Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ Վարդգէս Մահտեսեանին Հետ

Մայիս 13, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Անցնող օրերուն Լիբանան կը գտնուէր Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ, կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը: 5 մայիս 2016-ին Կիպրոսի ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Կոնստանդինոս Նիքոլայիտիսի կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան պաշտօնապէս հռչակուած է կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ 2016-2021 շրջանին համար:

Կիպրոսի մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերող աշխատանքներուն եւ հայկական գործօնին հետ կապուած քաղաքական երեւոյթներուն մասին Վարդգէս Մահտեսեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք:

«ԱԶԴԱԿ».- Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով արտասանած ձեր խօսքին մէջ ըսիք. «Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնը եւ ընդունի իր գործած ոճիրները»: Այս յայտարարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց:

ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ.- Ներկայ դարուն գերպետութիւներուն համար ամէնէն կարեւորը իրենց պետտական շահերն են: Իրենք շատ լաւ կը ճանչնան իրականութիւնը, բայց դժբախտաբար իրենց գործընթացը բոլորովին տարբեր է: Նկատի ունենալով, որ արհեստագիտական շրջանի մը մէջ կ՛ապրինք, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու մէջ ելոյթս մեծ արձագանգ ունեցաւ: Կրնամ ըսել նաեւ մեծ արձագանգ ձգեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ կուսակցապետներուն խօսքերը Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով: Անոնք անգամ մը եւս Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչումը վաւերացուցին:

«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին մեր ակնկալիքը:

Վ. Մ.- Եթէ ճանաչումէն անդին ակնկալիք չունենանք, կը դադրինք որպէս ազգ գործելէ: Բայց դժբախտաբար այսօր Թուրքիան շատ կարեւոր երկիր մը կը հանդիսանայ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Միացեալ նահանգներուն, թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Անգլիոյ եւ թէ՛ բոլոր մեծ պետութիւններուն համար:  Ինծի ուղղակի զարմանք պատճառեց, որ Էրտողանի ընտրութենէն ետք առաջին շնորհաւորող նախագահը Թրամփն էր, ապա` Փութինը: Պատկերացուցէք` այսպիսի ընտրապայքարով շահած նախագահին շնորհաւորեցին Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան: Այս երեւոյթը մեզի ցոյց կու տայ, որ մեծ պետութիւնները, այո՛, կը լսեն մեզ, գիտեն ճշմարտութիւնը, բայց իրականութեան մէջ այնքան ալ պատրաստ չեն քայլ մը առջեւ տանելու Հայկական հարցը` գոնէ հիմակուան պայմաններուն մէջ: Ասկէ մեկնելով` կարելի է եզրակացնել, որ մինչեւ Ամերիկան եւ Իսրայէլը չճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, դժուար թէ յաջորդ քայլին մասին կարենանք մտածել: Բայց միւս կողմէն ալ եթէ մենք` սփիւռքահայերս, մեր յոյսը կորսնցնենք, մեզի համար ապագան մտահոգիչ  կը դառնայ:

Մենք իրօք երախտապարտ ենք Կիպրոսի կառավարութիւններուն, որովհետեւ Կիպրոս եղած է առաջին եւրոպական երկիրը եւ աշխարհի վրայ երկրորդ երկիրը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2015-ին կրցանք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը անցընել խորհրդարանէն ներս այն ժամանակաշրջանին, երբ Կիպրոսի թուրքերու եւ յոյներու միջեւ  բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային: Իսկապէս այս քայլը մեծ արկածախնդրութիւն մըն էր Կիպրոսի յունական կողմին համար: Բայց յաջողեցանք որդեգրել այս օրէնքը, որ մեծ նուաճում մըն է մեզի համար, եւ որ համաշխարհային մեծ անդրադարձ ունեցաւ:

«Ա.».- Ի՞նչ հակազդեցութիւններ եղան այդ օրէնքին շուրջ թրքական կողմէն:

Վ. Մ.- Անշուշտ հակազդեցութիւններ եղան, թրքական մամուլը անդրադարձաւ, Էրտողանն ալ արտայայտութիւններ ունեցաւ այս առնչութեամբ, թուրք կիպրական թերթերն ալ որոշ բաներ գրեցին, Թուրքիայէն բաւական ազդու արտայայտութիւններ եղան, իրօք դժուար էր այս քայլը իրականացնել, բայց հակառակ բոլոր արգելքներուն եւ որոշ պետութիւններու բանեցուցած ճնշումներուն, օրէնքը հարիւր տոկոս միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ խորհրդարանին մէջ:

«Ա.».- Կիպրոսի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ ի՞նչ վիճակի մէջ են:

Վ. Մ.- Շա՛տ վատ: Պատկերացուցէք` Էրտողանը պաշտօնապէս չի ճանչնար Կիպրոսի Հանրապետութիւնը: Եթէ բանակցութիւնները բանի մը յանգին եւ մէկ կառավարութիւն կազմուի, այն ատեն պիտի ճանչնայ: Ան Կիպրոսի Հանրապետութիւնը չէ ընդունած, մինչ Կիպրոս Եւրոպական խորհուրդին մաս կը կազմէ: Էրտողանին կեցուածքը բոլորին ծանօթ է ամէն գետնի վրայ: Հիմա քարիւղի եւ կազի լուրջ պատմութիւն մը ունինք. շատ մեծ  հանքեր գտնուած են Կիպրոսի մէջ: Թուրքիան իր նաւերը կը ղրկէ հոն, որ հետազօտութիւններ կատարէ: Այս իրողութենէն լուրջ հարցեր կրնան ծագիլ: Բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի միջեւ գրեթէ սառած են այս պահուն: Կրնամ ըսել, որ այս վիճակէն կիպրացի թուրքերն ալ դժգոհ են: Եթէ այս բանակցութիւնները վերջնականապէս սառին եւ չյառաջանան, մեծ թիւով կիպրացի թուրքեր պիտի հեռանան Կիպրոսէն, ինչպէս որ ըրած են այս վերջին տարիներուն: Մեր տուեալներուն համաձայն 50-60 հազարէն աւելի կիպրացի թուրք չկայ Կիպրոս: Շատ քիչ թիւ մնացած է: Մեծամասնութիւնը Թուրքիայէն բերուած թուրքերն են, որոնք խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն կիպրացիներուն հետ: Մտահոգիչ է ընդհանուր առմամբ :

Ուրախութեամբ յայտնեմ նաեւ, որ մեր նախագահը յունիս ամսուն պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան, եւ մենք կ՛աշխատինք, որ այս այցելութեան օրակարգին մէջ հանդիպում մը դնել նաեւ վեհափառ հայրապետին հետ:

«Ա.».- Կիպրահայ համայնքի աշխատանքներուն մասին ի՞նչ կ՛ըսէք:

Վ. Մ.- Անցնող շաբաթներուն կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ: Խարալամպոս Մուսկոս եւ Էւաղորաս Պալլիկարիտիս փողոցներուն անկիւնը գտնուող հանրային կանաչ տարածութիւնը կոչուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան այգի»` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Զբօսայգին կը խորհրդանշէ նաեւ Կիպրոսի յոյն եւ հայ համայնքներուն ունեցած բարեկամութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը: Այդ այգիին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին: Հանդիսութեան ընթացքին այգիին մէջ զետեղուեցաւ Հայաստանէն բերուած խաչքար, որ նուիրուած էր Պաֆոսի հայութեան կողմէ: Նշեմ նաեւ, որ այս գաղափարը մտայղացուած էր 2016-ի սկիզբը եւ իրականացած` Պաֆոսի քաղաքապետական խորհուրդին միաձայն որոշումով:

Կիպրահայ գաղութը մեծ չէ, բայց բաւական աշխուժ է: Ունինք մեր պարախումբը, թատերախումբը, եկեղեցւոյ երգչախումբը. 6-7 տարի առաջ 6-12 տարեկան փոքրերու պարի դպրոցը հիմնադրած եմ: Այս պահուն ունինք 80 փոքրիկ: Այս փոքրերու պարախումբը կը պարտինք լիբանանահայ պարուսոյց Գօգօ Քէլէշեանին, որ երկու տարիէ շատ լաւ աշխատանք կը տանի Կիպրոսի մէջ: Մեր թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որուն հետ չափազանց լաւ կը գործակցինք, աշխուժօրէն գործի լծուած է: Ունինք Լիմասոլի, Նիկոսիոյ եւ Լառնաքայի մէջ «Նարեկ» վարժարանները, որոնք աշխուժ են: Կրնամ ըսել, որ կիպրահայ գաղութին 95 տոկոսը հայախօս է: Ակներեւ է մեր ծնողներուն ջանքը` իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկելու: Շատ մեծ ջանքեր կը թափուին, որ երիտասարդները հայ համայնքներուն մէջ պահենք, մշակոյթին մօտ պահենք, բայց այնքան ալ դիւրին չէ: Կարեւոր երեւոյթի մըն ալ անդրադառնամ. 6-7 տարիէ ի վեր «Նարեկ» վարժարաններու շրջանաւարտներուն եւ երկու ուսուցիչի դէպի Հայաստան թռիչքի տոմսակներ կ՛ապահովեմ յուլիս ամսուան մէջ, որպէսզի աշակերները իրենց կարդացածն ու սորվածը իրենց աչքերով տեսնեն եւ ապրին: Բոլոր փոքրիկները շատ բարձր տպաւորութիւններով կը վերադառնան Կիպրոս: Մեր զաւակները կը մասնակցին նաեւ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին. երախտապարտ եմ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` այս ծրագրին համար:

Ըսեմ նաեւ, որ Կիպրոս յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ստորագրէ համագործակցութեան համաձայնութիւն մը` կիպրացի յոյն եւ հայ գաղութներուն հետ. օրինակ` Միացեալ Նահանգներուն մէջ շատ զօրաւոր է յոյներու ներկայութիւնը, մենք` հայերս ալ, որոշ լոպի մը ունինք: Այս համաձայնութեամբ որոշ հարցերով իրարու հետ համագործակցութիւն մը կը կայանայ:   Բոլոր պարագաներու Կիպրոս միշտ նեցուկ կանգնած է եւ պիտի շարունակէ կանգնիլ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախին:

«Ա.».- Այլ ըսելի՞ք։

Վ. Մ.-  Կ՛ուզեմ շնորհաւորել «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Միշտ կը հետեւինք «Ազդակ»-ի գործունէութեան։ Իսկապէս շատ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող գործ է յատկապէս մամուլի թուայնացումը, որ կը կատարուի «Ազդակ»-ի յարկին տակ։

 

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Մսխուած Ժամանակ

Յաջորդը

«Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Հանրութեան Ներկայացուց «Խնձորի Բուրմունքը» Թատերախաղը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?