Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան Կազմակերպութեամբ. Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն Մէջ» Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

May 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ուրբաթ, 5 մայիս, 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Հիլթըն, Հապթուր Կրանտ» պանդոկին մէջ, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը ներկայացուց, գրող եւ ուսումնասիրող Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն մէջ» (On the Record)

խորագիրը կրող երկու հաստափոր հատորները, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխանները` 1922-էն, այսինքն հիմնումէն մինչեւ 2017 թուական: Զոյգ հատորները ներկայացուց նախկին նախարար Քարիմ  Բագրատունի: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ի մասնաւորի կառավարական եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին եւ հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ան յայտնեց, թէ  հաւաքին կը հրապարակուի Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան քսանմէկերորդ հատորը, որուն խորագիրն է «Արձանագրութիւններու մէջ` հայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, 1922-էն մինչեւ 2017»: Երկու հատորներուն հեղինակն է Ռուբէն Աւշարեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց հատորներուն բովանդակութիւնը` ըսելով, թէ անիկա ուսումնասիրական մանրակրկիտ վերլուծութիւն մըն է խորհրդարանական ժողովներու պաշտօնական ատենագրութեանց, որոնք ցոյց կու տան հայ երեսփոխաններու գործունէութիւնն ու աշխատանքը խորհրդարանին մէջ:

Տեղի ունեցաւ հատորներու հեղինակ Ռուբէն Աւշարեանի կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւն, որուն խորագիրն էր «Պտոյտ մը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ»:

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը` նախկին նախարար Քարիմ  Բագրատունի` ներկայացնելու Ռուբէն Աւշարեանի հատորները: Ան ըսաւ, թէ այս երկու հատորները եկան ցոյց տալու, որ հայերը տարբեր մարզերու մէջ յառաջադէմ ըլլալու կողքին նաեւ մեծ եւ գործնական դեր ունեցած են Լիբանանի քաղաքական եւ օրէնսդրական կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, թէ դժուար եղաւ իրեն համար ընտրել մէկը երեսունմէկ երեսփոխաններէն, որուն գործունէութեան մասին յաւելեալ լուսաբանութիւն տայ, սակայն, նկատի ունենալով, որ հեղինակն ալ զանազան անկիւններէ ներկայացուցած է Ժոզէֆ Շատըրի գործունէութիւնը, ան ընտրեց խօսիլ անոր մասին: Բանախօսը անդրադարձաւ զանազան հարցերու, զորս առաջադրած էր Ժոզէֆ Շատըրը խորհրդարանէն ներս, բարեկարգման նպատակով, եւ որոնք մինչեւ օրս տակաւին կ՛արծարծուին,  օրինակ` ելեկտրականութեան հարցը, որուն մասին անդրադարձած է ան 1952-ին: Ք. Բագրատունի անդրադարձաւ 1952-ին Ժոզէֆ Շատըրի եօթը կէտերէ բաղկացած ընտրական բարեկարգման  վերաբերող առաջարկներուն, որոնց կարգին են համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքի  ջնջումը, կնոջ իրաւունք տալ ո՛չ միայն քուէարկելու, այլ նաեւ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու եւ ընտրուելու երեսփոխան, քուէարկելու տարիքը  տասնութի փոխան քսանմէկի վերածել, քուէարկութիւնը կատարուի գաղտնապահութեամբ, հաստատուին թեկնածուին ծախսերը, ընտրական քարտ չունեցողը պէտք չէ քուէարկէ, յանձնախումբ կազմել, որ հետեւի եւ արձանագրէ ընտրութենէն առաջ եւ անոր ընթացքին կատարուող բոլոր հակասական կարծիքներն ու ընդդիմութիւնները: Ժոզէֆ Շատըր տուած է նաեւ իր տեսութիւնը ո՛չ միայն ներքին քաղաքականութեան մասին, այլեւ արտաքինի, ի մասնաւորի արաբական երկիրներու հետ կապերուն վերաբերող: Ան շեշտած է, որ Լիբանանի դերը պէտք է ըլլայ միջնորդական` արաբական բոլոր երկիրներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ պէտք է ունենայ չէզոք կեցուածք արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ:

Ապա խօսք առաւ հեղինակ Ռուբէն Աւշարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին եւ անոր տնօրէնութեան, որ առիթ ընծայեց հրատարակելու երկու հատորները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետական գրադարանին եւ անոր անձնակազմին, որոնք օգտակար դարձան աղբիւրներու հայթայթման առումով:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Ռուբէն Աւշարեանի երկու հատորները ձեռքին ներկայացած է խորհրդարանի չորեքշաբթի օրուան նիստին ներկայացած է եւ ըսած երեսփոխաններուն . «Հայերը այս հողին աղն են» եւ սկսաւ բացատրութիւն տալ գիրքին բովանդակութեան մասին: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ ինչպէս հայերը միշտ հետամուտ եղած են իրենց ամբողջական ջանքով ու կորովով լուծում գտնելու հարցերուն եւ եզրակացուց. «Մենք պէտք է սորվինք ձեզմէ»:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ սոյն ձեռնարկը ազգային  խորհրդաժողովի պատկեր կը ներկայացնէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Ռուբէն Աւշարեանին իր կոթողական աշխատանքին համար: Ան շարունակեց, թէ երբեմն իրաւաբանի մը կարիքը կը զգացուի, որպէսզի պատմութեան ծալքերը քակէ եւ ապա վերստին կապէ զայն` դիտել տալով, որ թէեւ գիրքը մասնայատուկ նիւթ կը հետապնդէ, սակայն ան մաս կը կազմէ Լիբանանի  ընդհանուր պատմութեան, եւ հոն տրուած դասերը ուղղուած են բոլորին: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան խօսքը աւարտեց մէջբերելով հատորին, իր  գրած յառաջաբանէն պարբերութիւն մը, ուր կապ մը ստեղծեց խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն ունեցած նրբաճաշակ եւ որակեալ աշխատանքին եւ խորհրդարանի շէնքին երկրաչափական նկարագրային կառուցուածքին միջեւ` յայտնելով, թէ անոր երկրաչափն է Մարտիրոս Ալթունեանը, որ ի գործ դրած ու մէկտեղած է երկրաչափական զանազան գիտարուեստական ձեւաւորումներ եւ ինքնութիւններ: Ան մէկտեղած է լիբանանեան, արեւելեան եւ ֆրանսական արուեստը: Վերապատուելի Հայտոսթեան խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ Ալթունեանի խորհրդարանի շէնքը իր նկարագիրով կը պատշաճի Լիբանանի ու անոր ժողովուրդի նկարագիրին, ինչպէս նաեւ կը համընկնի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններուն բերած տարբեր, բայց համադիր ու ներդաշնակ գործունէութեան` շեշտելով, որ անոնք միշտ աշխատեցան երկրին բարօրութեան համար:

Ձեռնարկի աւարտին վերապատուելի Հայտոսթեան մետալով մը պարգեւատրեց հեղինակ Ռուբէն Աւշարեանը:

Նախորդը

Ծանօ՞թ Էք «Հոպի-Հորսինկ»-ին

Յաջորդը

Ապրիլեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.