Յօդուածներ

Հեռակայ Զրոյց` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Միակ Հայ Կին Երեսփոխան Սելինա Տողանի Հետ

Հեռակայ Զրոյց` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Միակ Հայ Կին Երեսփոխան Սելինա Տողանի Հետ

ԷՎԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Լսած էի հարկաւ Սելինա Տողան անունը: Կարօ Փայլանի հետ թրքական խորհրդարանին մէջ հայութեան անունը լսելի դարձնող, այլեւ` հայոց իրաւունքներուն մասին խօսող եւ իրաւատէրի ձայն բարձրացնող մեր երկու երեսփոխաններն են անոնք: Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ կին երեսփոխանն է: Բայց այն օրը, երբ լուրերու ճամբով ես ալ իմացայ, որ Սելինա Տողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք առնելով` արտայայտուած է...

Հարցազրոյց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Հետ.  «Ամէն Արուեստագէտ Կատարեալին Կը Ձգտի»

Հարցազրոյց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանի Հետ. «Ամէն Արուեստագէտ Կատարեալին Կը Ձգտի»

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը: Գրիգոր Ակոբեան մասնակցած է 58 ցուցահանդէսներու եւ արժանացած միջազգային պատուոյ շքանշաններու: Անոր գործերը կը յատկանշուին իրենց հարուստ ու խօսուն բովանդակութեամբ: Այս ցուցահանդէսին առիթով «Ազդակ» արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանին հետ  ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Նոր Ջուղա Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» Գիրքին Շնորհահանդէսը Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, վերջերս Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայ գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» գիրքին շնորհահանդէսը: Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան դրուատեց հեղինակին կատարած լայնածաւալ աշխատանքը` շեշտելով,...

Արհեստավարժութիւնը Փոքր Երկրների Դիւանագիտութեան Բացարձակ Պայման

Արհեստավարժութիւնը Փոքր Երկրների Դիւանագիտութեան Բացարձակ Պայման

ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Երեւան Մարդկային գործունէութեան բոլոր բնագաւառներում եղել են արհեստավարժներ եւ կիսագրագէտներ  (սիրողներ), որոնց  միջեւ մշտապէս ընթացել է խուլ կամ բացայայտ պայքար` յաճախ փոխակերպուելով նախանձի ու թշնամանքի: Ապացուցուած է, որ նման իրողութիւնում, եթէ զանազան ուղիներով տուեալ ոլորտում բոյն դրած կիսագրագէտին անգամ յաջողւում է հասնել ասպարէզի բարձունքներին, ապահովել անձնական բարօրութիւն եւ ընկերային բարձր կարգավիճակ, վերջիվերջոյ, նրա առկայութիւնը...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ալիեւներու Ընտանիքը Կը Թալանէ Ազրպէյճանի Քարիւղի Եկամուտները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով` կաշառատւութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ` հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն: Անցեալ շաբաթ լուսաբանեցինք Ազրպէյճանի կաշառատւութիւնը Եւրոպական խորհուրդին...

«Ես Հաւատացի Թէ՛ Հայաստանի Ապագային, Թէ՛ Իմ Ձեռնարկի Յաջողութեանը»

«Ես Հաւատացի Թէ՛ Հայաստանի Ապագային, Թէ՛ Իմ Ձեռնարկի Յաջողութեանը»

«Դիպլոմատ»-ի Հարցազրոյցը «Լեւոն Թրաւել»-ի Տնօրէն Կարպիս Թիթիզեանի Հետ Վարեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ Մեր հայրենակից, «Լեւոն Թրաւել» ընկերութեան տնօրէն Կարպիս Թիթիզեանը, որպէս գործարար, իր գործունէութիւնը Հայաստանում սկսել է դեռեւս անկախութիւնից առաջ: «Լեւոն Թրաւել» ճամբորդական գործակալութիւնը հիմնադրուել է 1958թ., Պէյրութում: 1981թ. փոխադրուել է Լոս Անճելըս: 1991թ.ին բացուել է ընկերութեան երեւանեան գրասենեակը, իսկ 1995թ.ից այն սկսեց գործել նաեւ Թիֆլիս քաղաքում: Պէտք է յիշել, թէ...

Հայաստանի Քաղաքական Բեմը Եւ Սահմանադրութեան Հիմքը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Շուրջ երկու ամիս առաջ, «Առաւօտ» (Aravot.am) կայքէջի Դիմատետրի էջերէն մէկուն վրայ կարդացի հայրենի մտաւորական Պերճ Զէյթունցեանի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ ուզում ես վրէժ լուծել, թուրքերի քթի տակ ստեղծիր բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, որտեղից մարդ չուզենար հեռանալ...»: Յարգելի մտաւորականը կարճ ու դիպուկ նախադասութեամբ մը կը սահմանէ ապագայ Հայաստանի իր տեսլականը` նշելով ազգային քաղաքականութեան խորքային այն արժէքները,  որոնք Հայաստանի գոյութեան կռուաններն են:...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հադրութի Մէջ Զոհուած Ազատամարտիկներուն Նուիրուած Յուշարձանի Բացում Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մայիսի 12-ին այցելած է Հադրութի շրջան եւ Ակնաղբիւր գիւղին մէջ մասնակցած զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է նման յուշարձաններու կառուցումը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ ուխտավայր կը դառնայ գալիք սերունդներուն համար: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան...

Ստացուած Գիրքեր.  Հայապատում  (Հեղինակ` Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան)

Ստացուած Գիրքեր. Հայապատում (Հեղինակ` Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան)

Պատմութիւն Եւ Իրականութիւն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատունէն, «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի միջոցներով 2016-ին լոյս տեսաւ Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանի «Հայապատում. պատմութիւն եւ իրականութիւն» հատորը, բաղկացած` 455 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է Մեծ եղեռնի զոհերու սուրբ յիշատակին: Երկու խօսքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ հատորին բովանդակութիւնը կը կազմեն հայ ժողովուրդի անցեալի պատմական կարեւոր եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք բախտորոշ նշանակութիւն ունեցած են հայ կեանքէն...

Ակնարկ.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

Պաշտօնական լրահոսը տեղեկացուցած է, որ 12 մայիսին կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ու կազմակերպման պետական յանձնախումբի նիստը: 100-ամեակին յատկացուած այս նիստին ներկայացուած են տօնական ձեռնարկներուն վերաբերեալ շարք մը առաջարկներ, քննարկուած են նախարարութիւններուն կողմէ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Համապետական մակարդակով նման յանձնաժողով յառաջացնելը, գերատեսչութիւնները ներառելը եւ հայեցակարգային խնդիրներու քննարկումով նախապատրաստուիլը` հայ ժողովուրդի...

«Այն Օրը,  Երբ Մենք Կ՛ունենանք Հզօր Սփիւռք, Կ՛ունենանք Նաեւ Հզօր Հայրենիք».  Լիբանանահայ Քաղաքական Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներուն Հետ Զրոյցի Ընթացքին Հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան

«Այն Օրը, Երբ Մենք Կ՛ունենանք Հզօր Սփիւռք, Կ՛ունենանք Նաեւ Հզօր Հայրենիք». Լիբանանահայ Քաղաքական Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներուն Հետ Զրոյցի Ընթացքին Հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան

Զրոյցը արտագրեց եւ համադրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներ` Շահան Գանտահարեան` «Ազդակ», Անի Եփրեմեան` «Արարատ» եւ Սեւակ Յակոբեան` «Զարթօնք», երկուշաբթի,  8 մայիս 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ համացանցային զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հոգաբարձութեան նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Ալեքքօ Պէզիքեան եւ հայկական երեք օրաթերթերու խմբագիրները արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր:  Հայաստանի պարագային անոնք...

Արուեստը` Կեանքի Նեկտարը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ «AD & D Sarkissian Partners եւ YM Development» ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական հաստատութիւններուն, «Նոազ արք» ցուցասրահը կազմակերպած է կերպարուեստի յատկանշական ցուցահանդէս մը Ռաս Պէյրութի «Միր Օմար» կառոյցի սրահին մէջ, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 17  մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Այս առիթով հետեւեալ հետաքրքրական եւ ուսանելի հարցազրոյցը ունեցանք «Նոազ արք»-ի տէր եւ...

Տեսակէտ. Բնակարանի Վարձքերու Բռնագաղթիչ Սեւ Օրէնքը

Տեսակէտ. Բնակարանի Վարձքերու Բռնագաղթիչ Սեւ Օրէնքը

Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Լիբանանի վայրի դրամատիրական համակարգի պետութիւնը հրաժարած է իր օրէնսդիր, գործադիր եւ արդարադատ իշխանութիւններէն... յօգուտ դրամատուներուն, մեծ կալուածներուն, կալուածային առեւտուրի մեծ ընկերութիւններուն եւ ապօրինի մրցակցութեանց միջնորդ շանաձուկերուն, որոնք մեծագումար կաշառքներով Լիբանանի խորհրդարանին, կառավարութեան եւ սահմանադրական խորհուրդին վաւերացնել տուին բնակարանի վարձքերու բռնագաղթի սեւ օրէնք մը, որ չնաշխարհիկ է, հակասահմանադրական, հակաօրինական, հակականոնական եւ անտառային, որուն դէմ կը պայքարի 2014-էն ի վեր`...

Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներու Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներու Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ տօնակատարելու Շուշիի ազատագրութեան փառահեղ յաղթանակի 25-ամեակը եւ այդ սրբազան ազատագրութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր  բոլոր ընկերներուն յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու: Որովհետեւ չկայ աւելի՛ վսեմ, աւելի՛ գաղափարական, աւելի՛ վեհ եւ սրբազան բան, քան` ազգի, հայրենիքի եւ արդար դատի համար նահատակուիլը: Հաւաքուած ենք նաեւ միասնաբար ոգեկոչելու, նշելու հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող...

«Ժապաւէնին Մէջ Ռապիհի Ինքնութեան Որոնումը Խորքին Մէջ Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Որոնումն Է. Նպատակս Մարդկային Փորձառութիւն Ցոյց Տալ Է», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վաչէ Պուլղուրճեան

«Ժապաւէնին Մէջ Ռապիհի Ինքնութեան Որոնումը Խորքին Մէջ Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Որոնումն Է. Նպատակս Մարդկային Փորձառութիւն Ցոյց Տալ Է», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վաչէ Պուլղուրճեան

Զրոյցը վարեց` ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ինքնութեան սահմանում(ներ)ը 21-ր դարուն, մանաւանդ աշխարհասփիւռ հայերուս համար, բարդ ձեռնարկութիւն մըն է` ըլլայ գիտական թէ գրական ոլորտներուն մէջ: Լիբանանահայ հեղինակ եւ բեմադրիչ Վաչէ Պուլղուրճեան կը յանդգնի ինքնութեան որոնման հարցը բարձրացնել գեղարուեստական մակարդակի` իր մրցանակակիր «Ռապիհ» ժապաւէնին միջոցով: Մայիս 2016-ին, տիրանալէ ետք Քաննի «Քննադատներու շաբթուան» փառատօնի «Հանդիսատեսներու ընտրութեան» մրցանակին, «Ռապիհ» կը սկսի իր ճամբորդութեան` այս ամիս հասնելու...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Սլաք. Պաշտօնական Եւ Գաղտնագողի… Մաքսանենգութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աւելի քան շաբաթ մը առաջ Հայաստանի լրատու աղբիւրները լուր մը «պայթեցուցին». Երեւանի շուկաներուն մէջ գտնուած է ազրպէյճանական վաճառանիշով խնձոր, գրաւուած է ու` քննութիւն բացուած: Քանի մը օր լուռ մնալէ ետք, նոյն աղբիւրները իմացուցին, որ խնձորները տարրալուծարանի քննութեան ենթարկուած են եւ ի յայտ եկած է, որ... թունաւոր չեն: Դարձեալ լռութիւն, եւ ահա` շռնդալից բացայայտում մը. քննութիւնները ի յայտ բերած...

Հպարտ Ենք Քեզմով…

Հպարտ Ենք Քեզմով…

Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ի երեկոյեան բոլորս հրաւիրուած էինք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն , ներկայ գտնուելու արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան: Պաշտօնական բաժինը վերջ գտնելէ ետք հետաքրքրական էր տեսնել, թէ արուեստասէր հիւրերն ու ներկաները, որքա՜ն զմայլած կը դիտէին իւրաքանչիւր պատկեր, որոնք կը ցոլացնէին արուեստագէտին ինքնուրոյն ոճը եւ իւրայատուկ տաղանդը: Հետաքրքրական էր նաեւ լսել անոնց կարծիքները, որովհետեւ արուեստի մէջ չկայ ճիշդ ու...

Ցեղասպանութեան102-ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

Ցեղասպանութեան102-ամեակի Նշում Եւ Քայլարշաւ

  Երեքշաբթի, 25 ապրիլ 2017-ին Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները Ցեղասպանութեան 102-ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով: Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին` նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ: Նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Չալեան» սրահին մէջ: Զ. դասարանի աշակերտ Ճորճ Տեմիրճեան կարդաց բացման խօսքը, ապա օրուան պատգամը տուաւ Աշոտ Բագրատունի, որ պատմական արագ ակնարկէ մը...

Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշումը Մեսրոպեանի Մէջ

Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշումը Մեսրոպեանի Մէջ

28 ապրիլ 2017-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ նախ կայացաւ արդէն աւանդական դարձած ընդհանուր հաւաքը, ուր վարժարանի աշակերտները ներկայացան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ, մինչ մանկապարտէզի փոքրիկները կը տողանցէին ազգային տարազներով` վերյիշեցնելով կորուսեալ հայրենիքի այն բնակավայրերը,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Եւ  ՀԲԸՄ-ի 111-ամեակի Նշում Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Եւ ՀԲԸՄ-ի 111-ամեակի Նշում Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 27 ապրիլին Պօղոս Գ. Կարմիրեան  վարժարանի աշակերտները  նշեցին  Հայոց  ցեղասպանութեան 102-ամեակը եւ ՀԲԸՄ-ի 111-ամեակը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան  Փափազեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ապրիլ 24- ը դադրած է սուգի ու լացի օր ըլլալէ, այլ  վերածուած է պահանջատիրութեան, արդարութիւն  եւ իրաւունքներու հատուցում հետապնդող օրուան: Ապա աւելցուց` ըսելով, որ մեր պարտականութիւնն  է  տէր կանգնիլ մեր  հայրենիքին,  հետապնդենք  Հայ...

Page 817 of 1110 1 … 816 817 818 … 1,110

Արխիւներ