24 ապրիլ 1915-էն ետք, 6 մայիս 1916-ին ամօթի երկրորդ խարանը կը կնքուէր Օսմանեան կայսրութեան ճակտին, երբ 6 մայիսին օսմանցի նոյն այլամերժ դահիճներու մէկ ներկայացուցիչին` Ճեմալ փաշային հրամանով Պէյրութի եւ Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ կախաղան կը բարձրանային արաբ ժողովուրդի ամէնէն ընտիր զաւակները ու սպանութեան կ՛ենթարկուէին առանց կրօնական ու ազգային խտրութեան:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն կողմէ արիւնարբու կոչուած թուրք դահիճն ու իր գործակալները, կրկին դաժանագոյն սպանդի դիմելով, կը ջանային այս անգամ արաբ ժողովուրդի անկախութեան տենչը խորտակել: 400 տարի արաբական երկիրները խաւարի մէջ պահելով, արաբ ժողովուրդին ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը քայքայելով չէին բաւարարուած անոնք եւ վերջին արարքով մը կը փորձէին խորտակել անխորտակելին` անոր ազատութեան ոգին:
Այս էր երիտասարդ թուրքերուն վարած քաղաքականութիւնը` ազգային ոգի ու գիտակցութիւն ունեցող ժողովուրդները կոտորել, սպաննել, խլել անոնց իրաւունքը, մահուան ու սարսափի տեսարաններով ընկճել անոնց դիմադրողական ոգին` ստրուկներու վերածելով զանոնք:
6 մայիս 1916-ին իր գագաթնակէտին հասաւ արաբ ժողովուրդն ու անոր մտաւորականութիւնը մահուան առաջնորդելու Օսմանեան կայսրութեան վայրագութիւնը:
Այդ օրերուն կախաղան հանուած 22 յեղափոխական տիտաններէն բացի, 1916-ի ամառը գնդակահարուեցան հարիւրաւոր յեղափոխական ու մտաւորական դէմքեր, իսկ ժողովուրդը անարդարութեան դէմ իր բողոքի ձայնը բարձրացնելուն պատճառով սովի ու հալածանքի ենթարկուեցաւ: Պէյրութէն ու Դամասկոսէն մեծաթիւ քաղաքացիներ Տէր Զօրի անապատներ քշուեցան:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրէին հայ եւ արաբ ժողովուրդներու նահատակութեան արեամբ օծուեցաւ սուրիական հողը, ու զոյգ ժողովուրդները դարձան ճակատագրակից եղբայրներ: Վերապրելու եւ ազատութեան տիրանալու անոնց տենչը չխամրեցաւ սակայն: Տարիներու ընթացքին զոյգ ժողովուրդներն ալ փաստեցին, որ անպարտելի է ազատութեան ոգին, անընկճելի է ստրկութիւնը թօթափելու կամքը:
Հայ եւ արաբ նահատակներուն ոգիները սուրիական երկնակամարին վրայ յաւերժութեան ծիածան գոյացուցին, ու զոյգ ժողովուրդները անոր ներքեւ եղբայրաբար ապրեցան:
102 տարի ետք, այսօր նոյն ոսոխը, նորակերտ դահիճներով կը սպառնայ սուրիացի ժողովուրդին: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ բռնապետները կրկին կը ձգտին տիրապետել այս երկրին, ոչնչացնել անոր քաղաքակրթութիւնն ու ատելութիւն սերմանել անոր զաւակներուն միջեւ:
Նոյն ոսոխն է` նոյն ճիւաղային ծրագիրներով: Սուրիոյ ժողովուրդը, սակայն, իր բոլոր երանգներով հզօրացած, վճռած է ապրիլ անկախ, ինքնուրոյն ու պայքարիլ այս անգամ ահաբեկչական տարազով իրենց սուրերը ճօճող դահիճներուն դէմ:
Միեւնոյն տարածաշրջանին մէջ ապրող ու նոյն ճակատագիրը կիսող հայ եւ արաբ ժողովուրդները պիտի շարունակեն բարգաւաճիլ, տէր կանգնիլ իրենց իրաւունքներուն եւ պահպանել իրենց ազգային ինքնուրոյնութիւնը, մինչեւ որ օսմանեան ղեկավարներուն միեւնոյն քաղաքականութիւնը որդեգրող Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւնները ըմբռնեն, որ արդարութեան արեւը կարելի չէ ծածկել ջարդարարի վատ համբաւով:
Այսօր անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ պահել արաբական դատին նեցուկ կանգնելու, Սուրիոյ ժողովուրդին ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն «ցանկալու» Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կեղծիքն ու շրջահայեացութեամբ կարդալ պատմութիւնը` տեսնելու, որ կրօնական լոզունքներով պատերազմ հրահրող կողմերը, իրականութեան մէջ, նորօսմանեան ծաւալապաշտական նկրտումներով տագնապներ կը սրեն, երկիրներ կը քանդեն ու ազգեր արմատախիլ կը դարձնեն:
Ուստի անհրաժեշտ է միասնաբար պայքարիլ կանխամտածուած ծրագիրներուն դէմ: Այս կը թելադրեն ազատութեան բագինին իրենց կեանքը զոհաբերած հայ եւ արաբ նահատակները:
Յարգա՛նք Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան դահիճներուն դէմ ազատութեան ու արդարութեան դրօշ պարզած հերոսներուն, նորօրեայ օսմանցիներու ծաւալապաշտական ծրագիրներուն դէմ պայքարող սուրիական բանակի հայ թէ արաբ նահատակներուն:
Յարգանքի ու հպարտութեան այս զգացումն է, որ պիտի լուսաւորէ արդար դատի հետապնդման նուիրուած ժողովուրդներու ուղին:
«Գ.»