Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի երեկոյեան, «Շերաթոն» պանդոկի «Տայմընտ» ճաշասրահին մէջ քուէյթահայութիւնը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ:
Երեկոն սկիզբ առաւ վեհափառ հօր աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժանօ Պեպեճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց` ըսելով. «Վեհափա՛ռ տէր, ձեր նկատողութիւնը ճիշդ էր, որ մեր համայնքի զաւակներու դէմքերուն վրայ եւ աչքերուն մէջ կ’երեւին երջանկութեան ու անյագուրդ ուրախութեան շողեր: Երջանկութիւն մը, որ յատուկ է տօնական եւ հարսանեկան օրերու: Բոլորին մէջ կը նշմարուէր հպարտախառն ինքնավստահութիւն մը եւ յաղթանակի ու գոհունակութեան խառն զգացողութիւն մը:
«Այդ երջանկութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա) Տասնեակ տարիներ կը կարծուէր, թէ սեփական եկեղեցի կառուցելը լոկ երազային ձգտում մըն էր, իսկ այսօր անիկա շօշափելի իրականութիւն դարձած է իր ամբողջ շքեղութեամբ:
բ) Մեր ժողովուրդը ուրախ է նաեւ այն պատճառով, որ մեր հաւատքի հզօրացման երաշխիքը հանդիսացող այս նորաշէն սրբավայրը կառուցուած է հայ մտքի ծրագրումով, հայ ժողովուրդի լումայով, հայու բազուկով, հայ ճարտարապետի ստեղծագործութեամբ, հայկական ընկերութիւններու ինքնաբուխ եւ անվարան օժանդակութեամբ:
գ) Նաեւ ուրախ ենք, որ մեր եկեղեցին արժանացաւ ձերդ սրբութեան սուրբ օծումին:
դ) Մեր վերջին եւ կարեւորագոյն ուրախութեան պատճառը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ 2011-ին Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալին` մեր ուսերուն դրած պարտքը փակած ենք լիիրաւ կերպով»:
Ապա գործադրուեցաւ իւրայատուկ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ներկաները նաեւ հետեւեցան նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութեան փուլերուն, ուր երեւան ելան եկեղեցւոյ ճարտարապետներ Գրիգոր Պետիրեանի, Պետրոս Պետիրեանի եւ ճարտարապետ Պարգեւ Տեմիրճեանի ճարտարապետական եւ արհեստագիտական հմտութիւնները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յարութ Պետիրեանը, որ համայն քուէյթահայութեան անունով նախ բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին, որուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Օրհնաբեր օրեր ու մեծ պատիւ է մեզի համար ձեր ներկայութիւնը մեր գաղութին մէջ: Ձերդ սրբութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դրաւ հաւատքի առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան բեղմնաւոր ճանապարհներուն վրայ` հաւատքով, ամբողջական նուիրումով, գիտակից յանձնառութեամբ ու վառ տեսիլքով: Դուք ամբողջական գիտակցութեամբ, գերմարդկային ճիգերով եւ պատուաբեր նուաճումներով հարստացուցիք մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքը: Անթիլիասը ճառագայթեց թեմերուն մէջ, եղաւ հոգեկան, մտային ու ֆիզիքական ներկայութիւն»:
Անդրադառնալով միջազգային բեմերու վրայ վեհափառ հայրապետին վարած լայնածաւալ գործունէութեան` ըսաւ. «Դուք յարաբերութիւններու հսկայ շրջագիծ մը ստեղծեցիք եկեղեցական, քաղաքական շրջանակներու ու ղեկավարներու հետ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ախոյեանը դարձուցիք եկեղեցիներու միութեան շարժումին եւ երկար տարիներ ղեկավարեցիք այդ շարժումը: Ձեր բոլոր ճիգերը ի գործ դրիք Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի հարցին համար: Ախոյեանը եղաք Հայ դատի համար մղուած պայքարին: Քուէյթահայութիւնը այսօր կու գայ վերահաստատելու եւ ամրագրելու իր պատկանելիութիւնն ու ամբողջական հաւատարմութիւնը` Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին: Այս պատկանելիութիւնը լոկ վարչական կապ մը չէ մեզի համար, այլ գիտակցութիւն է` պատմութեան եւ ազգային անժամանցելի արժէքներուն, Հայ դատ է, Արեւմտահայաստան է եւ Կիլիկիա է: Մենք բոլորս հպարտ ենք ձեզմով եւ կը մաղթենք ձեզի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարատեւ յաջողութիւններ եւ նուաճումներ: Բոլորս հաւատքի առաքելութեան եւ ծառայութեան ծառաներն ենք` ձեր գլխաւորութեամբ»:
Եզրափակելով իր խօսքը` Յ. Պետիրեան հաստատեց, որ համայն քուէյթահայութեան հաւաքական ուխտը կատարուած է, եւ այսօր եկեղեցւոյ սեփական շէնքը յաղթական ներկայութիւն է Քուէյթի գաղութին համար:
Յիշատակութեան արժանի է, որ նշեալ երեկոյին Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Մահեր Խէյր իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց կաթողիկոսին այս աննախընթաց իրադարձութեան համար եւ շնորհաւորեց քուէյթահայութիւնը` ի տես այս մեծ նուաճումին:
Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` ըսելով. «Վեհափա՛ռ տէր, ձեր մեկնումէն ետք մեզի պարգեւուած այս յիշարժան օրերը, պահերն ու ապրումները հպարտութեամբ, հրճուանքով եւ ուրախութեամբ լեցուցին մեր սիրտերը: Ուստի, կը խոստանանք եւ կ՛ուխտենք, որ նոյն ուրախութիւնը, ցնծութիւնն ու ջերմեռանդութիւնը պիտի պահենք մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ` ձեր պատգամները, ցուցմունքները եւ խրատները միշտ կենդանի պահելով մեր յիշողութեան եւ առօրեային մէջ»: Ապա իր խօսքը ուղղելով կաթողիկոսին` ըսաւ. «Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գերագոյն իշխանութիւն` մեզի համար ձեր ներկայութիւնը մեր մէջ մեծագոյն հպարտանք է: Եւ ինչպէս դուք, վեհափա՛ռ տէր, 2017 տարին «Վերանորոգման տարի» հռչակեցիք, ձեր ներկայութիւնը թէ՛ օրհնութեան եւ թէ՛ վերանորոգութեան առիթ մը պէտք է հանդիսանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար` թէ՛ որպէս հոգեւորական եւ թէ՛ որպէս աշխարհական, ձեր սուրբ քայլերուն հետեւելու եւ մեր կեանքին մէջ ձեզ ընդունելու որպէս տիպար ղեկավար, առաջնորդ եւ հայրապետ, որ կրցաւ հայ ժողովուրդը առաջնորդել դէպի խաղաղ նաւահանգիստ»:
Հայր սուրբը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Քուէյթի նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման եւ Ազգային առաջնորդարանի բացման առիթով Ազգային իշխանութեան կողքին կանգնած ազգային բարերարներուն եւ նուիրատուներուն` ըսելով. «Անոնք ընդհանրական ցաւը բաժնեցին, մտահոգութիւնը կիսեցին, յոյս ներշնչեցին եւ իրենց նիւթական ներդրումներով յաջողութեամբ պսակուեցաւ մեզի վստահուած գործը»:
Ապա հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը` շքանշաններով պարգեւատրելու գաղութին ծառայած ազգայինները:
Արամ Ա. յուշանուէրով մը պատուեց նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանը:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր խրախուսիչ պատգամը յղեց ներկաներուն` ըսելով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խօսքը իր գործն է, եւ իր գործը էապէս ծառայութիւն է: Արդ, իմ փափաքս է, որ այս գաղութին մէջ ծառայողներուն, գործողներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն թիւը բազմանայ, որպէսզի իրենցմով մենք հզօրանանք»:
Կարեւոր նկատելով ժողովուրդի մը երազանք ունենալու անհրաժեշտութիւնը` հայրապետը ըսաւ. «Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ երազ չունի: Ժողովուրդներ իրենց ազգային գաղափարախօսութիւնը կը վերածեն ամէնօրեայ տագնապի: Այսպէս է նաեւ մեր ժողովուրդը սփիւռքի տխուր պայմաններուն մէջ: Հարիւր տարիէ ի վեր, Ցեղասպանութենէն ետք, բաժան-բաժան եղանք, գաղթական դարձանք, սակայն մնացինք հայ, որովհետեւ ամէն օր հայ ըլլալը մեզի համար պիտակ չէր, տագնապ էր: Որոշեցինք հայ մնալ եւ մնացինք: Հետեւաբար, սիրելի՛ Քուէյթի հայութիւն, եկեղեցւոյ եւ Ազգային առաջնորդարանի շինութիւնը, վստահ եմ, ձեզ պիտի համախմբէ այս կեդրոնական կառոյցներուն շուրջ»:
Որպէս եզրակացութիւն, վեհափառ հայրապետը հայութեան համախումբ ներկայութիւնը կարեւոր նկատելով, ըսաւ. «Հայութիւնը Հայ դատ է, համախումբ ներկայութիւն է եւ մասնակցութիւն է մեր հաւաքական կեանքին, եւ անկէ հեռու` ես չեմ կրնար հայութիւն երեւակայել: Հայութիւնը, ինքնակեդրոն, անձնակեդրոն գոյութիւն մը չէ, այլ հաւաքական ներկայութիւն է, հաւաքական կեանք է, հաւաքական պայքար է, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Ահաւասիկ կառուցեցիք ձեր հաւատքի տունը: Պատի՛ւ ձեզի: Նոյն գիտակցութեամբ, վստահ եմ, որ աւելի պիտի ծաղկեցնէք ձեր համայնքը, բառին ամբողջական իմաստով: Ապրի՛ք, հազա՛ր ապրիք, Քուէյթի հայութիւն»:
Անկէ ետք Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Երեսփոխանական ժողովի դիւանը կաթողիկոսին յանձնեց գեղեցիկ յուշանուէր` խաչ մը, առ ի երախտագիտութիւն անոր բոլորանուէր ծառայութեան եւ քուէյթահայութեան հանդէպ ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան ու քաջալերանքին:
«Պահպանիչ» աղօթքով իր աւարտին հասաւ վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը ի Քուէյթ` քուէյթահայութեան յիշողութեան մէջ անջնջելի դրոշմ մը ուրուագծելով, որ գոհունակ սիրտով բաժնուեցաւ սրահէն` իրեն հետ տանելով «Քուէյթահայութեան պատմական սխրագործութիւնը» խորագրեալ գրքոյկը, որ ինքնատիպ եւ բծախնդիր աշխատանք մըն էր` անմահացնելու քուէյթահայութեան պատմական երթը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ: