Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Մսխուած Ժամանակ

Մայիս 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական մթնոլորտը պղտորելը աններելի յանցանք է: Վերջ ի վերջոյ, մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն` անառիկ Շուշիի ազատագրութեան քառորդարեայ տարեդարձն է, եւ ազգովին ամէն պատճառ ունինք խրախճանքներով, հանդէսներով ու շքերթներով նշելու այս օրը:

Պէ՛տք է տօնենք, շահա՛ծ ենք իրաւունքը տօնելու, որովհետեւ հայկական հերոսութեան, հրաշալի սխրանքներու, ռազմական գիտութեան փայլատակումի վկայութեան տարեդարձն է այսօր:

Այս մեծ յաղթանակը կերտողները, նահատակ թէ տակաւին մեր կողքին գտնուող մարտիկները, կ՛ակնկալեն ու կը սպասեն, որ տօնենք այս յաղթանակի օրը, որպէսզի նոր սերունդը գիտակցի անոր նշանակութեան եւ անոր մէջ գտնէ ներշնչման հզօր աղբիւր:

Շուշիի ազատագրութեան ընթացքին նահատակուողներն ու մեր կողքին գտնուող հերոսները, սակայն, կ՛ակնկալեն մեզմէ իւրաքանչիւրէս` առաւե՛լ լրջութեամբ տէր կանգնիլ մեր պարտաւորութիւններուն, ազատագրուած բոլոր տարածքները շէնցնելու եւ Շուշիին վերադարձնելու համար անցեալի փառքը:

Եթէ գնահատենք մեր հաւաքական ներդրումը` ազատագրուած տարածքներուն եւ Շուշիի վերաբնակեցման ծրագիրներուն, ապա կը նկատենք, թէ որքա՜ն մսխած ենք ժամանակը եւ որքա՜ն անպատասխանատու եղած ենք նոյնինքն յաղթանակին ու յաղթանակը կերտողներուն առջեւ:

Մսխուած ժամանակին համար դիւրին է մեղաւորներ փնտռել ու մատնանշելը: Դիւրին է առարկայական թէ ենթակայական պայմաններ վկայակոչելը` բացատրելու համար մեր անգործութիւնը:

Եկէք` հրաժարինք այս սովորական դարձած ու յոգնեցնող արդարացումներէն: Եկէք` հետեւինք այն` մատի վրայ համրուող նուիրեալներուն, որոնք ինքնուրոյն, սեփական նախաձեռնութիւններով կը փորձեն կառուցել, շէնցնել ազատագրուած շրջանէն անկիւն մը, տարածք մը, գիւղ մը, աւան մը:

Մեր շրջանին մէջ մենք ականատես ենք սակաւաթիւ, սակայն նշանակալի աւանդով անհատ բարերարներու, գործարարներու նուիրեալ աշխատանքին` Շուշին եւ ազատագրուած տարածքները զարգացնելու ուղղութեամբ: Եկէք` չբաւարարուինք զանոնք ծափահարելով, գնահատելով, փառաբանելով: Եկէք` մե՛ր ալ լուման միացնենք ու փորձենք մսխուած ժամանակը բազմապատկուած ծրագիրներով ու աշխատանքներով հատուցել:

Եւ կը տեսնէք, թէ յաջորդ տարեդարձին ինչպիսի՛ անխառն երջանկութեամբ կը նշենք յաղթանակի այս օրը:

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազատագրուած Հողը Գին Չունի Եւ Փոխանակելի Չէ (Շուշիի Ազատագրութեան 25-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Հարցազրոյց Կիպրոսի Խորհրդարանի Անդամ Վարդգէս Մահտեսեանին Հետ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?