Լիբանանահայ Ուսանող Անդրանիկ Սեֆիլեանը Արժանացած Է «Կէյց Քեմպրիճ» Կրթաթոշակին, Ան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Առաջին Կրթաթոշակառուն Է Եւ Պիտի Մասնագիտանայ Աստղաբնագիտութեան Մէջ
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պուրճ Համուտէն Լիբանանեան համալսարան, յետոյ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, իսկ ներկայիս` Քեմպրիճ: Այս բանաձեւը կը ներկայացնէ Անդրանիկ Սեֆիլեանի «ուղեւորութիւնը դէպի տիեզերք», կամ, այլ խօսքով, անոր ուսանողական տարիներու յառաջդիմութիւնը դէպի աստղաբնագիտութեան դոկտորականի թեկնածութիւն` Քեմպրիճի համալսարանին մէջ: Այս առիթով հարցազրոյց կ՛ունենանք Անդրանիկ Սեֆիլեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր եւ իր ծրագիրներուն: Ո՞վ է Անդրանիկ Սեֆիլեանը: Անդրանիկ Սեֆիլեան 24-ամեայ ուսանող մըն...


















