Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Պատերազմները, տնտեսական տագնապները եւ այլ դժբախտ պատահարներ արգելք կը հանդիսանան պետութեան` լուծելու իր քաղաքացիներուն բոլոր հարցերը: Այստեղ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները մեծ դերակատարութիւն ունին` կանխելով հասարակութեան քանդումը եւ օգնելով, որպէսզի ան յառաջդիմէ: Այստեղ, ԺՊԻՏ-ը` 2008-ին հիմնուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը, պարտականութիւնը կը ստանձնէ օգնելու անտեսուած մանուկներու, որպէսզի անոնք ունենան առողջ, հարուստ եւ աւելի լաւ կեանքի որակ մը:
ԺՊԻՏ կը բաղկանայ 11 կամաւոր կիներէ` Ժանեթ Աթեշեան (նախագահ), Քարոլ Պապիկեան-Քոքոնի, Թալին Պոլատեան, Տորին Ալ-Զէյն, Արուին Իսքենտերեան, Հուրի Գարաճրճեան, Թալին Խշուաճեան, Թալին Նահապետեան, Կարինէ Փիրանեան, Միրնա Սարգիսեան եւ Քարլա Թիւթիւնճեան, որոնք նուիրուած են ժպիտ գծելու մանուկներու երեսներուն վրայ: Այս կիները խելացիօրէն գտած են միջոց մը` զուարճացնելու թէ՛ իրենց բարերարները, թէ՛ կարիքաւոր մանուկները:
Այս կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասին յաւելեալ ծանօթութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր անդամներէն Հուրի Գարաճրճեանի եւ Քարոլ Պապիկեան-Քոքոնիին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ ԺՊԻՏ կազմակերպութիւնը:
ՀՈՒՐԻ ԳԱՐԱՃՐՃԵԱՆ.- Մեր կազմակերպութեան նախագահ Ժանէթ Աթէշեան շուրջ 9 տարի առաջ մտայղացում մը ունեցած է` Լիբանանի հայութեան համար բարի աշխատանք մը տանելու: Ուրեմն այս նպատակին շուրջ քով-քովի եկան 11 կիներ, անշուշտ` կամաւոր եւ նուիրեալ հայ կիներ, որպէսզի օգտակար դառնան հայ ազգի զաւակներուն: ԺՊԻՏ-ը առանձին հաստատութիւն մը չէ, այլ իր աշխատանքը կ՛իրականացնէ հաստատութիւններու հետ` անոնց ընկերային ծառայողներուն ճամբով: ԺՊԻՏ-ը կը համագործակցի նաեւ Ազգային առաջնորդարանին հետ, որուն միջոցով 20 ընտանիքներու օգտակար կը դառնայ ամէն ամիս:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը կատարէք ձեր օժանդակութիւնները:
ՔԱՐՈԼ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ՔՈՔՈՆԻ.- Մենք կը գործակցինք Պուրճ Համուտի հաստատութիւններու ընկերային ծառայողներուն հետ, որոնք լաւապէս ծանօթ են Պուրճ Համուտի հայ հասարակութեան: Անոնցմէ կ՛իմանանք այն յատուկ պարագաները, որոնք օժանդակութեան կարիք ունին: Երբեմն ուղղակի մեզի կը դիմեն, եւ մենք կը սերտենք պարագաները եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կ՛աշխատինք օգտակար դառնալ:
Ամէն տեսակի օժանդակութիւններ կը կատարենք. կարգ մը ընտանիքներու ամէնօրեայ ուտեստեղէնի գնումները կը կատարենք, կարգ մը մանուկներու բժշկական հարցերը կը կարգաւորենք` որոշ վճարումներ ընելով: Աշակերտներ ունինք, որոնց դէպի դպրոց երթեւեկութեան ծախսերը կը հոգանք: Կախեալ է, թէ ինչի՛ պէտք ունի ընտանիքը:
Հ. Գ.- 20-25 ընտանիքի ամսական դրութեամբ օժանդակութիւն կու տանք, որպէսզի անոնց մանուկները հանգիստ ու բարօր կեանք մը ապրին: Կ՛աշխատինք նաեւ կրթական հաստատութիւններու միջոցով ալ օգտակար դառնալ: Կրթանպաստներ կու տանք կարիքաւոր աշակերտներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն եւ քաջալերուին: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով համալսարանականներու կրթանպաստներ տուինք:
Տրուած ըլլալով, որ ոչ կառավարական կազմակերպութեան զօրութիւնը արագ պատասխանելու մէջ կը կայանայ, ԺՊԻՏ կը փնտռէ ամէնէն ծանր եւ շտապ պարագաները, ոչ միայն գործակցելով 25 դպրոցներու հետ, այլ համագործակցելով նաեւ ոչ կառավարական այլ կազմակերպութիւններու հետ, աւելի մեծ արդիւնք տալու համար:
Ք. Պ. Ք.- Ըսենք նաեւ, որ մենք` անդամներս, անձամբ կը հետապնդենք հարցերը: Բազմաթիւ պատանիներու եւ մանուկներու մենք անձամբ կը տանինք բժիշկի, եւ բոլոր պարագաներուն ալ կը հետեւինք մինչեւ վերջ: Առաւելաբար կը դիմենք այն բժիշկներուն, որոնք մեզի հետ կը գործակցին: Երբեմն պէտք եղած գումարները շատ մեծ կ՛ըլլան, մենք մեր կարգին կ՛օգնենք, նոյն ատեն ուղղութիւն կու տանք, թէ ո՛ւր կրնան դիմել օժանդակութիւն ստանալու համար:
Հ. Գ.- Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք մեր աշխատանքներուն, ի յայտ կու գայ, որ մենք ամէն տարի Կաղանդին 450 նուէր-տուփեր կը բաժնենք ընտանիքներուն: Նախորդ տարի ազգային վարժարաններու աշակերտներուն շուրջ 1000 կօշիկ բաժնեցինք, անկէ առաջ` վերարկուներ: Հայկական վարժարաններու համակարգիչներ ալ տրամադրած ենք, վառարաններ, եւ` ինչ որ անհրաժեշտ է, որ ուսում ստանան լաւ պայմաններու մէջ: Պատահած է նաեւ, որ անկողիններ տրամադրած ենք մանուկներուն, որ հանգիստ պայմաններու մէջ հասակ առնեն: Մանուկները, երբ նոր բան մը ունենան, շատ կ՛ուրախանան: Այս օգնութիւնները եւ օժանդակութիւնները ոչ թէ օրուան հարցերը լուծելու համար է, այլ` ապագայի հանդէպ մեր մանուկներուն հայեացքը փոխելու, աւելի լաւը ցանկալու:
Կազմակերպութիւնը օգնութեան որեւէ կոչ չ՛անտեսեր, այնքան ատեն որ ատիկա կը վերաբերի մանուկներու բարեկեցութեան: Կը հայթայթէ վառարաններ` մանկամսուրներուն, համակարգիչներ եւ հեռատեսիլներ` դպրոցներուն, եւ ապահով խաղավայրեր` միջնակարգ դպրոցներուն, կամ կ՛օժանդակէ ստեղծելու Սքոլիոսիզի գօտի` պատանիի մը համար, լսողութիւնը դիւրացնելու գործիք` փոքր աղջկան մը համար, եւ կը ֆինանսաւորէ քաղցկեղի բուժումը` պատանի տղու մը: Ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են ԺՊԻՏ-ի իրականացուցած ծրագիրներէն:
Ք. Պ. Ք.- Շատ կարեւոր կը նկատենք նաեւ, որ տարին երկու անգամ դպրոցները դուրս հանեն իրենց աշակերտները եւ տանին պտոյտներու կամ հանրային զբօսավայրեր: Արտադասարանային պտոյտները շատ կարեւոր են մանուկներու բնականոն աճին ու զարգացման: Կ՛աշխատինք անպայման ցոյց տալ աշակերտներուն, որ իրենց ապագան կրնայ ուրիշ տեղ ըլլալ, դուրս ելլելով` կրնան գեղեցիկ բաներ տեսնել եւ ձգտում կ՛ունենան աւելի պայծառ ապագայի: Ուտելիքը եւ հագուելիքը շատ կարեւոր են, բայց ուսումնառութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր է, որպէսզի ապագային մարդը արժանապատիւ գործ մը ունենայ. ահա այս մտահոգութենէն մեկնելով` համալսարանականներու կրթանպաստներ տուինք այս տարի: Երբ դուն յարգես մանուկը, ան ալ կը յարգէ քեզ եւ այսպէս երջանիկ մանկութիւն մը կ՛ունենայ:
Ժպիտը ունի նաեւ Դիմատետրի իր էջը, ուր հանգամանօրէն կը տեղադրուին մեր գործունէութիւնները եւ ծրագիրները, շատեր այդ էջին միջոցով մեզի կը դիմեն` որպէս բարերար կամ որպէս կարիքաւոր:
«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուիք ձեր աշխատանքի ընթացքին:
Հ. Գ.- Հիմնական դժուարութիւն նիւթականի ապահովումն է: Ունինք մեր բարեկամները, որոնք կը հաւատան մեր ըրած բարեգործութեան, գիտեն եւ կը տեսնեն, որ իրենց յատկացուցած գումարները նպատակի մը համար կը գործածուին: Մենք ամէն բանէ առաջ կ՛աշխատինք զգացնել օժանդակութիւն ստացած ընտանիքներուն եւ փոքրիկներուն, որ իրենք առանձին չեն աշխարհի վրայ, իրենց մասին մտածող կայ, իրենց խնդիրներուն լուծում որոնող մարդիկ կան:
Բայց ԺՊԻՏ կը նկատէ, որ կեանքի կարիքներէն աւելի, մանուկները կը յաջողին, երբ անոնք ուրախ են: Այստեղ ԺՊԻՏ իր կոչումէն դուրս կ՛ելլէ եւ կը կազմակերպէ պտոյտներ` հարիւրաւոր մանուկներու համար, որպէսզի յայտնաբերեն եւ համարկուին իրենց շրջապատող աշխարհին հետ: Այս կիները մանուկները անձամբ կը տանին վայրեր, ինչպէս Planètes de la Découverte, Kidzmondo, կրկէս եւ մշակութային ձեռնարկներու, որոնք մանուկներուն թոյլ կու տան երազել աւելի լաւ աշխարհի մը մասին եւ տեսնել կեանքի կողմ մը, որ իրենց ներկայ կացութիւնը չի ներեր:
Ք. Պ. Ք.- Երբ դուն կը կառուցես վստահութիւն, մարդիկ կը հաւատան քեզի եւ կողքիդ կը կանգնին: Նշեմ նաեւ, որ մենք կ՛աշխատինք գոհ եւ ուրախ պահել նաեւ մեր բարերարները: Տարին անգամ մը կը կազմակերպենք այցելութիւն` մշակութային եւ պատմական վայրեր, թանգարաններ. օրինակ` մեր մէկ այցելութիւնը եղաւ Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:
Կը կազմակերպենք նաեւ մեր տարեկան հասութաբեր ճաշկերոյթը, ուր ներկայ կ՛ըլլան 200-300 հոգի:
«Ա.».- Խօսինք ձեր առաքելութեան մասին:
Հ. Գ.- Մենք կամաւոր կ՛աշխատինք, որպէսզի ուրախ պահենք հայ ազգի զաւակներ: Ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք, որպէսզի հայ մանուկներու երեսին վրայ միայն ժպիտը տեղ գտնէ: Կը հաւատանք, որ փոքրիկ տարբերութիւն մը իրենց կեանքին մէջ բաւարար է` գոհունակ պահելու հայ ընտանիքը:
Շնորհիւ այս կիներուն եւ շաբաթական հանդիպումներուն, իրազեկման եւ դպրոցներու, բժիշկներու, ընտանիքներու եւ ընկերային ծառայողներու հետ ուղղակի կապին` ԺՊԻՏ կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ` ԺՊԻՏ ԳԾԵԼ ՄԱՆՈՒԿԻ ԵՐԵՍԻՆ ՎՐԱՅ:
Ք. Պ.- Մեր խմբակի անդամները իրենց ամբողջ ժամանակը եւ կարողութիւնը կամաւորապէս կը տրամադրեն` փոխարէնը ստանալով մանուկի մը ժպիտը եւ տեսնելով անոր ընտանիքին հանգստութիւնը: Մենք կ՛ուզենք, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ըլլան առողջ, մէկու մը կարիք չունենան եւ արժանապատուօրէն աշխատին, ընտանիք պահեն ու զարգանան: