Խաղաղ Օրերու Խաբեբան Եւ Պատերազմ Դիմակայող Պարկեշտը
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արդի ժամանակներուն փտածութիւնը համատարած երեւոյթ դարձած է: Դժբախտաբար կրթական ասպարէզն ալ զերծ չէ մնացած այդ կործանարար ախտէն: Այն աստիճան, որ ատոր դէմ պայքարը երբեմն երկսայրի սուրի կը վերածուի: Ատոր կողքին, բարեբախտաբար կան ոգեշնչող երեւոյթներ, որոնք իսկապէս դաստիարակիչ եւ օրինակելի են հակամարտութիւններով հարուստ մեր դարուն: Կեանքը միշտ ալ արդար չի գտնուիր ուսումնատենչներուն հանդէպ, սակայն անոնք կը դիմագրաւեն բոլոր...



















