Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաղաղ Օրերու Խաբեբան Եւ Պատերազմ Դիմակայող Պարկեշտը

Մարտ 24, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արդի ժամանակներուն փտածութիւնը համատարած երեւոյթ դարձած է: Դժբախտաբար կրթական ասպարէզն ալ զերծ չէ մնացած այդ կործանարար ախտէն: Այն աստիճան, որ ատոր դէմ պայքարը երբեմն երկսայրի սուրի կը վերածուի: Ատոր կողքին,  բարեբախտաբար կան ոգեշնչող երեւոյթներ, որոնք իսկապէս դաստիարակիչ եւ օրինակելի են հակամարտութիւններով հարուստ մեր դարուն: Կեանքը միշտ ալ արդար չի գտնուիր ուսումնատենչներուն հանդէպ, սակայն անոնք կը դիմագրաւեն բոլոր դժուարութիւնները` հասնելու իրենց նպատակին: Պի. Պի. Սի. հրապարակած է իրարմէ անջատ երկու յօդուածներ, որոնցմէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք հատուածներ:

Ն.

Ուսման Տենչը
Փլատակ Հալէպի Մէջ

Հակառակ պատերազմի բոլոր անպատեհութիւններուն եւ դժուարութիւններուն` Մարիամ Համմատ  կը փորձէ ուսանիլ Հալէպի` սուրիական քաղաքացիական պատերազմի սեւ սրտին մէջ:

«Իմ քաղաքս փլատակներու վերածուած է», կ՛ըսէ ան: Հակառակ մնայուն վտանգի տակ ըլլալուն, ռմբակոծումներու պատճառով բնակարանէն պարտադրուած երկու անգամ տարհանուելուն, առանց ելեկտրականութեան հոսանքի, կամ ջուրի ապրելուն, 22-ամեայ այս երիտասարդուհին մերժած է ուսանելէ հրաժարիլ:

Քանդուող քաղաքը

Չորս տարի առաջ ան աւարտած է դպրոցը եւ սկսած` յաճախել Հալէպի համալսարանը, ուր իր շուրջը տասնեակներով ուսանողներ զոհուեցան ռմբակոծումի պատճառով:

«Ես իմ ընկերներս տեսայ սպաննուած, եւ մինչեւ հիմա չեմ կրնար մոռնալ պատահածը: Ես բազմաթիւ վիրաւոր ուսանողներ տեսայ: Ամէն բան սարսափելի էր», կ՛ըսէ Մարիամ:

Անոր տան շրջանը եւս վտանգաւոր էր: «Ես բազմաթիւ առիթներով մահուան շատ մօտ գտնուեցայ: Ընտանիքիս հետ վարձեցինք բնակարան մը, որ միայն հինգ հարիւր մեթր հեռու կը գտնուէր ճակատէն: Բազմաթիւ հրթիռներ ինկան մեր բնակարանին շրջակայքը: Դրացիներ զոհուեցան: Հրթիռներ երկու անգամ  հարուածեցին մեր բնակարանը»:

Ան կը յիշէ յարձակումի մը ատեն քալելը, փոշիին եւ մութին մէջ, անտեղեակ` շուրջը գտնուողներուն ողջ կամ մեռած ըլլալէն: Մարիամ կը խօսի Հալէպի մէջ կեանքի մասին, որ եղած է սարսափի եւ վտանգի խառնուրդ մը:

«Ես շատ կու լայի, երբ աչքերուս առջեւ կը տեսնէի իմ քաղաքիս կործանումը», կ՛ըսէ ան:

Լաւատեսութիւն ընտրելը

Բայց Մարիամի հակազդեցութիւնը եղած է յամառօրէն շարունակել եւ իր ուսանիլը օգտագործել որպէս զոհերը մեծարելու ձեւ մը: Ան առցանց ուսանող մը եղաւ պատերազմի գօտիին մէջ՝ հետեւելով Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող «Եունիվըրսիթի օֆ տը փիփըլ» համալսարանի դասընթացքներուն` որոշելով լաւատես ըլլալ եւ վերականգնումի ծրագիրներ մշակել:

Բայց ասիկա այնքան ալ դիւրին չէ, կ՛ըսէ ան Սքայփի խախուտ հաղորդակցութեամբ խօսած ատեն:

«Ամէնէն դժուար բանը Հալէպի մէջ ուսանող ըլլալու համար ողջ ըլլալն է», կ՛ըսէ Մարիամ:

Տակաւին պարբերաբար կ՛իյնան հրթիռներ, կ՛ըլլան ականներու պայթումներ` հակառակ հաստատուած զինադադարին, բայց նաեւ կան գործնական մեծ դժուարութիւններ, որոնք կրնային յուսահատեցնել նուազ վճռական ուսանող մը:

Հեռաձայնի բարդերը լիցքաւորել

«Մենք երկու տարիէ ելեկտրական հոսանք չունինք: Փոխարէնը` մարդիկ կախեալ են ելեկտրածին շարժակները, քանի մը ժամուան համար միայն: Ես կ’երթամ ելեկտրածին շարժակ ունեցող մօտակայ խանութ մը, ուր բջիջային հեռաձայնս եւ համակարգիչս (լեպթոփ) լիցքաւորելը 12 ժամ կը տեւէ: Ապա կու գամ տուն, որպէսզի դասերս պատրաստեմ», կ՛ըսէ ան:

Համացանցի միացումները տկար եւ պարբերական են: Եւ երբ քննութիւն մը կը մօտենայ, համացանցը ամբողջովին կ՛ընդհատուի: Մտահոգուելով, որ կրնայ քննութեան ձախողիլ, Մարիամ պատրաստութիւններ տեսած է Դամասկոս ճամբորդելու, որպէսզի քննութեան մասնակցելու ձեւ մը գտնէ:

«Նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի չափանիշներով, ասիկա շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար, բայց բարեկամներ կրցան հաղորդակցիլ համալսարանին հետ, եւ ես կրցայ վերադասաւորել քննութիւնը», ըսաւ Մարիամ:

«Բնականոն օր»

Երկարատեւ կռիւներ տեղի ունեցած են Հալէպի մէջ` կառավարական ուժերուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ, սակայն կան նաեւ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ուժերը, որոնք քաղաքէն շատ հեռու չեն:

Մարիամ կ՛ըսէ, որ անոնք վերջերս փորձած են քաղաք ուղղուող փողոց մը փակել, բայց նոյնպէս կայ գաղափարներու պատերազմը եւ անշուշտ` ուսանելու իրաւունքը պահպանելու գաղափարը:

Զինեալներու ներկայութիւնը Մարիամը նոյնիսկ աւելի վճռական կը դարձնէ շարունակելու ուսումը: Մինչ պատերազմի բարձր արհեստագիտութիւնը տեղացած է Սուրիոյ վրայ, այս երիտասարդուհին իր դասերը պիտի սորվէր մոմի լոյսի տակ:

Բայց ան չի բողոքեր: Փոխարէնը` ան կը խօսի որպէս ուսանող` գոնէ «բնականոն օրուան» մը շեշտուած տենչանքով:

Եւ ի՞նչ պիտի ընէ ան այդ օրը: «Ես կ՛ուզեմ բազմաթիւ բաներ ընել ա՛դ օրուան ընթացքին», կ՛ըսէ ան:

«Ես կ՛ուզեմ իմ համալսարանս երթալ, ոեւէ բնականոն ուսանողի մը նման: Կ՛ուզեմ ընկերներուս հետ ժամանակ անցընել: Կ՛ուզեմ նստիլ իմ ընտանիքիս հետ», կ՛ըսէ Մարիամ:

Ան պահ մը կը լռէ, ապա կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ տեսնել բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցի»:

Վերակառուցել ապագան

Բայց այսպիսի ահաւոր քանդումին դիմաց ան ինչո՞ւ կ՛ուզէ համալսարանական վկայական ստանալ: Մարիամ կ՛ըսէ, որ պատերազմի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ կրթութիւնը, ուսումը կենսական են. դրական բան մը, որ մարդիկ իրարու կը կապէ վերակառուցելու համար աւելի լաւ կեանք մը:

«Ի՛նչ ալ ըլլայ, մենք այս հզօր խայծը, շարժառիթը ունինք ատոր ձգտելու: Դուք ատիկա կը տեսնէք փոքր երեխաներուն մէջ, որոնք իրենց դպրոցները կը յաճախեն, նոյնիսկ երբ որեւէ պահու կրնան ռմբակոծուիլ»:

«Կրթութիւնը իմ կեանքիս մէջ որեւէ ատեն միշտ կարեւոր եղած է: Ատիկա ինծի յոյս կու տայ, որ ես կրնամ աւելի լաւ ապագայ ունենալ: Ատիկա ինծի պիտի օգնէ, որպէսզի ես վերակառուցեմ իմ երկիրս եւ բոլոր քանդուածները»:

Մարիամ առցանց կը պատրաստուի  Քալիֆորնիոյ  «Եունիվըրսիթի օֆ տը փիփըլ» համալսարանէն ստանալու համար վարչագիտութեան վկայականը: Համալսարանը կ՛աջակցի աշխարհի մէջ այն անձերուն (ներառեալ 15 ուսանողներ` Հալէպէն), որոնց այլապէս մատչելի չէ համալսարանական ուսումը:

 

Որո՞նք Կորսնցուցին Նիշերը
Երբ Խարդախութեան Վերջ  Տրուեցաւ

Առեղծուած մըն է: Դուք կ՛ակնկալէք քննութեան աւելի նուազ փտած համակարգ, որուն շնորհիւ ունակութիւնները փայլին` անկախ աշակերտին տնտեսական դիրքէն: Բայց Ռումանիոյ մէջ հակափտածութեան յաջող արշաւի մը ուսումնասիրութիւնը բացայայտած է, որ հետեւանքներէն մէկը ուղղակի հակառակն է ատոր նպատակին. աւելի աղքատ աշակերտները իրականութեան մէջ վատագոյն արդիւնքը տուին խարդախութենէ զերծ քննութեան մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը կատարած է երեք տնտեսագէտներէ կազմուած խմբակ մը, ներառեալ` Իստ Անկլիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Օանա Պորքան, որ անձամբ ականատես եղած է այս փտածութեան, երբ 2006 թուականին երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի էր Ռումանիոյ մէջ:

Փտածութիւնը բացայայտ եղած է, երբ ան պատրաստուած է մասնակցելու պաքալորէայի քննութեան, որ պիտի վճռէր, թէ աշակերտը կրնա՞յ համալսարաններու ընտրանիին մաս կազմել: Դոկտ. Օանա Պորքան կ՛ըսէ. «Խարդախութիւնը տեղի կ՛ունենար բացէ ի բաց: Քննութեան առտուն աշակերտները կը շրջագայէին դրամ հաւաքելու, որպէսզի փոքր յատկացում մը ընեն հսկողներուն: Աշակերտներէն ոմանք կը վճարէին, ոմանք` ոչ, ատիկա կամաւոր էր: Տեսած եմ բարձր նիշեր ստացած աշակերտներ, որոնք ընդհանրապէս ցած նիշեր կ՛ունենային: Ասիկա շատ ուժգին եւ երկարատեւ տպաւորութիւն ձգած է»: Այնքան ուժգին, որ իր դերակատարութիւնը ունեցած է դոկտ. Օանա Պորքանի ասպարէզին մէջ:

Պաքալորէայի քննութեան խարդախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 2010 թուականին, երբ հարիւրաւոր աշակերտներ ճիշդ նոյն պատասխաններով քննութեան թուղթեր յանձնեցին: Այս անգամ սուլիչները հնչեցին եւ տեղեկատուական միջոցներու փոթորիկը առաջնորդեց բարձրաստիճան պատասխանատուներու դատական հետապնդումներու եւ պաշտօնազրկումներու: Որպէս արդիւնք` կառավարութիւնը յաջորդ քննութիւններուն համար որդեգրեց հակափտածութեան խիստ միջոցառումներ:

Նկարչական սարքերով հսկելու  դրութիւն հաստատուեցաւ քննութեան սրահներուն մէջ, եւ կանխելու համար խաբեբայութիւնները,  որդեգրուեցան խիստ պատիժներ` տուգանք, պաշտօնազրկում, իսկ այն աշակերտները, որոնք խաբեբայութեան ընթացքին կը բռնուին, չեն  կրնար կրկին մասնակցիլ քննութեան: «Բազմաթիւ դատավարութիւններ տեղի ունեցան: Փտածութեան դէմ օրէնքի հիմամբ 2010-2013 թուականներուն դատուեցան 280 ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնցմէ 99-ն վեց ամիսէն հինգ տարուան  բանտարկութեան դատապարտուեցան»:

Բոլոր նշանները այնպէս ցոյց կու տային, որ փտածութեան դէմ արշաւը կը գործէ: 2012-ին քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնը գրեթէ 50 առ հարիւրով նուազած էր` բաղդատած 2009 թուականին, 80 առ հարիւրէն`  43 առ հարիւրի: Նախապէս խոյացող միջին նիշերը նուազած եւ կայունացած էին:

Ուսումնասիրութեան ընդհանուր արդիւնքը ողջունուեցաւ:

Սակայն դոկտ. Պորքան եւ համահեղինակները ուզեցին պարզել, թէ այս արշաւի տարբեր երեւոյթները որքա՞ն արդիւնաւէտ եղած են: Անոնք Ռումանիոյ 42 գաւառներէն իւրաքանչիւրէն օգտագործեցին վիճակագրական ճշգրիտ տուեալներու վերլուծումներ: Նիշերու վրայ ազդող այլ հնարաւոր գործօններ վերացուեցան` օգտագործելով հսկողութեան խմբակներ եւ համեմատելով արդիւնքները զանազան վայրերու մէջ, ուր, օրինակ, նկարչական սարքերով հսկելու  դրութիւն հաստատուած է տարբեր տարիներու:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները պարզած են, որ  լուսանկարչական սարքերը եւ պատիժի իսկական սպառնալիքը, միացած` խիստ հսկողութեան, առաւել` տեղեկատուական միջոցներու հաղորդումները, այս արշաւը շատ ազդեցիկ դարձուցած են:

Այս ուսումնասիրութեան զգայացունց անակնկալը, սակայն, բացայայտուեցաւ, երբ անոնք ուսումնասիրեցին աշակերտներուն վրայ արշաւին ազդեցութիւնը` ընկերա-տնտեսական առումով: Կրթաթոշակի յատկացումներ ստացող աւելի աղքատ աշակերտներու քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնները նուազած են 14 առ հարիւրով, բաղդատած` աւելի բարեկեցիկներու 8 առ հարիւրին:

Ուսումնասիրողները եզրակացուցած են, որ «փտածութեան դէմ արշաւը պատճառ դարձած է, որ  աղքատ եւ բարեկեցիկ աշակերտներու միջեւ անհաւասարութիւնը աւելնայ, եւ ատիկա յատկանշականօրէն նուազեցուցած է բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու անոնց կարելիութիւնները»: Ուսումնասիրողները կը խոստովանին, որ իրենք անակնկալի եկած են այս արդիւնքէն եւ կը դժուարանան առանձնացնել հաւանական պատճառ մը: Ամէնէն հաւանական մեղաւորը,  որուն ականատեսը եղած է դոկտ. Օանա Պորքան, կը թուի ըլլալ «հաւաքական» եւ «չնչին» ձեւը փտածութեան. գլխաւորաբար հարուստ աշակերտները կը կաշառեն հսկիչներ, բայց ատկէ բոլորը կ՛օգտուին: Ատիկա աւելի աղքատ աշակերտներուն «անվճար» առիթ կ՛ընձեռէ աւելի բարձր նիշեր ստանալու:

Ատիկա նոյնպէս կը նշանակէ, որ երբ խարդախութիւնը վերացուեցաւ, հարուստ աշակերտներու ակադեմական առաւելութիւնը աւելի բացայայտ դարձաւ: Կը թուի, թէ խարդախութիւնը ձեւով մը հաւասարելու ազդեցութիւն կ՛ընձեռէր:

«Արծաթեայ խաւ մը կայ այս բոլորին մէջ. երբ փտածութիւնը համատարած էր, մենք չէինք գիտեր անհաւասարութեան իսկական չափը: Մեր ուսումնասիրութեան արդիւնքը բացայայտեց, որ հաւասարութեան ճեղքը, բացը որքա՜ն աւելի մեծ է: Երբ գիտնանք իսկական տարողութիւնը, կառավարութիւնը կրնայ յաղթահարել անհաւասարութեան աղբիւրները, պատճառները»:

Հեղինակները իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն աւելի ընդարձակ գործադրութիւնը կը տեսնեն, օրինակ` որքա՞ն իմաստուն է համալսարան մուտքի համար այդքան շատ  կախեալ ըլլալ «ծանրակշիռ» քննութենէ: Դոկտ. Օանա Պորքան թէեւ ցարդ ուղղակի պատասխան մը չէ ստացած կառավարութենէն, սակայն կը յուսայ, որ նոր կառավարութիւնը, եւ կրթութեան նոր նախարարը նկատի կ՛առնեն այս խնդիրները եւ կը գործեն:

Առցանց համալսարանը ունի Կէյթս հիմնադրամի, Հիւլեթ Փակարտի եւ Կուկըլի նման հովանաւորներ` չորս տարուան դասընթացքներով եւ կամաւոր, հանգստեան կոչուած ակադեմական դասախօսներով:

Համալսարանի տնօրէն Շայ Ռեշեֆ կ՛ըսէ. «Մենք այլընտրանքն ենք անոնց, որոնք ոչ մէկ այլընտրանք ունին»:

Մարիամ իր ուսումնառութիւնը կը տեսնէ որպէս տեսակ մը կեանքի փրկարար պարան եւ յոյսի աղբիւր: Ան կ՛ըսէ. «Ամբողջ աշխարհի ուսանողները պէտք է գնահատեն իրենց  ունեցած կարելիութիւնները»:

Մարիամ միայն կ՛երազէ անոնց նման «բնականոն կեանք» ունենալ: «Կը յուսամ, թէ ո՛վ որ կը կարդայ իմ պատմութիւնս, պիտի չյուսալքուի իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն: Ես կը հաւատամ, որ բոլոր դժուարութիւններէն ետք կու գայ մեծ վերածնունդ մը, եւ մեծարելով ոեւէ ընկեր, դրացի եւ սուրիացի, որ կորսնցուցած  է իր կեանքը այս պատերազմին պատճառով, մենք պէտք է լաւատես մնանք»:

Եւ եթէ այդ հաւատքը տատանի՞: «Երբ ես ընկճուած կը զգամ, մայրս ինծի կ՛ըսէ. «Ասիկա կ՛անցնի»:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Դասախօսական Երեկոյ` Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Մասին

Յաջորդը

«Միասնականութիւնը, Որ Նախքան Պատերազմը Մեր Համայնքի Յատկանիշներէն Մին Էր, Դարձաւ Աւելի Ամրակուռ Եւ Օրինակելի»

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?