Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշտ Նորը… Կեցցէ՛ Նորոգուողը

Մարտ 10, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ճարտարագիտական արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ այլեւս ամէն օր նորութիւններ, նոր գիւտեր կան, որոնք կու գան շատ յաճախ բարելաւելու, դիւրացնելու մարդկութեան կենցաղը, աշխատանքը, նոյնիսկ` մտածելու եղանակը: Ճարտարագիտական նորութիւններու հետ քայլ պահելը գլխապտոյտ պատճառող հեւք մըն է, որ կրնայ նաեւ անհատին եւ հաւաքականութեան նկարագիրը խաթարել: Նկատի պէտք է ունենալ, որ նոր սարքը այլեւս շատ շուտ ժամանակավրէպ կը դառնայ, երբեմն ալ` անգործածելի, իսկ ատոր կառչողը` ծիծաղելի: Եթէ մանաւանդ դրամական պատճառներով չենք կրնար նոր սարքը ունենալ, չենք վնասեր, եթէ ատոր մասին գաղափար մը ունենանք:

Ն.

Հայաստան

«Եուքում» Կ՛առաջարկէ
«Նեֆֆոս» Սմարթֆոնը

Գարնանային տօներուն ընդառաջ` «Եուքոմ» ընկերութիւնը ներկայացուցած է  նոր առաջարկ եւ բոլոր բաժանորդներուն կարելիութիւն կու տայ ձեռք բերել «Նեֆֆոս» նորաձեւ սմարթֆոն: Անտրոյտ համակարգով, 4,5-ինչնոց պաստառով, երկու ՍԻՄ քարտի եւ 4Ճի. հնարաւորութեամբ այդ սմարթֆոնը կարելի է գնել ընկերութեան վաճառասրահներուն մէջ միայն  34.900 դրամով (շուրջ 72 տոլար), առանց պարտաւորութեան:

Աւելի՛ն. հեռաձայնը գնող բաժանորդները կրնան 3 ամիս շարունակ անվճար ստանալ ԵՈՒ!1500  սակի ծրագիրի ներառումները եւ իւրաքանչիւր ամիս 100 վայրկեան հեռաձայնել դէպի տեղական բոլոր ցանցեր եւ Արցախ, օգտուիլ 1 ճեկապայթ շարժական համացանցէն եւ ուղարկել 150 կարճ հաղորդագրութիւն: Ներառուած վայրկեանները  սպառելէ ետք, վաւերականութեան 30 օրուան ընթացքին բաժանորդները կրնան հեռաձայնել «Եուքոմ» շարժական ցանցի մէջ` վայրկեանը 0 դրամ սակով:

 

Բրիտանական Այ.Թի. Շուկայ
Հայկական Ընկերութիւններու
Համարկում

Լոնտոնի մէջ երէկ սկսաւ, եւ այսօր կը շարունակուի «Հայ-բրիտանական «Այ.Թի.» նախաձեռնութիւն» ծրագրի ծիրին մէջ հայկական 17 «Այ.Թի.» ընկերութիւններու եւ   բրիտանացի գործարարներու հանդիպումը, որուն  նպատակն է հետագայ համագործակցութեան համար համաձայնագրեր կնքելը:

«Պի.Էս.Սի.» առեւտրական աջակցութեան կեդրոնի տնօրէն Սամուէլ Գէորգեան Բրիտանիոյ առեւտրական ենթակառոյցներու հետ հայկական 17 «Այ.Թի.» ընկերութիւններու համագործակցութիւնը մեկնաբանելով` ըսաւ, որ նախադրեալները լաւ են:

Այն հարցումին, թէ արդեօք մենք կրնա՞նք առաջարկել որեւէ բան, որ չկայ բրիտանական շուկային մէջ, Սամուէլ Գէորգեան պատասխանեց. «Արտասահման տարուած բոլոր արտադրութիւններուն  կարելի է նայիլ երկու տեսանկիւնէ` ատոնք կան եւ չկան: Անշուշտ, նման լուծումներ գոյութիւն ունին, սակայն մեր ընկերութիւններու գլխաւոր գործօնը այն է, որ ատոնք հիմնական ճարտարագիտութիւններու նորարարական մօտեցումներ են»:

 

Մոպայլ Համաշխարհային Քոնկրեսի
Լաւագոյն Նորութիւնները

Մոպայլ համաշխարհային քոնկրես բջիջային արտադրութեան ասպարէզին մէջ  աշխարհի մեծագոյն ցուցահանդէսն ու քոնկրեսն է, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներու բջիջային հաղորդակցութեան կառոյցներու  ղեկավարներ, վաճառողներ եւ ընկերութիւններու  սեփականատէրեր:

Այս տարի հաւաքին առանցքային գիծը դարձած է նորագոյն ճարտարագիտութիւններու եւ «հին դպրոցի» վերածնած սարքերու  զարմանալի համադրութիւնը: Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին  ներկայացուած հետաքրքրական  նորութիւններուն կ՛արժէ ծանօթանալ, նոյնիսկ… եթէ յարգելի պատճառներով կարելի չէ ունենալ…

«ՊլեքՊերիՔի 1»

Ասպարէզ վերադարձած է «ՊլեքՊերիՔի 1»-ը, որ անցեալ տարի, պաշտօնապէս լքած էր հեռաձայն արտադրողներու շարքերը: Ատոր արտադրութեամբ պաշտօնապէս կը զբաղի չինական «Թի.Սի.Էլ» ընկերութիւնը: Սարքը պահպանած է հանրածանօթ առեւտրական-հեռաձայնի բոլոր նշանները: Ատիկա ունի 4,5 ինչնոց պաստառ, նոյնպէս` սենսըրային պաստառ եւ ֆիզիքական ստեղնաշար: Բացի ատկէ, անիկա կ՛աշխատի 7,1-ով եւ կը ներառէ ՊլեքՊերի Հապ, որ ընդհանուր տարածքի մը մէջ կը միացնէ բոլոր հաղորդագիրները, ելեկտրոնային նամակները եւ հաղորդագրութիւնները ընկերային ցանցերու որեւէ հաշիւներէ:

«ԷլՃի Ճի6»

Ճի6-ի ամէնէն ուշագրաւ յատկանիշը պաստառի 18/9 յարաբերակցութիւնն է: Երկայնքը լայնքին կրկինն է, որ, ըստ արտադրողներուն, շատ յարմար է միաժամանակ քանի մը առաջադրանքներ կատարելու ատեն պաստառը բաժնելու համար: Պաստառը գրաւած է սարքին գրեթէ ամբողջ մակերեսը:

«Սոնի Զփերիա Թաչ փրոճեքթըր»

Նորութիւն  «Սոնի»-էն` հազուագիւտ սարք, որ որեւէ  մակերեսէ կը ստեղծէ 23 ինչնոց պաստառ` սենսըրային սփռումով: Յաւելուածը կ՛օգտագործէ խորութեան սենսըրները եւ կը հետեւի շարժումներուն, որպէսզի տեղադրէ  մակերեսին առարկաներու դիրքը: Սարքը կ՛աշխատի Անտրոյտով եւ կ՛արժէ 1499 եւրօ:

«Սոնի Զփերիա Իր»

Ասիկա սմարթֆոնի համար շատ խտացուած, փոքր  անլար ականջակալ է` անձնական օգնականի ունակութիւններով: Սարքը կրնայ ճանչնալ ձայնային հրահանգները եւ օգտագործողին գլխու շարժումները, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կրնայ տրամադրել եւ յիշեցնել: Օգտագործողը կրնայ ականջակալէն «խնդրել» պատմել նորութիւններու եւ եղանակի մասին: Այս տարի սարքին ձեւը դարձած է աւելի «բաց»` «կը նստի» ականջին վրայ եւ թոյլ կու տայ լսել արտաքին աշխարհը:

«Սոնի Զփերիա  Էքս.Զեթ.»

Նոր ֆլակմանային սմարթֆոնը` քորէական ընկերութենէն, առաջին սարքն է` «4Քէյ.Էյչ.Տի.Ար.» պաստառով, որ կը նշանակէ` աւելի յագեցած գոյներ եւ աւելի յստակ պատկեր: Սարքը նոյնպէս կրնայ տեսագրել շատ դանդաղ շարժումով` երկվայրկեանը 960 նկար:

«Մոթօ Ճի5»

«Լենովօ»-ի «Մոթօ Ճի» շարքը ամէնէն շատ վաճառուածը եղած է շուկայի նուազագոյն գիներու դասակարգին վրայ: Վերջին տարբերակը ունի մետաղական կառոյց, որ  հազուադէպ երեւոյթ է այդ սակով, նոյնպէս 13 մեկափիքսելնոց տեսախցիկ` 169 փաունտով: 5 ինչնոց «Էյչ.Տի.» պաստառ, 2 Ճեկապայթ ՌԱՄ, 16 ճեկապայթի յիշողութիւն` միքրօԷս.Տի.SD քարտի համար տեղով եւ 2800 «Էմ.Էյ.Էյչ.» բարդ (պաթըրի):

«Կուկըլ Ասիսթընտ»

Ամէնէն վառ նորութիւններէն դարձած է «Կուկըլ Ասիսթընտ»-ը, որ անցեալ տարի ներկցուած էր «Փիքսել»-ի: Հիմա ընկերութիւնը յայտարարած է, որ վիրչուըլ օգնականը նոյնպէս պիտի համարկուի միւս սարքերուն: Ատիկա կրնայ երկխօսութիւն վարել օգտագործողին հետ եւ հաւաքել օգտագործման վիճակագրութիւն` ատոր հիման վրայ դուրս բերելով աւելի յարմար արդիւնքներ: «Կուկըլ Ասիսթընտ»-ը օգտագործողին  հետ կը գործակցի, «Կուկըլ Նաու»-ի ձեւով, բայց կը ներառէ «մեսենճըրի ինտերֆեյս», կրնայ մշակել մեծաքանակ հրամաններ եւ պատասխանել աւելի բարդ հարցումներու:

«Հուաուէյ Փիօ»

Սմարթֆոններու աշխարհի երրորդ մեծագոյն արտադրողը թարմացուցած է իր ֆլակմաններու հաւաքածոն: Ամէնէն գրաւիչ մասը տեսախցիկն է, մշակողները ոչ միայն պահպանած են անցեալ տարուան  կրկնակի լինզայի ձեւը, այլեւ կատարելագործած են տեսախցիկը: Գոյնի ընտրութիւնը բաւական տարօրինակ` կապոյտ եւ կանաչ:

«Սամսունկ Թեպ Էս.3 եւ Կալաքսի Պուք»

Քորէական ընկերութիւնը յուսախաբ ըրած է իր համակիրները` ցուցահանդէսի չներկայացնելով նոր «Կալաքսի Էս.8» սմարթֆոնը, բայց ատոր փոխարէն` ցուցադրած  է երկու նոր սարք: 9,7 ինչնոց «Թեպ Էս.3»-ը կ՛աշխատի Անտրոյտով, իսկ 10,6 կամ 12 ինչնոց «Կալաքսի պուք»-ը կը գործէ Ուինտովզով: Երկուքն ալ համատեղելի են «Սամսունկ Էս-Փեն»-ի եւ կրնան կցուիլ ստեղնաշարին:

«Նոքիա 3310»

Առասպելական հեռաձայնը կը վերադառնայ կատարելագործուած տարբերակով: Մշակումով կը զբաղի չինական «Էյչ.Էմ.Տի.» ընկերութիւնը, որ գնած է «Նոքիա» մակնիշի իրաւունքները: Ընկերութիւնը նոր  շունչ հաղորդած է 17-ամեայ հեռաձայնին:

 

Կուկլ Ասիստընթ Ապագային
«Այ.Օ.Էս.»-ի Մէջ

Մինչեւ վերջերս «Կուկլ ասիսթտընթ»-ի ձայնային ծառայութիւններէն կրնար օգտուիլ մարդոց որոշ շրջանակ մը, սակայն վերջերս իրավիճակը փոխուած է: Յաւելուածը մատչելի է նոյնպէս Անտրոյտ եւ Նուկաթ սարքերը օգտագործողներուն, իսկ շուտով ատիկա օգտագործելու կարելիութիւն կ՛ունենան «այ.Օ.Էս»-ը օգտագործողները:

«Կուկլ» ընկերութիւնը կ՛ուզէ, որ «Կուկլ ասիսթտընթ» ձայնային ծառայութենէն կարելի եղածին չափ մեծ թիւով մարդիկ կարենան օգտուիլ` անկախ սմարթֆոնի համակարգէն:

Սմարթֆոներ օգտագործողներու մեծ մասը «Կուկլ ասիսթտընթ» ձայնային յաւելուածը լաւագոյնը կը նկատէ  իր տեսակին մէջ:

 

24 Քարաթնոց Ոսկիով
Զարդարուած Ինքնաշարժը

Շքեղ դասակարգի բացառիկ ինքնաշարժներու արտադրութեամբ զբաղող «Քոյենկզեկ» ընկերութիւնը ցուցադրեց բացառիկ մոտել մը` Ժընեւի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող ինքնաշարժներու միջազգային ցուցադրութեան ծիրին մէջ:

Շուէտական ընկերութիւնը ներկայացուց «Ակերա Ար.Էս.» ինքնաշարժի յատուկ տարբերակը, որուն անունին աւելցուցած է «Կրիֆոն» բառը: Նորոյթը ունի 1.360 ձիաուժ հզօրութեամբ շարժիչ, նոյնպէս դուրսէն եւ ներսէն մասամբ պատուած է 24 քարաթնոց ոսկիի շերտով:

Յայտնի է, որ այս մոտելը ստեղծուած է ինքնաշարժներու  աշխարհահռչակ հաւաքածոյ ունեցող Մենի Հոշպինի պատուէրով:

 

Ռազպըրիի Հիմամբ
Ժամացոյց

«Լորտ օֆ Պէյն» ծածկանունով անձ մը «Մայքրոսոֆթ»-ի առասպելական «Ուինտուզ 98»-ի հիման վրայ խելացի ժամացոյց (սմարթ ուոչ) ստեղծած է:

Խորհրդաւոր մշակողը իր գիւտը ներկայացուցած է որպէս պատասխան «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան, որ յայտարարած է կրելու համար նախատեսուած նոր սարքեր մօտիկ ապագային հրապարակելէ հրաժարելու մասին:

«Լորտ օֆ Պէյն» ծածկանունով անձը սարքը ստեղծած է «Ռազպըրի մայքրոփրոսեսըր»-ի օգնութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են այս գիւտով, «Լորտ օֆ Պէյն»-ի կայքին մէջ կրնան գտնել տեսանիւթ, ուր քայլ առ քայլ կը ներկայացնէ արտասովոր խելացի ժամացոյցի ստեղծումը:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Սվոփի», «Սինուան», «Մոթոր.ռու»,
«Թերթ.Էյ.Էմ.», «Նիւզ.Էյ.Էմ.»

Նախորդը

Անդրադարձ Յայտնիներու Դիւանագիտութեան Եւ Սփիւռքի Քաղաքացիական Հասարակութեան

Յաջորդը

Ակնարկ. «Ռուսական Միջամտութիւն». Ծիծաղի՞լ, Թէ՞ Ողբալ

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?