Շուշիի Ազատագրութեան 25-Ամեակը` ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայ Խաղաղապահ Զինուորներուն Հետ
9 մայիսը կը համարուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկը` Շուշիի ազատագրումով դրոշմուած: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ 9 մայիս 2017 թուականը երկակի ուրախութեան եւ հպարտութեան օր էր, որովհետեւ այդ օրը վարժարան այցելեցին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ -ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատի զինուորները` գլխաւորութեամբ հրամանատար Կարէն Աթոյեանի: Վարժարանի դրան մուտքին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն կողմէ աղ...
















