Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խստապահանջ Ու Ծառայասէր Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին

June 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէին Անունով Յակոբ Այնթապլեանի Արտասանած Դամբանականը` ԸՆԿ. ԽԱՉԻԿ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆԻ Յուղարկաւորութեան

Խաչիկ Պագալեանի ծնունդը կը զուգադիպի 1942 թուականին, երբ մուսալեռցիները որպէս գաղթական կը ժամանէին Պեքաայի այս անշուք անկիւնը եւ հիմը կը դնէին նոր Մուսա լեռ-Այնճարին` աւելի քան հազար զոհ տալով մալարիային, փորհարութեան եւ բնութեան խիստ պայմաններուն…

Ընկ. Խաչիկ Պագալեան աչքը կը բանար, ինչպէս Եդուարդ Պոյաճեան կ՛ըսէ, «Շատ գէշ տեղ մը եւ շատ գէշ թուականի մը»…

Ան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Այնճարի Ազգային «Յառաջ» եւ միջնակարգ` Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Տակաւին պատանի` կը թրծուի ազգային հայրենասիրական եւ դաշնակցական ոգիով, որ նաեւ իր ընտանիքի տիրական մթնոլորտն էր…

Ինք հասակ առած էր ընկ. Թադէոս Պագալեանի հովանիին տակ, որ ժամանակի պատասխանատու անձնաւորութիւններէն էր.

Ընկ. Խաչիկ առիթ չէր ունեցած բարձրագոյն կրթութեան հետեւելու, սակայն ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերած էր գիտելիքներու լայն պաշար եւ հայերէնի կողքին տիրապետած էր արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

Փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, ապա մուտք գործելով ՀՅԴ շարքերը` ստանձնած էր այլազան պարտականութիւններ` մաս կազմելով կոմիտէի յանձնախումբերուն, ազգ. վարժարանի խնամակալութեան եւ որպէս ազգ. երեսփոխան երկար տարիներ Այնճարի հայութիւնը ներկայացուցած էր ազգ. ժողովներուն եւ իշխանութեանց մօտ…

Ան աշխուժ գործունէութիւն ունեցած էր նաեւ Այնճարի միջազգային փառատօնի յանձնախումբին մէջ` իր դրական ներդրումը ունենալով հոն:

Ան բազմաթիւ անգամներ մաս կազմելով ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի կազմին` ստանձնած էր նաեւ ներկայացուցիչի պարտականութիւնը Լիբանանի քաղաք. պատերազմի նախօրեակին. բազմիցս մաս կազմած է նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի շրջանային ժողովներու` որպէս շրջանէս պատգամաւոր:

Նկարագիրով եղած է խստապահանջ դաշնակցական, ծառայասէր եւ բծախնդիր` իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ:

Ան հիմնադիր անդամներէն եղած էր Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ իր ծառայութիւնը տարածած էր նաեւ կրթական եւ մշակութային բնագաւառէն ներս:

Ընկ. Խաչիկ գործակցած էր սփիւռքի ականաւոր ղեկավարներէն ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին հետ եւ մտերիմ ընկերն էր Այնճարի նահատակ ընկ. Զաւէն Թաշճեանին…

Իր կեանքի ուղին եղած է բազմաբնոյթ, նախ` աշխատելով Այնճարի պարտէզներուն մէջ, ապա նաեւ եղած է «Ֆրէյժի» հաստատութեան ագարակներու ընդհանուր տնօրէն:

Հայաստանի անկախութենէն ետք ընկ. Խաչիկի հայրենասիրութիւնը զինք մղեց Հայաստան, ուր աւելի քան 7-8 տարի պաշտօնավարեց գիւղատնտեսական արտադրութիւններ ներածող ընկերութեան մը մէջ` որպէս գործադիր տնօրէն:

Այս նոյն ժամանակամիջոցին ընկ. Խաչիկ իր ողջ կարելիութիւնները ի գործ դրաւ օգտակար հանդիսանալու շատ մը կարօտեալ ընտանիքներու:

Ռոզիկ Սէպէեանին հետ ամուր ընտանիք կազմելով` ծնունդ տուին Թադէին եւ Թալինին, որոնք հասակ առին հարազատ մուսալեռցիական, դաշնակցական մթնոլորտի մէջ` միշտ պատրաստ ըլլալով ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին:

Անվարան կարելի է ըսել, որ Այնճարի վերջին յիսուն տարիներու պատմութեան մէջ ընկ. Խաչիկ Պագալեանի ներդրումը եղած է զգալի` գիւղի մշակութային, կրթական, կուսակցական եւ մանաւանդ ապահովական բնագաւառներէն ներս:

Այսօր հողին կը յանձնենք մեր երէց դաշնակցականներէն այն ընկերը, որ գիտէր քաջաբար դիմադրել բոլոր փորձութիւններուն եւ անձնական օրինակով ցոյց տալ երիտասարդ սերունդին ազգասիրութեան հայրենասիրութեան եւ անշահախնդիր ծառայութեան ուղին:

Ընկ. Խաչի՛կ,

Յարգա՛նք վաստակիդ ու յիշատակիդ:

Յանուն ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուն` ցաւակցութիւն կը յայտնեմ կնոջդ, զաւակներուդ, ընտանեկան պարագաներուդ եւ բարեկամներուդ` խոստանալով, որ ձեր սերունդի աշխատանքը շարունակել նոյնքան վճռական եւ աննահանջօրէն….

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր:

 

 

Նախորդը

Ես Գացի` Բարեւներ Բոլոր Ընկերներուն (Խաչիկ Պագալեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Վերականգնում

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.