Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄ-ի (Հեղինակ` Համբարձում Աղպաշեան)

Յունիս 7, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Համբարձում Աղպաշեանի հեղինակած «Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄ»-ի գիրքը, բաղկացած` 201 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօր` Մինաս Աղպաշեանի յիշատակին:

Աղպաշեան նախ կը ներկայացնէ Իրաքը, պատմական ակնարկ մը նետելով անոր հազարամեայ պատմութեան վրայ, եւ այնուհետեւ կը խօսի հայ գաղութի մասին, ըսելով որ հայեր հինէն ի վեր եղած են Իրաքի մէջ: Ան կ՛ըսէ, որ իրաքահայ գաղութը իր յատուկ ուրոյնութիւնը ունի, որովհետեւ հարիւրաւոր տարիներու փայլուն պատմութեան տէր է եւ անոր արմատները շատ խոր են:

***

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցին, Պաշտատ
Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Համբարձում Աղպաշեան կ՛ըսէ, որ Իրաքի մէջ ՀԲԸՄ գոյութիւն ունեցած է 1911-էն սկսեալ, երբ հիմնուած է Պաղտատի մասնաճիւղը:

Միութիւնը 1917-էն  սկսեալ մեծ դեր ունեցած է տարագիրներու օգնութեան գործին մէջ եւ պատկառելի գումարներ յատկացուցած է անոնց, իբրեւ փրկագին կամ նպաստ:

Միութիւնը նաեւ գաղթակայաններ հիմնած է Զախոյի եւ Մուսուլի մէջ, իսկ 1926-1927-ին մասնակցած է Շիրակի երկրաշարժի աղէտեալներու օգնութեան գործին:

Տարիներ շարունակ միութիւնը հովանաւորած է Պաղտատի Սվաճեան վարժարանը:

Պասրայի մասնաճիւղը կազմուած է 1918-ին: Մինչ այդ պատերազմի տարիներուն կազմուած էր օժանդակ մարմին մը, որ պատկառելի գումար մը հաւաքած էր եւ ղրկած տարագիրներուն: Մասնաճիւղին ռահվիրայ հիմնադիրը եղած է բարերար Սիմոն Ղարիպեան:

ՀԲԸՄ Մեծ եղեռնի տարիներուն գաղթակայաններ հիմնած է Մուսուլի մէջ եւ տարագիրները պահած իր հովանիին տակ` փրկելով հազարաւոր որբեր եւ այրիներ սովէն ու համաճարկէն եւ հոգացած է անոնց բոլոր ծախսերը: Հետագային կազմուած է ՀԲԸՄ-ի Մուսուլի մասնաճիւղը. հիմնադիրը եղած է բարերար Սարգիս Հաննա Սեդօ Չաքմաքճեան:

Քերքուքի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը հիմնուած  1931-ի. ռահվիրայ անդամներ եղած են Զօրա Մարտիրոս Իսկէնտէրեան, Տէր Մեսրոպ քահանայ Օրջանեան եւ Եփրեմ Մինասեան: Մասնաճիւղը օգնութիւն կազմակերպած է 1948-ի Պաղեստինի աղէտեալներուն: Հայկական երգն ու պարը միշտ ներկայ եղած են մասնաճիւղի հանդէսներուն մէջ: Մասնաճիւղը ունեցած է նաեւ թատերախումբ:

Սիւլէյմանիէի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը հիմնուած է 1931-ին, բայց շատ չանցած կազմալուծուած է:

Համբարձում Աղպաշեան կ՛ըսէ, որ միութիւնը միշտ մնացած է ժողովուրդին հետ եւ անոր դժուարութիւններով մտահոգ: Անիկա միշտ նեցուկ կանգնած է կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն եւ ուսանող երիտասարդներուն: Միութիւնը նաեւ միշտ նեցուկ կանգնած է Հայաստանի:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Իրաքի բարեգործականը պատկառելի գումարով օժանդակած է Լիբանանի հայութեան:

Իրաք-Իրան պատերազմի տարիներուն միութիւնը յաջողութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը, անդամական հանգանակութիւններ կազմակերպեց եւ կանխիկ գումար ու ոսկի նուիրեց Իրաքի բանակին:

Ծոցի երկրորդ` 1990-ի պատերազմէն ետք միութիւնը իր նուիրեալ գործօն անդամներուն աշխատանքով եւ բարերարներուն նուիրատուութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ օժանդակութիւններ հասցուց կարիքաւոր ընտանիքներու եւ նոյնիսկ բժշկական խնամք ապահովեց: Կազմուեցաւ պարենաւորման յանձնախումբ եւ միութիւնը ուտեստեղէն, կաթ եւ այլ սննդեղէն բաշխեց կարիքաւորներուն, նաեւ` կանխիկ գումար:

2003-ի պատերազմէն ետք, յանձնախումբին գործունէութիւնը շարունակուեցաւ եւ միութեան նպաստները մինչեւ օրս կը տրամադրուին կարիքաւոր ընտանիքներուն:

***

Կրթական գործունէութեան անդրադառնալով Համբարձում Աղպաշեան կ՛ըսէ, որ միութիւնը 1960-էն սկսեալ կազմակերպած է հայոց լեզուի դասընթացքներ: 1986-ին հիմնուեցաւ միութեան ուրբաթօրեայ դպրոցը: Ամէն ուրբաթ փոքրիկները հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, գծագրութիւն, երգ ու պար կը սորվէին. անոնք նոյնիսկ սնունդ կը ստանային անվճար: Միութիւնը աշակերտներուն երթեւեկութեան ծախսերն ալ կը հոգար:

Միութիւնը կազմակերպեց նաեւ Աբովեան հայոց լեզուի գիշերային դասընթացքները` չափահասներու համար:

Մշակութային վերին մարմինը կազմուած է միութեան մշակութային ձեռնարկները համակարգելու եւ ուղղելու նպատակով. իր հովանիին տակ կը գործէին դպրոցական եւ սկաուտական խումբեր:

«Իրաքի ՀԲԸՄ-ի ձայնը» պարբերաթերթը հիմնուեցաւ 1982-ին, դադրեցաւ 2003-ին:

***

Իրաքի ՀԲԸՄ-ը ունեցած է պարախումբ եւ երգչախումբ:

Պարախումբը կազմուած է 1965-ին, 40 երկսեռ անդամներէ:

Միութեան պարտէզին մէջ 1967-1979 տարիներուն հայկական երեկոներ կը կազմակերպուէին, որոնց ընթացքին պարախումբը ելոյթներ կ՛ունենար:

1980-1985 տարիներուն նոր սերունդէն երկսեռ երիտասարդներ միացան պարախումբին:

Հետագային միութիւնը կազմակերպեց նուագի անվճար դասընթացքներ:

Միութիւնը ունեցած է նաեւ թատերական գործունէութիւն: 1989-ին կազմուեցաւ «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը:

Իրաքի ՀԲԸՄ-ը ունեցած է իր ուսանողաց յանձնախումբը, որուն նպատակն է հայ ուսանողներուն նեցուկ կանգնիլ, զանոնք իրարու ծանօթացնել եւ բոլորը համախմբել ջերմ մթնոլոտի մէջ:

«Րաֆֆի» մշակութային յանձնախումբի անդամները միութեան երկսեռ համալսարանական ուսանողներ էին. անոնք մշակութային երեկոներ, արուեստի ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ խրախճանքի երեկոներ կը կազմակերպէին:

Տիկնանց օժանդակ մարմինը հետագային կոչուած է տիկնանց յանձնախումբ: Միութեան պարախումբի, երգչախումբի, թատերախումբի եւ զանազան ձեռնարկներու զգեստներ միշտ անոնք պատրաստած են: Միութեան հիւրերը միշտ հիւրասիրուած են տիկիններուն համեղ ճաշերով: Չքաւորաց պարէնները եւ նիւթական օգնութիւնները անոնց միջոցով բաշխուած են: Տիկինները իրենց մասնակցութիւնը բերած են միութեան զանազան ձեռնարկներու:

Իրաքի ՀԲԸՄ-ի ընկերային յանձնախումբը կազմուած է 1960-ական տարիներուն: Կազմուած են նաեւ սկաուտական խումբեր:

Հեղինակը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ միութեան գործունէութեան կորիզը եղած է ազգապահպանումը: Այսօր Իրաքի ՀԲԸՄ-ը արդէն բոլորած է իր հարիւրամեակը եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1967)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Իրաքի Հայ Համայնքը 20-րդ Դարուն» (Հեղինակ` Սեդա Տաճատ Օհանեան)

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?