Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում

Մայիս 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ռաուտայի «ԷՀԼԱՆ» ընկերային կեդրոնին, շաբաթ, 29 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «ԷՀԼԱՆ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ոգեկոչում:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, որուն զուգահեռ Զաւէն Գարագաշեան ընթերցեց տարագրութեան յուշեր:

Վանտա Ունճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛արտացոլար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայ գաղթականներուն վերապրելու կամքը, պայմաններն ու կորովը:

«Ինչպէս պահպանել մեր հայկական ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ» նիւթով ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօսը` Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցնող դարու առաջին ոճիրն էր մարդկութեան դէմ, սակայն ցարդ ոճրագործը չէ ընդունած իր կատարած ոճրագործութիւնը եւ ոչ ալ պատրաստակամութիւնը ունի հաշտուելու իր անցեալի պատմութեան հետ: Հանտեան հաստատեց, որ հայոց պատմութեան էջերը վկայ են, որ միշտ սպանդներ կատարուած են մեզի դէմ, տարբեր ժամանակներու եւ շրջաններու մէջ` խլելով հարիւր հազարաւոր զոհեր` աւելցնելով, սակայն, որ 1915 թուականի ապրիլ ամիսը կոչուեցաւ ըլլալ հայ ժողովուրդին չապրելու երթին սկիզբը, երբ պետականօրէն որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ ոչնչացնել հայ ժողովուրդը պատմութեան ապագայի էջերէն եւ քանդել Հայաստանը` վերացնելով զայն քարտէսէն: «Թուրքը փորձեց անմարդկայինը մարդկութեան դէմ, սակայն ձախողեցաւ: Դժբախտաբար մարդկութիւնն ալ իր կարգին տակաւին չկրցաւ հասկնալ, որ պէտք է վերագտնէ իր արժանապատուութիւնը` դատապարտելով թուրքին արարքը», ըսաւ Հանտեան` հաստատելով, թէ կարելի չէ ապաւինիլ ժամանակին, որ կարող է մոռացութեան մատնել կատարուածները: Չկայ այնպէս բան մը, որ 100 տարի ետք դատ մը կը մեռնի: Դատ մը կը մեռնի այն ատեն, երբ դատին տէրը չի հետապնդեր զայն: Ան հաստատեց, որ դատը կը շարունակուի, երբ կայ պահանջատէր ժողովուրդ, որ աննկուն կամքով եւ անխախտ հաւատքով կը շարունակէ իր երթը` անպայման իր նպատակին հասնելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու առաջադրանքով: Շարունակելով իր խօսքը` Հանտեան նկատել տուաւ, որ պարտադրաբար սփիւռքացանք մեր հայրենիքէն հեռու, սակայն կամովին ստեղծեցինք մեր հոգեկան հայրենիքը մեր ներաշխարհին մէջ, որ միշտ մեզի ուժ տալով տէր եղաւ մեր ինքնութեան  իբրեւ հայ` ընդդէմ օտարացնող բոլոր սփիւռքեան փոթորիկներուն: Ան հաստատեց, որ հայը իր անկոտրում կամքով շարունակեց իր երթը` հիմնելով եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն իր նպաստը բերելով իր հաստատուած երկրին բարգաւաճման գործընթացին` աւելցնելով, սակայն, որ այս հանգամանքը բնաւ չխանգարեց հայկական դիմագիծի պահպանման եւ Հայ դատի հետապնդման համար տարուած աշխատանքը: «Սփիւռքի մէջ մեր ինքնութիւնը  պահպանելու գործընթացը հիմնուած է եռասիւն ազգային կառոյցի վրայ` ընտանիք-դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ», հաստատեց Հանտեան` բացատրելով իւրաքանչիւրին ունեցած իւրայատկութիւնը եւ կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ հայկական դիմագիծի պահպանման ի նպաստ: Հանտեան` խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, յորդորեց զանոնք տէր դառնալու իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն, սթափելու եւ զոհը չդառնալու ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւններուն, հեռու մնալու յոռի երեւոյթներէն եւ շարժումներէն, կազմաւորուելու մեր միջավայրին մէջ, ազգային պատկանելիութեամբ, քրիստոնէական շունչով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, հպարտ ըլլալու իրենց ինքնութեամբ, ըլլալու հաղորդական եւ համագործակցող, որպէսզի կարենան աշխատիլ օտարներուն հետ` անոնց ներկայացնելով մեր մշակոյթն ու արժէքները: «Մենք սփիւռքի մէջ, իբրեւ տուեալ երկրի լիիրաւ քաղաքացի, պէտք է սիրաշահինք մեր համաքաղաքացիները` իբրեւ նեցուկ եւ կողմնակից մեր արդար իրաւունքներու տիրացման ճամբուն վրայ: Մենք, իբրեւ հայ ազգի զաւակներ, պիտի բարձրացնենք մեր ձայնը ամէն օր եւ ամէնուրեք յայտարարելով, որ ջարդարար թուրքը պետականօրէն կազմակերպեց եւ գործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ մենք միշտ պիտի յիշենք,յիշեցնենք ու պիտի պահանջենք անոր արդար լուծումն ու հատուցումը», եզրափակեց Յակոբ Հանտեան:

Այնուհետեւ Կարապետ Քէլէշեան մեկնաբանեց հայրենասիրական երգերու փունջ մը:

Աւարտին կեդրոնի տնօրէն Անի Պուճիքանեան շնորհակալական խօսք ուղղեց օրուան բանախօս Յակոբ Հանտեանին եւ յուշանուէրներ յանձնեց անոր:

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ. Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիգէնին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?