ՊԵՏԻԿ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բազմաթիւ եւ բազմագոյն հոսանքներ ուժի ցուցադրութեան պայքար կը մղէին` փոքր Լիբանանը վերածելով պատառոտած ու գունաւոր կարկտաններով հնամաշ հագուստի: Իւրաքանչիւր հոսանք փորձեց իր գոյնը տեղաւորել մեր փոքր քարտէսին վրայ:
Այդ օրերուն, այդ թոհուբոհին մէջ կար մէկ ապահով ու հաստատ շրջան, ուր կ՛իշխէր հայը, կը պաշտպանէր իր ժողովուրդը ու կը պահպանէր իր թաղային ու ազգային ապահովութիւնը եւ միասնականութիւնը:
Մեր թաղային ակումբները վերածուած էին մեղուի փեթակներու, անընդհատ եռուզեռով, գիշեր թէ ցերեկ մեր տղաքը թաղերուն զինեալ պաշտպանութեան եւ նոյնիսկ թաղեցիներուն պարենաւորման հարցերով կը զբաղէին, նոյնիսկ` արեան գնով: Եւ մեր փոքր Պուրճ Համուտը դարձաւ բոլորին գնահատանքի առարկան:
Կարճատեւ խաղաղութեան դադարներէն օգտուելով, ինքզինքիս կարճ արձակուրդ մը տալով, որոշեցի այցելել հայրենիք` Արարատը տեսնելու մարմաջով տարուած: Արդէն քանի մը օր էր, որ տեղաւորուած էի ատենին հռչակաւոր, եթէ ոչ միակ «Արմենիա» պանդոկը ու կը փորձէի տեսնել, գիտնալ, ծանօթանալ ամէն ինչի, որ «հայաստանեան» էր:
Այդ օրերուն Հայաստանը տակաւին խորհրդային էր, բայց Երեւանի լայն ու մաքուր պողոտաները դրուած էին հայերէն խօսող ոստիկաններուն հսկողութեան տակ ու Մայր Հայաստանի արձանը բոլորին կը յիշեցնէր, թէ այս է Հայաստանը, մեր հայրենիքը:
Իսկ ես հմայուած, միշտ գոհունակ ու հպարտ ժպիտ մը դէմքիս, յիշողութեանս մէջ գրադարանի մը գիրքերու նման կը դասաւորէի տպաւորութիւններու պաշարս` որոշելով Պէյրութ վերադարձիս որո՛ւ ի՞նչ պիտի պատմէի… մինչեւ որ պատահեցաւ անսպասելին, ինչ որ պէտք էր պատմէի բոլորին, ծանօթ թէ անծանօթ, որ համադրուած ըլլայ «հայ» անունին տակ:
Երեւանի պայծառ առաւօտը զիս դուրս կը կանչէր, երբ ելքի ճամբաս փակեց մազերը հովին տուած համակրելի դէմքով մարդ մը, որ զիս գամեց իր հարցումով «դուք Պէյրութի՞ց էք» ու հազիւ իմ հաստատական պատասխանը լսած` աւելցուց` «ինձ էլ տարէք Պուրճ Համուտ, ես ել մեր տղաների կողքին կռուեմ էն խուլիկանների դէմ…» ես շշմած` մտքիս յուշատետրին մէջ կը փնտռէի այդ յանդուգն դէմքը, որ աւելի պայծառացաւ ու դէմքիս ժպիտը աւելի ծաւալուն` անդրադարձայ, որ այդ անծանօթ հայը Շիրազն էր, Յովհաննէս Շիրազը, որ խանդավառ ու հմայուած մեր տղոց անզիջող ու նուիրուած ոգիէն` կ՛ուզէր իր բաժինը բերել այդ ազգային պարտականութեան ու միանար պատնէշին վրայ կեցած պահակներուն:
Տասնեակ տարիներ անցած են այդ օրէն, ծանր ու ճակատագրական պայքարներ պարտադրուած են մեր վրայ` հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, ու շնորհիւ այդ մոգական անտեսանելի կապին, Արցախը վկայ, յաղթանակը միշտ մերը պիտի ըլլայ:
Պէյրութ, 2 դեկտեմբեր 2016