Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Աղջիկները Եւս Պիտի Մասնակցին «Միս Հայաստան» Համահայկական Մրցումին

Յունիս 5, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայերն այսօր» կայքը կը հաղորդէ, որ 25  մայիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի, Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի, «Միս  Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ, մրցոյթի կազմակերպիչ, «Միս ԱՊՀ-1999», «Միսիս Կլոպ-2009» տիտղոսակիր գեղեցկուհի Գոհար Յարութիւնեանի, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սուրէն Նալջեանի  եւ սուրիահայ ձեւաւորող, «Շատոյեան ֆեշըն» նորաձեւութեան արուեստանոցի տնօրէն Գէորգ Շատոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս:

Ասուլիսին ընթացքին բանախօսները ներկայացուցին «Միս  Հայաստան» հիմնադրամի նախագահին նախաձեռնութեամբ, մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ սեպտեմբերին կայանալիք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցումին ընթացակարգը, կանոնները, ընդգծեցին  համահայկական մրցում կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան մասնաւորապէս նշեց. «Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ պատրաստակամութեամբ արձագանգեց այս նախաձեռնութեան: Սփիւռքի մէջ եւս կ՛ապրին բազմաթիւ գեղեցիկ հայուհիներ, որոնք կրնան ներկայացնել թէ՛ հայ կնոջ գեղեցկութիւնը, եւ մտային զարգացման կարողութիւնը, եւ թէ հայկական ազգային դիմագիծը: «Միս Հայաստան»-ին յաղթողին պարտականութիւնն է նաեւ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնել»:

«Միս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Գոհար Յարութիւնեան ընդգծեց, որ մրցումին հիմնական նպատակն է Հայաստանի մէջ տարեկան դրութեամբ գեղեցկութեան մրցումներ կազմակերպել եւ միջազգային հեղինակաւոր գեղեցկութեան մրցումներուն հայաստանեան ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը ապահովել:

«17-26 տարեկան աղջիկները արդէն կրնան արձանագրուիլ` ամբողջացնելով Missarmenia.org կայքին մէջ տեղադրուած դիմումը: Արձանագրութեան վերջնական ժամկէտը յուլիս 15-ն է: Սփիւռքէն արձանագրուած մասնակիցները նախընտրական փուլերը պիտի կատարեն առցանց, իսկ ընտրուած մասնակիցները հետագային պիտի հրաւիրուին Հայաստան: Անոնց բնակութեան, սնունդի, բեմական հագուստի, անվտանգութեան հարցերը կը հոգանք մենք: Մրցումի եզրափակիչ փուլը կը նախատեսուի կատարել 15 սեպտեմբերին», նշեց  Գոհար Յարութիւնեան:

Նախորդը

Ազրպէյճանցի Միլիառատէրը Էրտողանին «Կը Նուիրէ» 25 Միլիոն Տոլար Արժող Նաւթատար Նաւ Մը

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է «Պզտիկ Մզտիկ»-ի Բացառիկ Թիւը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?