Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստինէ Սահակեան Լիբանանի Մէջ

Մարտ 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գաղութիս մէջ մշակութային  այլազան ձեռնարկներու կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ,  մեցցօ-սոփրանօ Քրիստինէ Սահակեանի մենահամերգը  նախ եւ առաջ կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ Հայաստան-սփիւռք սահուն գործակցութիւնը   կը շարունակուի նաեւ մշակոյթով:

Բոլորիս ծանօթ սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան ծանր պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահելն ու տարածելը օրէ օր աւելի դժուար լուծ մը կը դառնան, արթուն պահակի դերով կը փորձենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պահպանել եւ տարածել որակաւորը: Մեր հիմնական խնդիրը ա՛յս է: Համատեղել օգտակարն ու որակաւորը:

Այսպէս, մեր տեղական ուժերով կազմակերպուած ձեռնարկներուն կողքին, այս տարեշրջանին մենք ունեցանք նաեւ տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, որոնցմէ ոմանք մշակոյթի կողքին կը միտէին որոշ հասոյթ ապահովել միութեանս, որպէսզի կարենանք առանց նիւթական մտահոգութիւններու ձեռնարկել այսպիսի որակաւոր եւ գեղեցիկ համերգներու, որոնք, ինչպէս վերը նշեցինք, մեր բուն իսկ առաքելութեան առանցքը կը կազմեն:

Ուրախութիւնն  ունինք ողջունելու Քրիստինէ Սահակեանը, որուն այս համերգը պիտի ըլլայ բաց հրաւէր` մշակութասէր հասարակութեան, եւ մանաւանդ երիտասարդութեան, որպէսզի գան եւ հաղորդուին իսկական արուեստով, հայ թէ օտար երգի գոհարներով:

Յայտագիրի առաջին բաժինը կ՛ընդգրկէ հանրայայտ օփերաներու դերերգներ (արիա) եւ անոնց կողքին` հայկական օփերաներու դերերգներ, իսկ երկրորդ բաժինը` առաւելաբար հայկական ռոմանսներ:

Վարձքը կատար ձեռնարկին յաջողութեան սատարած անձնաւորութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, առանց որոնց համատեղ ճիգերով եւ բարոյական թէ նիւթական նեցուկով, անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել նման նախաձեռնութիւն:

Ուստի, սիրով կը հրաւիրենք բոլորդ, ուրբաթ, 24 մարտին, վայելքի բարձր պահեր ապրելու:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«Երաժշտական Աշխարհը Կը Պահանջէ Մեծ Նուիրուածութիւն Եւ Անկեղծութիւն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քրիստինէ Սահակեան

Յաջորդը

Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի Բացառիկ Նախաձեռնութիւնը. «Տարուան Լաւագոյն Ժապաւէն» Մրցանակին Արժանացած «Կեանք Ու Կռիւ 1» Եւ «Կեանք Ու Կռիւ 2» Ժապաւէններու Ցուցադրութեան Սկիզբ

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?