ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Նորութիւն չէ այն միտքը, որ շարժումներու յաջողութեան նախապայմանը անոնց գաղափարական հիմքն է։ Շարժում մը, ըլլայ ատիկա ազգային ֊ ազատագրական պայքար, կամ ներազգային ու այլ բնոյթի, եթէ պիտի յաջողի (կամ նոյնիսկ եթէ ճամբայ պիտի ելլէ), անհրաժեշտ է որ ունենայ գաղափարական հիմնաւորում։
Ճիշդ է նաեւ այն, որ պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերը տեղի կ’ունենան իբրեւ արդիւնք գաղափարական շարժումներու. գաղափարներու «տարածքն» է, ուրկէ կը մղուին անկիւնադարձային ու ճակատագրական զարգացումներու կռիւները։
Այս իրականութիւնը ճիշդ ըմբռնած էին 19րդ դարու մեր քաղաքական գործիչները։ 1880ական կամ 90ական տարիներու հայկական ազատագրական շարժումի առաջին լուրջ նախաձեռնութիւնները (Ս.Դ.Հ.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի հիմնում) յենած էին այս ճշմարտութեան վրայ։ Արմենականներուն կը պակսէր այս գաղափարական խորքայնութիւնը. Ս.Դ.Հ.Կ.ը թէեւ օժտուած էր գաղափարական հենքով, սակայն անոր կը պակսէր կազմակերպչական համապատասխան կառոյցը։ Այդ պատճառով ալ, անիկա չկրցաւ որակական ու վճռական դեր խաղալ հայկական ազատագրական պայքարին մէջ։
Առարկայական դիտարկումով, տարբեր եղաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պարագան։ Ան, շնորհիւ իր գաղափարական ուժեղ հիմքին եւ կազմակերպական կառոյցին, յաջողեցաւ ոչ միայն թափ տալու մեր ազատագրական շարժումին, այլ դարձաւ ատոր նոյնինքն առանցքը։ Այն աստիճան, որ անոր պատմութիւնը սերտօրէն միաձուլուած է մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան հետ։ Այս կուսակցութիւնը (անոր անդամակցինք կամ ոչ, համակրինք կամ ոչ) յաջողեցաւ վճռական դեր խաղալ եւ անկիւնադարձային փուլեր ստեղծել մեր նորագոյն պատմութեան մէջ՝ նոյնիսկ եթէ ընկրկումներ ալ արձանագրեց անխուսափելիօրէն։
Մեր պատմութեան վերջին 125 տարիներուն ընթացքին, չէ եղած անկիւնադարձային, կամ վճռական փուլ մը, ուր Դաշնակցութիւնը իր խօսքը ըսած չըլլայ, իր դերը խաղացած չըլլայ։ Այդպէս էր Խանասորի պարագային, այդպէս էր 1905ի հայ ֊ թաթարական կռիւներուն ընթացքին (Նիկոլ Դուման), Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ հայ աշխատաւորութեան շահերը պաշտպանելու բովին մէջ, այդպէս էր սուլթան Համիտի մահափորձին պարագային, այդպէս էր ամբողջ Համաշխարհային առաջին պատերազմին ընթացքին, երբ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի վերջ հայութիւնը ունեցաւ իր սեփական պետականութիւնը 28 Մայիս 1918ին։
Եւ տակաւին, այդպէս էր յետ ֊ եղեռնեան ժամանակաշրջանին նոր յառաջացած Սփիւռքի կազմակերպումի պարագային, այդպէս եղաւ Հայ դատի գործնական աշխատանքներու փուլին (70-ական եւ 80-ական տարիներ) ու անկէ ետք։
Այդպէս եղաւ մանաւանդ Արցախեան շարժումի պարագային, երբ Հ.Յ.Դ.ի գաղափարական սկզբունքներու շնորհիւ կարելի եղաւ թէ՛ ազատամարտիկներու ամբողջ սերունդ մը դաստիարակել եւ թէ՛ համաժողովրդային մասնակցութիւն ապահովել նոյն այդ շարժումին, որուն համար վճարուեցաւ անխուսափելի արեան տուրք. որովհետեւ հողը միայն արիւնով կ’ազատագրուի։ Այդ գաղափարականին հաւատացածներէն շատեր վահանով վերադարձան տուն. իսկ ուրիշներ՝ վահանի վրայ, փառքի պսակով։ Ու այսպէս է նաեւ այսօր, երբ գլխաւորաբար նոյնինքն Հ.Յ.Դ.ի 25 տարուան յամառ պայքարին շնորհիւ, մեր երկիրը կը թեւակոխէ պետական կառավարման որակական նոր փուլ մը, ուր հայ քաղաքացին կրնայ վերատիրանալ իր արժանապատուութեան, ազատ կամքի արտայայտութեան եւ տնտեսապէս բարգաւաճ երկիր կառուցելու նախադրեալներուն։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան դաւանած գաղափարական հիմքն էր, որ անցնող Ապրիլին կռիւի ճակատ հասցուց իր կամաւորները եւ այսօր նոյն այդ գաղափարական սկզբունքները իւրացուցած կամաւորներն են, որոնք հայկական բանակի պահեստազօրին խարիսխը կը կազմեն՝ պետական համապատասխան մարմիններուն հետ համադրաբար։
Իսկ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը վերացական աշխարհին չի պատկանիր։ Ան բաղկացած է նոյնինքն այդ գաղափարաբանութեան հաւատացող կամաւորներէն, համեստ անդամներ ըլլան անոնք, թէ միտքի ու բազուկի գործիչներ, կամ մինչեւ իսկ համակիր ժողովուրդ։
Այդ նոյն գործիչներն էին, որոնք միս ու արիւն տուին, կեանքի վերածեցին իրենց հաւատացած գաղափարական սկզբունքները։ Այդ գործիչներն էին, որոնք թէ՛ Դաշնակցութեան ժողովական կարգով տրուած որոշումներուն եւ թէ՛ իրենց գաղափարական հաւատամքին թելադրանքով, ղեկավարեցին մեր պատմութեան անկիւնադարձային փուլերը։ Նոյն այս գործիչներն էին, որոնք յաջողեցան համաժողովրդային դիմադրութեան ալիք ու կամք ստեղծել 1918ի Մայիսին (Արամ Մանուկեան), կարգ մը պարագաներու ալ՝ անձամբ ղեկավարեցին զինուորական գործողութիւնները (Դրօ), այլ պարագաներու՝ «անձեւ քաոսէն» պետութիւն ստեղծեցին (չորս վարչապետները, ինչպէս եւ Նիկոլ Աղբալեան, Ռուբէն ու շատ ուրիշներ)։
Սփիւռքի մէջ, նոյն անկախութեան սերունդէն ետք եկողներն էին, որոնք քաղաքական դիմագիծ տուին սփիւռքահայութեան, զայն դուրս բերին ինքնանպատակ կարգավիճակէն, յաջողեցան քաղաքական ազդակի վերածել Սփիւռքի հայութիւնը՝ Հայ դատի հետապնդման գործին մէջ։ Այդ մարդիկ եւս անուն ունէին, «շօշափելի», տեսանելի անձաւորութիւններ էին՝ Հրայր Մարուխեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Սարգիս Զէյթլեան, Աբօ Աշճեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ բազում ուրիշներ, որոնք, դարձեալ, անշեղօրէն գործեցին Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումներուն ու իրենց դաւանած գաղափարական սկզբունքներուն համահունչ։
Ասոնք են չոր իրականութիւնները եւ կը կրկնենք՝ Հ.Յ.Դ.ին անդամակցելու, անոր համակրելու կամ հակակրելու հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին մինչեւ հոս ըսուածները։
Բուն խնդիրը հոն է, որ երբ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ կը նշուին նման անկիւնադարձային դէպքերու տարեդարձներ՝ առանց անդրադառնալու նոյն այդ դէպքերուն ծնունդ տուող գաղափարակա՛ն ենթահողին։ Սա էապէս վտանգաւոր երեւոյթ է։
Ճիշդ այս խնդրին էր որ վերջերս անդրադարձան գաղափարի ընկերներէս Կարօ Արմէնեան (Ուաշինկթընէն) եւ Սեթօ Պոյաճեան (Լոս Անճելըսէն), դիմատետրով եւ մամուլով։
Կարօ Արմէնեանի բառերով՝ «Առանձնացնել անհատ դաշնակցական գործիչներ (երէկ Նժդեհն ու Անդրանիկը, այսօր Քաջազնունին, վաղը Արամը, Լևոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը), զանոնք խնամքով «անջատել» իրենց գաղափարական արմատներէն և կազմակերպական պատկանելիութենէն և առհասարակ անտեսել այն փաստը, որ անոնք օրը-օրին գործած են Հ.Յ.Դ. մարմիններու և ժողովներու որոշումներով, ոչ միայն բացարձակապէս անօրինաչափ պատմագիտութիւն է, այլ բացայայտ դաւաճանութիւ՛ն՝ մեր նորահաս սերունդին հանդէպ. ան նենգութիւն է ինքն իր ազգին հանդէպ։ Եւ անկախ պետականութեան նորմերով ՝ան քրէական յանցագործութիւն է»։
Խնդրեմ, թող ո՛չ ոք փորձուի մեզի (դաշնակցականներուս) վերագրել Հ.Յ.Դ.ի անուան յիշուած ֊ չյիշուած ըլլալու պարզունակութիւնը։ Բուն խնդիրը, ինչպէս վերը բնութագրեց Կարօ Արմենեան, կը կայանայ հետեւեալ չորս փաստերուն եւ չոր տուեալներուն մէջ.
Ա) Հ.Յ.Դ.ի եւ մեր ժողովուրդի վերջին 125 տարիներու պատմութիւնը սերտօրէն ընդելուզուած են։
Բ) Նոյն այս ժամանակաշրջանին արձանագրուած անկիւնադարձային դէպքերը կարելի չէ դուրս բերել իրենց այս «միահուսուած» նկարագրէն։
Գ) Նոյն այդ դէպքերը ունեցած են համապատասխան ղեկավարներ ու գործիչներ, որոնք գործած են համահունչ՝ Հ.Յ.Դ. մարմիններու եւ ժողովներու որոշումներուն եւ գաղափարական հիմքին։
Դ) Այս գաղափարական հիմքը մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդին ու անոր մշակած քաղաքական մտածողութեան ստեղծած արժէքային համակարգին եւ պատմական յիշողութեան, որ (դարձեալ Կարօ Արմէնեանի բառերով) «մեր ազգային ոգիի ռազմավարական տարածքն է»։
Հետեւաբար, խօսիլ այս անկիւնադարձային դէպքերուն մասին (օրինակ, Մայիս 28, «Նեմեսիս») առանց ընդգծելու այս բոլորին առաջնորդած քաղաքական որոշումներն ու գաղափարական ոգին, կը նշանակէ խառնամբոխի վերածել մեր ժողովուրդը, կը նշանակէ զայն կտրել ու անջատել իր պատմական յիշողութեան ռազմավարական արժէք ունեցող տարածքէն. բան մը, զոր մենք իբրեւ դաշնակցականներ, երբե՛ք թոյլ պիտի չտանք։
Մանկամտութիւն է Հ.Յ.Դ.ի գաղափարականով ու որոշումներով առաջնորդուած գործիչներու դաշնակցական պատկանելիութիւնը «մկրատումով» դուրս նետելու այս մօտեցումը։ Մանկամտութիւն է Հ.Յ.Դ.ն իբրեւ թէ «գովասանքէ» զրկելու մօտեցումը։ Այս կուսակցութիւնը, պարոնայք, երբեք հետամուտ չէ եղած փառքի։ Այս կուսակցութիւնը արեան ու զոհաբերութեան խորհրդանիշ է եւ մենք վերոնշեալ հակադաշնակցական մանկամտութեան ականատես կ’ըլլանք ամէն քայլափոխի, Հայաստանի մէջ, թէ՛ պետական եւ թէ մամուլի բնագաւառներէն ներս։ Յօրանջելու աստիճան ձանձրացած ենք օրինակներ թուելէ։
Յառաջիկայ տարի հարիւրամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան։ Սա լուրջ փորձաքար է հայրենի պետականութեան համար, թէ մեր պետական պատասխանատուները ինչքանո՞վ լուրջի պիտի առնեն նոյն այդ պատմական անկիւնադարձի գաղափարական խորքն ու ենթահողը հարազատօրէն ներկայացնելու մարտահրաւէրը։ Պէտք է վերջ տրուին թիւրըմբռնումներուն եւ շիլ հաշուարկներուն։
Լոս Անճելըս,
1 Յունիս 2017