Յօդուածներ

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայաստանի Սփիւռքի, Մշակոյթի Եւ Առողջապահութեան Նախարարները Ստորագրեցին Միացեալ Համաձայնագիրներ 23 մարտ 23-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստանի մշակոյթի, սփիւռքի եւ առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին  միացեալ համաձայնագիրներ: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան ստորագրեցին միացեալ համաձայնագիր մը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, առողջապահութեան մարզին մէջ սփիւռքի հետ միակողմանի կապերու զարգացման, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միջոցառումները...

Ստացուած Գիրքեր.  «Պատմա-Բանասիրական Քննարկումներ Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ճանապարհին» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

Ստացուած Գիրքեր. «Պատմա-Բանասիրական Քննարկումներ Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Ճանապարհին» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի Քեստենեան տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Հ. Քասունիի «Պատմա-բանասիրական քննարկումներ հայ ժողովուրդի պատմութեան ճանապարհին» գիրքը, բաղկացած` 320 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօրեղբօր` վեր. տոքթ. Տիգրան Ե. Քասունիի յիշատակին: Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմա-բանասիրական քննարկումներու այս հատորը բերքահաւաքի փորձ մըն է` անցնող տասնամեակներու գիտահետազօտական իր աշխատասիրութիւններուն: * * * «Սումերներու եւ հայ սումերական յարաբերութիւններու հարցի մասին»...

Ի՞նչ Բան Է Թատրոնը

Ի՞նչ Բան Է Թատրոնը

ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻ Վերջապէս` թատրոնի մասին խօսելու առիթ մը: Ոչ այնքան կարեւոր, սակայն` փոքրիկ անհրաժեշտութիւն մը: Նախ ճշդենք «Թատրոն» բառի անուանումը, ապա` էութիւնը: «Թատրոն» բառը, տեղի-անտեղի, գործածութեան մէջ մտած է` որպէս բառակապակցութիւն: Կ՛ըսուի, «Թատրոն ըրինք, թատրոն խաղցայ»: Թատրոնը չի խաղցուիր, որովհետեւ ան շէնքային կառոյց է: Սրահ: Բեմ եւ վարագոյր: Թատրոնը գոյական երեւոյթ մըն է: Բազում արուեստներու համատեղում: Թատրոնը նաեւ գրականութիւն է...

Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը

Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը

Բաժին մը «Նոազ Արք»-ի տաղաւարէն Անցնող յունուարին «Նոազ Արք» ցուցասրահը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ «Արթ սթէյճ Սինկափուր» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուց հոյլ մը գեղանկարիչներու (Եուրոզի, Վահրամ Դաւթեանի, Ռուբէն Աբովեանի ու Սուրէն Ոսկանեանի) վաթսունէ աւելի ստեղծագործութիւնները, որոնք ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք արժանացան ջերմ ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքներու: Տրուած ըլլալով, որ Սինկափուրը Ծայրագոյն Արեւելքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն կը համարուի, եւ «Արթ սթէյճ...

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ.  Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ. Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Մեծ ուրախութեամբ սկսայ կարդալ «Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը: Բովանդակութիւնը ստուգած ատեն ուշադրութիւնս գրաւեց Վիգէն Աւագեանի ստորագրութիւնը կրող քիչ մը իւրայատուկ խորագիրով «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ» գրութիւնը: Անմիջապէս կարդացի յօդուածը ամբողջութեամբ: Աւագեան կը ներկայացնէ «Ազդակ»-ի մէջ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին իրեն հետ պատահած զանազան դէպքեր, որոնք բոլորն ալ կը յուշեն, թէ` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ»: Ընթերցանութիւնս աւարտելէ ետք մտածեցի, որ հետս...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մենք մեր մեծ հայրերէն-մայրերէն յաճախ լսած ենք, թէ` «ժամանակը լաւագոյն դարմանը կը հանդիսանայ ցաւերուն, տրտմութեան, նեղութեանց, ձախողութիւններուն, աղէտներուն...», որովհետեւ ժամանակի ընթացքին մարդիկ կ՛ընտելանան կատարուած պատահարներուն: Կը մոռնան զանոնք: Իսկ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կը կուտակէ, եւ այդ բոլորը կը դառնան հին, մաշած, փոշեթաթաւ, անցուկ ու մոռցուկ պատմութիւն: Բացի... կարգ մը աղէտներէ, անջնջելի ողբերգութիւններէ, որոնք ոչ մէկ պարագայի...

«Ջաւախքի Գոյութիւնը Երաշխաւորում Է Հայաստանի Անվտանգութիւնը. Եւ Այդ Առումով,  Ջաւախահայութեան Խնդիրները Համահայկական Են»  Կ՛ըսէ Լենա Պօզոյեան

«Ջաւախքի Գոյութիւնը Երաշխաւորում Է Հայաստանի Անվտանգութիւնը. Եւ Այդ Առումով, Ջաւախահայութեան Խնդիրները Համահայկական Են» Կ՛ըսէ Լենա Պօզոյեան

Վարեց` ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ 2001-ին ՀՕՄ-ի հիմը դրաւ «Ջաւախք» հիմնադրամին` նպատակ ունենալով տարբեր ձեւերով եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն: Շուրջ 15 տարիէ գործունէութիւն ծաւալած այդ հիմնադրամին ու անոր հեռանկարներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւն ունենալու նպատակով կայացած է հետեւեալ հարցազրոյցը ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեանի հետ: ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակներով են ստեղծուել ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամն ու յանձնախումբը:...

Ջաւախքի Կողքին

Ջաւախքի Կողքին

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Մամուլով յայտարարուեցաւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի դուրս եկած կուսակցութիւններուն մէջ միակն է, որ Ջաւախքը ներառած է իր նախընտրական ծրագիրին մէջ: «Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել բարեկամութեան ու ազգային շահերի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքների վրայ: Բարիդրացիական յարաբերութիւններն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ջաւախահայութեան եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան իրաւունքների լիարժէք իրականացման վրայ», գրուած է ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին մէջ: Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Հալէպն Ու Իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ երեկոյ օրատետրիս էջերու թղթատումը դարձեալ զիս ժամերով անջատ եւ հեռու պահած էր առօրեայէս, անմիջական շրջապատէս ու անզգալաբար նետած` ինքնամտածման լիճի մը մաքուր ջուրերուն մէջ: Ու ամէն անգամ, որ ծննդավայր Հալէպիս անունը լսէի կամ իր տխուր եւ ուրախ լուրերը առնէի, եւ կամ գունաւոր ու անգոյն, շքեղ եւ աւերակ շէնքերու նկարներուն հանդիպէի, օրուան ժամերս վայրկեանին կանգ կ՛առնէին, ու ինքնաբերաբար...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ (3)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով, որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ` «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Ինչպէս արդէն գրած էի նախորդ նամակներուս մէջ, առաջին այցելութիւնը կատարեցինք Իշխանաձոր գիւղը, ապա` Միջնաւան, յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական, որ ազատագրուելէ առաջ ծանօթ էր թրքական Զանգելան անունով:...

«Կեանք Ու Կռիւ»` Հայութեան Հայելին

«Կեանք Ու Կռիւ»` Հայութեան Հայելին

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ «Կեանք ու կռիւ». երկու բառեր, որոնք լաւագոյնս կը նկարագրեն ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Երկու պարզ, կարճ ու յստակ բառեր, որոնք կը բովանդակեն հայութեան գոյութիւնը, պատմութիւնը, դառն ճակատագիրը, ուրախութիւնը, նուաճումները, սխրագործութիւնները, նուիրումը` հայրենի հողի պաշտպանութեան, ընկերասիրութիւնը, համամարդկային զգացումները, երգիծանքը, որոնց կողքին նաեւ նահատակութիւնը, ցաւը, կարօտն ու դժուարութիւնները: Արցախն ու արցախցին սրտիս ամէնէն աւելի կը խօսին: Արցախի ազատագրական պայքարին հետ հասակ...

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Սրահը

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Սրահը

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով կ՛արժէ մատնանշել լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ երեւոյթը: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք վերջին տասնամեակներուն միայն բեմ բարձրացած դերասաններու փաղանգին, բեմադրիչներուն, թեքնիք պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք թատրոնի համար գիշերներ լուսցուցին, կը տեսնէք հարիւրաւոր անուններ: Այսօր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմը եղած է հանրակրթարան: Թատրոնի հարիւրաւոր «խենթ»-երուն մեծամասնութիւնը արդէն գաղթած է, եւ իրենց կեանքի...

Լիբանանահայ Թատրոնի  Առաջին Երախտաւորները

Լիբանանահայ Թատրոնի Առաջին Երախտաւորները

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ Համաշխարհային թատրոնի օրը ծնունդ առաւ 1961-ին` «Միջազգային թատերական հիմնարկ»-ին (International Theatre Institute) կողմէ: Այդ օրը կը նշուի 27 մարտին` աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն,  թատերախումբերուն եւ միութիւններուն կողմէ,  ու կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ` նշելու համար սոյն առիթը: Այս առիթով, իբրեւ լիբանանահայ թատրոնի համեստ գործիչ, պիտի ուզէի անդրադառնալ ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութի թատերական շարժման առաջին քայլերուն եւ անպայմանօրէն յիշել մեր...

Տես-Արան

Տես-Արան

Շ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Թատրոն: Շարժում. թեւի, գլխու, մարմնի.տեղդ անշարժ կեցած կամ քեզ շրջապատող օդի միջոցը հատելով, գետնի տարածքը կտրատելով: Անձայն, անխօս, խօսուն, ձայնաւոր: Բայց օդն ու տարածութիւնը ամէնուր են ու անոնց խորքին, ընդհանուր` շարժումը. թռչունը ելեկտրական մէկ թելէն միւսին կը ցատկէ, օդին մէջէն քար մը կ’անցնի ու ապակին կը փշրէ, քայլերդ, որ ամբողջ օրը ճամբայ կը խծբծեն: Թատրո՞ն: Դիտող աչքը անհրաժե՞շտ...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Փոթորիկ` Ջուր Ծեծելով Դատարկ Բաժակում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Անշուշտ այդպէս կարելի է բնութագրել Ազրպէյճանի նախագահի հերթական յոխորտանքը մարտի 18-ին` Պաքւում, Նովրուզ պայրամ մահմետական տօնի արարողութեանը: Որպէս պետութեան ղեկավար, փոխանակ տօնական տրամադրութիւն հաղորդի Կոյսի աշտարակի մօտ հաւաքուած հաւատակիցներին, Իլհամ Ալիեւը փաստօրէն սառը ջուր է մաղել նրանց գլխին` խոստանալով, այո՛, հէնց այդպէս, խոստանալով նոր պատերազմ հայ թշնամիների դէմ: «Դուք գիտէք,- ասել է նա,- որ Ազրպէյճանի դրօշն այսօր բարձրացուած...

Անմոռանալի Ուսուցչուհին Եւ Օրինակելի Դաստիարակը Վարդուհի Ս. Անթօեան

Անմոռանալի Ուսուցչուհին Եւ Օրինակելի Դաստիարակը Վարդուհի Ս. Անթօեան

Մեր շատ սիրելի դասընկերուհիին` գաղութիս երախտաշատ ուսուցչուհի Վարդուհին, առջինեկ զաւակը Սուրէն եւ Լուսին Անթօեաններուն, որ իր յաւիտենական անդորրը գտաւ 17 փետրուար 2017-ին` զոհ երթալով ինքնաշարժի արկածի մը, խոր վիշտի մէջ ձգելով իր շատ սիրելի քոյրը` Մարալը, ազգականները, դասընկերները, պաշտօնակիցները, բարեկամները եւ աշխարհացրիւ անհամար աշակերտները: Վարդուհին ծնած էր ազգանուէր ու հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ, 1942-ին, Պէյրութ: Ան հասակ առած էր Էշրեֆիէի...

Ժպտերես Եւ Մարդասէր Ուսուցչուհին (Վարդուհի Անթօեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ժպտերես Եւ Մարդասէր Ուսուցչուհին (Վարդուհի Անթօեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

«Ամէնքս էապէս հիւր ենք այս կեանքում Մեր ծննդեան փուչ օրից, Հերթով գալիս անց ենք կենում Էս անցաւոր աշխարհից: Անց ենք կենում... միայն անմահ Գործն է խօսում լաւ ու վատ»: Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Աստուածային օրէնքը եւ կեանքի իրականութիւնը մարդոց սահմանած է ծնունդ եւ մահ: Սակայն մահուան ճշմարտութիւնը մարդ էակին կողմէ երբեմն դժուար է ընդունիլը: Ըստ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնի տեսութեան, մահը երկու...

Ակնարկ.   Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

Ակնարկ. Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին հարցազրոյցը չյաջողեցաւ գաղափարաքաղաքական բանավէճի շրջանակներուն մէջ տեղաւորուիլ: Հարցումներու հունաւորումը զրուցավարին կողմէ ճիշդ էր. ի վերջոյ առաջին նախագահը իր ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւը ուզած էր կանուխէն կեդրոնացնել Արցախի տագնապի լուծման իր պատկերացումներուն վրայ` յառաջ մղելով այն միտքը, որ հայաստանեան հիմնահարցերու լուծման բանալին արցախեան հակամարտութեան լուծման մէջ է: Անկախ ժամանակի որոշ տարածականութեան վրայ ընդգծուող ինքնահակասութիւններէն, խնդիրը այս պարագային ընդդիմախօսներու...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Թատրոնի Միջազգային Օր. Քիչ Մը Պատմութիւն, Քիչ Մը Յանձնառութիւն, Քիչ Մը Լեզու

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Այս օրերուն օրակարգի հարց է թատրոնը: 27 մարտը հռչակուած է թատրոնի միջազգային օր: Ի՞նչ է թատրոնը, ի՞նչ է անոր դերը, ի՞նչ է անոր կոչումը: Թատերագէտներ ու թատերագիրներ, գրողներ ու գրաքննադատներ սովորաբար տարբեր սահմանումներ կու տան թատրոնի կամ տարբեր մօտեցումներ կրնան ունենալ թատրոնի մասին: Հո՛ն` Հայաստանի մէջ` տարբեր, հո՛ս` սփիւռքի մէջ` տարբեր: Իւրաքանչիւրը կ՛ապրի ու կը զարգանայ իր պայմաններով:...

«Միասնականութիւնը, Որ Նախքան Պատերազմը Մեր Համայնքի Յատկանիշներէն Մին Էր, Դարձաւ Աւելի Ամրակուռ Եւ Օրինակելի»

«Միասնականութիւնը, Որ Նախքան Պատերազմը Մեր Համայնքի Յատկանիշներէն Մին Էր, Դարձաւ Աւելի Ամրակուռ Եւ Օրինակելի»

Վարեց` ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք Փարիզի մեր պաշտօնակից` «Նոր Յառաջ»-ի կողմէ կատարուած հարցազրոյց մը  Սուրիոյ համայնքի պատասխանատուներէն եւ Բերիոյ հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի հետ, որ անդրադարձած է սուրիահայութեան վրայ սուրիական պատերազմին ունեցած ազդեցութեան, հետեւանքներուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան ու ապագայ մարտահրաւէրներուն։ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ի՞նչն է, որ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս եւ հալէպահայութիւնը մասնաւորաբար` կը կապէ սուրիական հողին: ԿԱՐՕ...

Page 832 of 1110 1 … 831 832 833 … 1,110

Արխիւներ