ:
Պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով, սակայն 1977-ին իր առողջութեան վատ վիճակին բերումով իր բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը` Մայրիի Պատուոյ Լեգէոնի կարգով, լիբանանցի երեք զօրավարներու ներկայութեամբ:
Թրծուած էյպէզցին ան է, որ կը ցուցաբերէ հոգեկան գոհունակ խանդավառութիւն ու սրտակցութիւն, աւելի մօտ ըլլալու իր շրջապատին, զայն մղելու ջերմագթութեան, կատարելու բարի գործ եւ ունենալու անաչառ մօտեցում:
Գնդապետին կտակած մտային ու բարոյական դրամագլուխը պիտի չմոռնանք լաւ նպատակներու ծառայեցնել, հոն կայ դաստիարակութիւնը, համերաշխութիւնը, փոխյարաբերութիւնը իր շրջապատին հետ, մենք պիտի չմոռնանք նաեւ անոր ջամբած փոխադարձ յարգանքի օրինակը փոխանցել մեր յաջորդներուն:
Մենք կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան եւ այսօր մենք ալ մեր կարգինայդ աւանդը պահելով, կու գանք ոգեկոչելու ննջեցեալ, մեր համաքաղաքացի եղբօր, գնդապետ Յովհաննէս Գալուստեանի յիշատակը:
Երբ ալ յիշենք զինքը, անոր խնկելի յիշատակը մեր հոգիները պիտի լեցնէ ակնածանքով ու պարծանքով:
Այսօր անգամ մը եւս, սիրելի՛ Յովհաննէս, կը վերահաստատենք մարդկային արժանիքներուդ գնահատանքը, թէեւ մեզմէ հեռու, այսուհանդերձ անքակտելիօրէն կառչած մնացիր քու հաւատքիդ, համոզումներուդ, գիտակից եւ էյպէզցիասէր ծառայութեանց ոգիին, եւ աշխարհի բոլոր էյպէզցիներուն ու անոնց հարազատներուն յիշողութեանց մէջ քու բարի դիմագիծիդ ժպիտը միշտ պիտի յիշուի:
Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ կը պատուենք զինք, պատուած կ՛ըլլանք անոր` ազգային եւ լիբանանեան ծառայութիւնները: Կը պատուենք մարդ մը, որ գիտցաւ ոտքի կանգնիլ գաղթականութեան հարուածէն ետք, վրէժ լուծեց ապրելով, ծառայեց իր ազգին, օտարներուն առջեւ բարձրացուց հայուն անունը եւ ապագայ սերունդներուն կտակեց իր կեանքի հարուստ վաստակը: Հակառակ իր վտանգուած առողջութեան, իր երազն ու ձգտումն էր հաւաքական աշխատանքներուն թեւ ու թիկունք կանգնիլ:
Մեկնումէն քառասուն օրեր ետք, երբ հանդարտ կերպով կը նայինք անցեալին, դառնօրէն կը զգանք գնդապետին բացակայութիւնը: Ճիշդ է բնութեան օրէնքը. արժէքները իրենց բացակայութեան կը զգացուին: Անոր ներկայութեան, թերեւս մտածողներ եղան, որ անոր կատարածը մեծ բան չէր: Բայց ոչ ոք կրնար մտածել, որ անոր ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն չէր:
Վերջին հրաժեշտի ժամանակ վարձքդ կատար ըսած էինք անոր, որուն երկար կեանքը եղաւ անսակարկ ծառայութիւն, զոհաբերութիւն եւ անձնուիրում համայնքին, միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ակնկալէին իր սիրայօժար ծառայութիւնները:
Էյպէզի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը եւ աշխարհասփիւռ էյպէզցիները խոր կսկիծով կը սգան անոր մեծ կորուստը:
Կը հայցենք Ամենակարող Բարձրեալէն, որ անդենականին մէջ անոր պարգեւէ անմար լոյսի ու հոգիի խաղաղութիւնը, նաեւ զայն արժանի ընէ Իր շնորհած յաւիտենական երջանկութիւնը վայելելու:
Երթդ բարի, սիրելի՛ համաքաղաքացի Յովհաննէս, Էյպէզի հայրենակցական միութիւնը եւ բոլոր էյպէզցիները միշտ պիտի յիշեն քեզ:
Այս տխուր առիթով Էյպէզի հայրենակցական միութեան վարչութեան անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր այրիին, զաւակներուն ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ գնդ. Յովհաննէս Գալուստեան:
ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ