Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերականգնում

Յունիս 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հալէպի լուրերը եթէ յաճախ յուսահատական են կենցաղային պայմաններու անփառունակ վիճակին պատճառով, միւս կողմէ` յուսադրիչ են եւ ուրախացնող, որ մեր մշակութային կեանքը բնաւ դադար չառաւ ի հեճուկս համատարած դժբախտութեանց, իսկ պատերազմէն վնասուած կարգ մը ազգային կառոյցներ, տարիներ ամայացած մնալէ ետք, սկսած են երկրորդ կեանքով մը ապրելու, ինչպէս, օրինակ` Ս. Գէորգ եկեղեցին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Ազգային գերեզմանատունը:

Եթէ իսկապէս սկսաւ Հալէպի վերականգնումի երթը, բոլորս յոյսով եւ հաւատքով կ՛աղօթենք, որ անոր ընթացքը անխափան ըլլայ, բարի եւ ուղղամիտ մարդիկ կանգնին գործընթացին գլուխը, որ պատեհապաշտ, վատոգի ձեռնարկատէրեր դարձեալ չմիջամտեն ու խանգարեն:

Մեծ եւ անչափելի է երկրին վնասը, ոչ միայն նիւթական գետնի վրայ, այլ` բարոյական, մարդասիրական, հոգեմտաւոր… Այս վերջինները շատ աւելի կենսական պահանջներ են, առանց որոնց, ամենաշքեղօրէն վերակառուցուած քաղաքը կը մնայ անդիմագիծ ու անհոգի: Մարդիկ վերագտնելու են իրենց խախտած առողջութիւնը, մարմնապէս եւ հոգեպէս վերականգնելու են իրենց կորսնցուցած վստահութիւնը շատ մը բաներու նկատմամբ…

Մենք, որպէս կարեւոր մէկ օղակը բազմանդամ հալէպեան ընտանիքին, մեր կարելին ըրինք` նպաստելու նաեւ վերոյիշեալ ոլորտներու վերականգնումին: Կենցաղային հարցերու լուծման գծով, իմ կարծիքով, առաջնակարգ դերակատարութիւն ունեցան մեր ազգային-միութենական կառոյցները. նոյնը կարելի է ըսել կրթական, մշակութային, կրօնական ոլորտներուն մասին ալ: Հինգ տարի ամբողջ գաղութը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ ու անկարելին կարելի դարձուց ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու համար: Գտնուեցան այնպիսի հմուտ կազմակերպիչներ, զոհաբերութեան օրինակ հանդիսացող ղեկավարներ, որոնք արժանի են հերոս կոչուելու: Գաղութը գիտցաւ միաւորուիլ, համագործակցութեան աննախադէպ մթնոլորտ ստեղծել` յանուն պատուհասին վնասը նուազագոյնի իջեցնելու:

Սնապարծութիւն թող չնկատուի, եթէ ըսենք, որ աշխարհի որեւէ հայ գաղութ, Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի նման կեցուածք չի կրնար ունենալ, եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, դժբախտութիւնը իր դուռն ալ թակէ:

Մեր ազգային կառոյցները` պետութեան մը հանգոյն, կազմակերպեալ աշխատանք տարին, նոյնիսկ` պետութենէ մը աւելի, քանի որ անոնց անձնուրաց աշխատանքի մղողը ո՛չ դրամական վարձատրութիւնն էր, ո՛չ պաշտօնամոլութիւնը կամ փառամոլութիւնը, այլ նուիրումի ու զոհողութեան հայու ներքին կանչն էր խորտակումի եզրին կանգնած գաղութի նաւը նաւաբեկումէ փրկելու համար:

Դեռ վերջնական հաշուեյարդարի նստելու համար գուցէ կանուխ է, եզրափակիչ գնահատանքներ ու քննադատութիւններ ընելու համար դեռ ժամանակ պէտք է, սակայն այս հանգրուանին ցարդ ձեռք բերուածին մասին չխօսիլն ալ սխալ պիտի ըլլար: Մէկ հանգրուանը միւս փուլին համար խթան ըլլալու է, որպէսզի կարելի ըլլայ պատուով դիմաւորել բաղձալի աւարտը տառապանաց:

 

 

 

Նախորդը

Խստապահանջ Ու Ծառայասէր Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Հալէպ` Մեր Հեքիաթային Քաղաքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?