Յօդուածներ

Շուշիի Ազատագրումն Իմաստաւորեց ԼՂՀ Հռչակումը

Շուշիի Ազատագրումն Իմաստաւորեց ԼՂՀ Հռչակումը

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ «Ապառաժ» Վերջերս լոյս է տեսել պատմական գիտութիւնների դոկտոր-փրոֆեսէօր Վահրամ Բալայեանի «Շուշի. տեղն ու դերը հայոց քաղաքակրթական համակարգում» մենագրութիւնը, որը նուիրուած է Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին: Գրքի լոյսընծայման շարժառիթների եւ, ընդհանրապէս, հայկական իրականութեան մէջ քաղաքի դերակատարութեան մասին «Ապառաժ»-ը զրուցել է հեղինակի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Բալայեան, ինչո՞ւ Շուշի: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի այն հայոց պատմութեան մէջ: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ քիչ բնակավայրեր գոյութիւն ունեն,...

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Նուիրուած Խաչի Տեղադրում Քֆարտըպիանի Մէջ

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Նուիրուած Խաչի Տեղադրում Քֆարտըպիանի Մէջ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին հովանաւորութեամբ եւ «Օքթոփըս թիմ»-ին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 21 մայիսին Քֆարտըպիան շրջանին մէջ տեղադրուեցաւ խաչ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով: «Խաչի տեղադրում ծովուն խորքէն մինչեւ լերան բարձրունք» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ էին երեսփոխաններ, Քֆարտըպիանի քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան կատարեց խաչի օծումը: Այս առիթով խօսք առաւ...

Սէուտական Նախաձեռնութի՞ւն.  «Չենք Կրնար Մեր Պատեանին Մէջ Ապրիլ Միայն»

Սէուտական Նախաձեռնութի՞ւն. «Չենք Կրնար Մեր Պատեանին Մէջ Ապրիլ Միայն»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Արաբական ծոցի տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիան կը նկատուի այն եօթը երկիրներէն մէկը, որ Աստուածաշունչի մեր ընկերութեան աշխատանքային իմ պատասխանատուութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ: Բայց նկատի ունենալով, որ երկիրը «գոց» է քրիստոնէական ներկայութեան համար, կարելի չէ եղած հոն այցելել աշխատանքային իմ երկար տարիներուս ընթացքին: Հաւանաբար պէտք էր սպասել պատեհ օրուան եւ առիթին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կրթական-գիտական եւ...

Սիրոյ Սեղան` Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրոյ Սեղան` Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի երեկոյեան, «Շերաթոն» պանդոկի «Տայմընտ» ճաշասրահին մէջ քուէյթահայութիւնը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Երեկոն սկիզբ առաւ վեհափառ հօր աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժանօ Պեպեճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց` ըսելով. «Վեհափա՛ռ տէր, ձեր նկատողութիւնը ճիշդ էր, որ մեր համայնքի զաւակներու դէմքերուն...

Նոր Հրատարակութիւն

Նոր Հրատարակութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած է Կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքի տեսուչ` Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեանին «ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ ՆՇԱՆ Է» խորագիրը կրող գրքոյկը: Սոյն գրքոյկէն կարելի է ստանալ վերոյիշեալ բաժանմունքի գրասենեակէն:

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Սփիւռք(ներ)ի «Ազգային» Ապագան Եւ Ներկայի Պատասխանատուութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այն պահուն, երբ ստրուկը կ’որոշէ,  որ ինք այլեւս ստրուկ պիտի չըլլայ,  իր շղթաները կ’իյնան: Մահաթմա Կանտի Ազգի մը զաւակներուն համար օտարումը (aliénation) իր անունը չըսող ստրկութիւն է, մեղմ կամ բիրտ գաղութացման հետեւանք: Այս սպառնալիքին ենթակայ են արմատախիլ եղած ժողովուրդները: Արմատխլումը եղած ըլլայ բիրտ ձեւով (հայրենահանում) կամ կամաւոր (աշխատանքի կամ ապաստանեալի): Այս պարզ ըմբռնումի ընդմէջէն պէտք է դիտել սփիւռքեան...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի  – Յունիս Ա. –   Կենսունակ Հալէպը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունիս Ա. – Կենսունակ Հալէպը

Հալէպի ազատագրման  յաջորդող օրերուն քաղաքը արագ կշռոյթով իր կենսունակութիւնը վերագտնել սկսաւ: Պետական մարմիններ քաղաքի հրապարակները մաքրելու, երթեւեկութիւնը կանոնաւորելու, ծառայողական ոլորտը բարելաւելու աշխատանքին ձեռնարկեցին ու կարճ ժամանակի մը մէջ Հալէպի մէջ կեանքը աշխուժ հունի մէջ մտաւ: Հայկական առումով եւս վերականգնումի առաջին քայլերը տեսանելի դառնալ սկսան: Դեկտեմբերի աւարտին Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ Նոր Գիւղի վերականգնումի մեկնարկը յայտարարուեցաւ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Թէ Ինչպէ՛ս Հանդիպեցայ Շիրազին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թէ Ինչպէ՛ս Հանդիպեցայ Շիրազին

ՊԵՏԻԿ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բազմաթիւ եւ բազմագոյն հոսանքներ ուժի ցուցադրութեան պայքար կը մղէին` փոքր Լիբանանը վերածելով պատառոտած ու գունաւոր կարկտաններով հնամաշ հագուստի: Իւրաքանչիւր հոսանք փորձեց իր գոյնը տեղաւորել մեր փոքր քարտէսին վրայ: Այդ օրերուն, այդ թոհուբոհին մէջ կար մէկ ապահով ու հաստատ շրջան, ուր կ՛իշխէր հայը, կը պաշտպանէր իր ժողովուրդը ու կը պահպանէր իր թաղային ու ազգային ապահովութիւնը եւ միասնականութիւնը:...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Արարատի վեհափառ հպարտութեամբ՝ վահագնաշունչ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅը

«Կ’անցնին բոլոր վէրքերն ու բոլոր յուսահատութիւնները, բոլոր նուաստացումներն ու բոլոր ստրջանքները,¬ ինչ որ կը մնայ հայ մանուկն է հայրենի հողին վրայ: Ահա, այս պէտք է ըլլայ մեր Ալֆան ու մեր Օմեղան, մեր ճշմարտութիւնն ու մեր արդարութիւնը: Թող այս օտար եզերքներուն վրայ մեր վերջին երգը լռէ յաւիտեանս յաւիտենից, միայն թէ հայ շինականը լուսաբացին կարենայ իր զուարթութիւնը մրմնջել: «… Կ’անցնին բոլոր փոթորիկներն...

Ակնարկ.  Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Ակնարկ. Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն: Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ: Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է...

Մենք Հոս` Բոլո՜րս Վկայ

Մենք Հոս` Բոլո՜րս Վկայ

(Ընկեր ՇԱՀԱՆ ՖԱՐԱՃԵԱՆի խօսքը՝ Հայաստանի անկախութեան կերտման 99ամեակի հանդիսութեան) 1915-ի ահաւոր ողբերգութենէն հազիւ երեք տարի ետք պոռթկաց հայ ժողովուրդի անընկճելի վճռակամութիւնը, որ պսակուեցաւ մայիսեան յաղթանակով: Անկախութիւնը կու գար դարաւոր ստրկութեան մը ստեղծած յուսալքման ընդդիմացող ուժերու համախմբումով. ուժեր, որոնք հիմնականօրէն տոգորուած էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վճիտ հայրենասիրական զգացումներով: Ըսուած է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը չէ ուզած երբեք իր անունով դրոշմել մայիսեան անկախութեան...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Հալէպ` Մեր Հեքիաթային Քաղաքը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խօսիլ Հալէպի մասին` կը նշանակէ խօսիլ Արեւելքի մասին: Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն: Միլիոնաւոր մարդոց հին ու նոր յիշատակներու խառն բուրում: Քաղաք մը, որուն պատերն ու ճամբաներն իսկ դեռ չպատմուած հեքիաթներ ունին: Հոն կարծես կայ տպաւորիչ ու անզուգական խորհուրդ մըն ալ, որ կապուած է մեր անցեալին հետ` իբրեւ անուշ շարական, իբրեւ աւանդապաշտ ոգիով գրուած պարզ գիրք: Նախ ներկայացնեմ,...

Վերականգնում

Վերականգնում

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հալէպի լուրերը եթէ յաճախ յուսահատական են կենցաղային պայմաններու անփառունակ վիճակին պատճառով, միւս կողմէ` յուսադրիչ են եւ ուրախացնող, որ մեր մշակութային կեանքը բնաւ դադար չառաւ ի հեճուկս համատարած դժբախտութեանց, իսկ պատերազմէն վնասուած կարգ մը ազգային կառոյցներ, տարիներ ամայացած մնալէ ետք, սկսած են երկրորդ կեանքով մը ապրելու, ինչպէս, օրինակ` Ս. Գէորգ եկեղեցին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր...

Խստապահանջ Ու Ծառայասէր Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին

Խստապահանջ Ու Ծառայասէր Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին Անունով Յակոբ Այնթապլեանի Արտասանած Դամբանականը` ԸՆԿ. ԽԱՉԻԿ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆԻ Յուղարկաւորութեան Խաչիկ Պագալեանի ծնունդը կը զուգադիպի 1942 թուականին, երբ մուսալեռցիները որպէս գաղթական կը ժամանէին Պեքաայի այս անշուք անկիւնը եւ հիմը կը դնէին նոր Մուսա լեռ-Այնճարին` աւելի քան հազար զոհ տալով մալարիային, փորհարութեան եւ բնութեան խիստ պայմաններուն... Ընկ. Խաչիկ Պագալեան աչքը կը բանար, ինչպէս Եդուարդ Պոյաճեան կ՛ըսէ, «Շատ գէշ...

Ես Գացի` Բարեւներ Բոլոր Ընկերներուն  (Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին)

Ես Գացի` Բարեւներ Բոլոր Ընկերներուն (Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Է՜, սիրելի ընկեր Խաչիկ, գացիր շատ արագ: Այս քառասուն օրերը  չանցան արագ, ինչպէս սովորաբար կ՛անցնին: Կը փորձեմ ինքզինքս համոզել, որ այլեւս չկաս: Կը փորձեմ   հաշտուիլ  այս իրականութեան հետ, սակայն  միշտ աչքիս դիմացս ես` թեթեւ ժպիտը դէմքիդ: Կը փորձեմ  տեսնել քեզ ձեր փողոցը երթեւեկելու ընթացքին, կամ տան բակի խաղողի որթատունկներուն տակ նստած, թերթ  կարդալու ատեն, սակայն թէ՛ որթատունկին տակ...

Վկայութիւններ` Խաչիկ Պագալեանի Մասին

Վկայութիւններ` Խաչիկ Պագալեանի Մասին

Իրականում չեմ էլ պատկերացնում, որ չկայ ընկեր Խաչիկը, կամ արդեօ՞ք կը լինի մի պահ, որ այլեւս չի լինի նա... Այս ամբողջ ընթացքում վերյիշեցի իր հետ ապրած յատկապէս երեւանեան օրերը. դեռ ականջներուս մէջ է իր ծիծաղը, համով կատակները, բարձր ու տիրական խօսելաձեւը, երբեմն կծու եւ դառն իր ճշմարտախօսութիւնները... Շատ դժուար է հաշտուել սիրելիի կորստի հետ, բայց... Մարդ արարածը սովորում եւ յարմարւում...

Հարցազրոյց Ժպիտ Կազմակերպութեան Անդամներու` Հուրի Գարաճրճեանի, Քարոլ Պապիկեան-Քոքոնիի Հետ

Հարցազրոյց Ժպիտ Կազմակերպութեան Անդամներու` Հուրի Գարաճրճեանի, Քարոլ Պապիկեան-Քոքոնիի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Պատերազմները, տնտեսական տագնապները եւ այլ դժբախտ պատահարներ արգելք կը հանդիսանան պետութեան` լուծելու իր քաղաքացիներուն բոլոր հարցերը: Այստեղ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները մեծ դերակատարութիւն ունին` կանխելով հասարակութեան քանդումը եւ օգնելով, որպէսզի ան յառաջդիմէ: Այստեղ, ԺՊԻՏ-ը` 2008-ին հիմնուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը, պարտականութիւնը կը ստանձնէ օգնելու անտեսուած մանուկներու, որպէսզի անոնք ունենան առողջ, հարուստ եւ աւելի լաւ կեանքի որակ մը: ԺՊԻՏ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչո՞ւ Զայրացած Ենք

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Զայրացած ենք, քանի որ մեր առջեւ պարզուող իրականութիւնը այլեւս խորքային բնոյթ ունի: Մեր աչքերուն մէջ նայելով, նենգումի համակարգը լծուած է գործի՝ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը առեւանգելու եւ զայն փոխարինելու ստապատիր «տեղեկոյթ»ով: Սկիզբը վերագրեցինք չիմացութեան, անհրաժեշտ աստիճանականութեան, դիւանակալ տարրերու անփութութեան: Նոյնիսկ ուրախացանք, որ երբեմնի բոլշեւիկեան կառոյցներէն դուրս եկած մարդիկ սկսած են գնահատելու Գարեգին Նժդեհը եւ Մայիսեան ճակատամարտերու սխրագործութիւնը. սկսած են...

Մոռցէք Լափշինը. Գործ Ունինք Ընելիք

Թիւրըմբռնումի Եւ Շիլ Հաշուարկի Միջեւ. Ո՞ւր Է Գաղափարական Հիմքը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Նորութիւն չէ այն միտքը, որ շարժումներու յաջողութեան նախապայմանը անոնց գաղափարական հիմքն է։ Շարժում մը, ըլլայ ատիկա ազգային ֊ ազատագրական պայքար, կամ ներազգային ու այլ բնոյթի, եթէ պիտի յաջողի (կամ նոյնիսկ եթէ ճամբայ պիտի ելլէ), անհրաժեշտ է որ ունենայ գաղափարական հիմնաւորում։ Ճիշդ է նաեւ այն, որ պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերը տեղի կ’ունենան իբրեւ արդիւնք գաղափարական շարժումներու. գաղափարներու «տարածքն» է, ուրկէ...

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի Արտասանած Խօսքը

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի Արտասանած Խօսքը

Ազգերու պատմութեան հոլովոյթին մէջ անկախութեան համար մղուած մարտերը անկասկած ունին իրենց իւրայատուկ տեղն ու նշանակութիւնը` նկատի առած այն անվիճելի իրողութիւնը, որ նոյն այդ մարտերու երկունքի  ընդմէջէն է միայն, որ կը ծնի տուեալ ազգի ազատ ու արժանավայել կեանքի տիրանալու իրաւունքը: Արդարեւ, որքան ալ ազատութեան եւ անկախութեան տիրանալու ազգի մը ձգտումը ըլլայ հարազատ ու իրաւացի, նոյն այդ անկախութիւնը  կերտելու համար անժխտելիօրէն պէտք...

Page 811 of 1110 1 … 810 811 812 … 1,110

Արխիւներ