Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Իրաքի Հայ Համայնքը 20-րդ Դարուն» (Հեղինակ` Սեդա Տաճատ Օհանեան)

Յունիս 7, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի միջոցներով 2016-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Սեդա Տաճատ Օհանեանի «Իրաքի հայ համայնքը 20-րդ դարուն» գիրքը, բաղկացած` 292 էջերէ:

Ներածականին մէջ հեղինակը կը խօսի Հայաստանէն գաղթականական հոսանքներուն եւ Միջագետքի մէջ կազմաւորուած հայկական հին գաղութներուն մասին: Ան կ՛ըսէ, որ հայերու գոյութեան մասին անառարկելի պատմական տուեալներ կան սասանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին: Տիզբոն մայրաքաղաքին շուրջ հայկական գաղթօճախ մը կազմաւորուած էր, բաղկացած` առեւտրականներէ, պետական պաշտօնեաներէ եւ պատանդներէ:

Արաբական տիրապետութեան ժամանակ մեծ թիւով հայեր բնակեցուեցան Պաղտատի արեւելեան թաղամասին մէջ, ուր անոնք վանք մը հիմնեցին:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով որ Իրաքի հայ համայնքները կը սկսին բազմանալ 17-րդ դարէն սկսեալ: 18-րդ դարուն Իրաքի հարաւային նաւահանգիստները տարանցիկ առեւտուրի կեդրոններ կը դառնան:

Հայերը հետզհետէ բազմանալով Պաղտատի մէջ տարածուած են նաեւ քաղաքին հարաւային կողմերը, ուր 1852-ին կառուցուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ բացուած Ս. Թարգմանչաց վարժարանը:

Հայ համայնքներ կազմաւորուած են նաեւ Պասրայի, Մուսուլի, Քերքուքի, Սիւլէյմանիէի, Զախոյի, Ամատիայի եւ Սուգ էլ Շիուխի մէջ:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ այնուհետեւ Իրաքի գաղթօճախը ընդունած է Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէ եւ յատկապէս Վասպուրականի գաւառներէն բռնագաղթուած բազմահազար հայեր:

***

Առաջին գլուխով Սեդա Օհանեան կը խօսի 20-րդ դարու իրաքահայ գաղթօճախի մասին:

Տէր Զօրէն ճողոպրած, Ռաս ուլ Այնէն, Տիարպեքիրէն եւ Սղերդէն Իրաք հասնող հայու բեկորները կը տեղաւորուին Պաղտատի եւ Պաքուպայի մէջ:

Պաքուպայի վրանաքաղաքը իր դպրոցով եւ եկեղեցիով կը դառնայ բնակավայրը հոծ գաղթականութեան մը:

Մուսուլ եղած է հայ աքսորականներու համակեդրոնացման կարեւոր վայր մը:

Նահր Օմարի վրանաւանը իր տասնամեայ գոյութեան ընթացքին ունեցած է իր եկեղեցին, դպրոցը եւ թատրոնը:

1921-էն սկսեալ ութ հազար գաղթականներ երեք շոգենաւերով պարբերաբար ներգաղթած են Հայաստան: Երկրորդ զանգուածային ներգաղթը տեղի ունեցաւ 1947-ին:

***

Իրաքահայ թեմը հինէն ի վեր եղած է տէրունի` Էջմիածնի թեմ, Նոր Ջուղայի Ամենափրկչեան վանքի իրաւասութեան ներքեւ. ինչպէս էր Հնդկաստանի թեմը: Իբրեւ հոգեւոր հովիւներ կը պաշտօնավարէին պարսկահայ եկեղեցականներ: Հետագային թեմը կապուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքութեան:

Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցումը (1639-1640) կը նկատուի Իրաքի հայ գաղութի վերակազմութեան թուականը: Եկեղեցին կը համարուի Պաղտատի ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկը եւ ուխտատեղի է հայերու եւ նաեւ միւս քրիստոնեաներուն եւ այլ դաւանանքներու պատկանողներու համար:

Օհանեան կ՛ըսէ, որ Իրաքի թեմը Պոլսոյ պատրիարքարանին ենթարկուելէն ետք կառուցուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որուն օծումը կատարուած է 1852-ին: Եկեղեցին կը գործէր մինչեւ 1957:

Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է 1957-ին, Ս. Կարապետ վանքը` 1973-ին: Իսկ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կը գտնուի ազգային գերեզմանատան հողաշերտին վրայ:

Պասրայի մէջ ժամանակի ընթացքին հայերը ունեցած են երեք եկեղեցի. Ս. Աստուածածին, Ս. Ստեփանոս եւ երրորդ մըն ալ, որուն անունը անյայտ է: Քաղաքին հայոց գերեզմանատան մէջ 1973-ին կառուցուած է Ս. Յովհաննէս Կարապետ մատուռը:

Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցին կառուցուած է 1857-ին. նոյն տեղը աւելի ընդարձակ եկեղեցի մը կառուցուած է 1968-ին, դարձեալ Ս. Էջմիածին անունով:

Քերքուքի մէջ առաջին հողակերտ աղօթատեղին կառուցուած է 1932-ին. իսկ 1952-ին կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1932-ին. այնուհետեւ վերաշինուած եւ օծուած է 1969-ին:

Աւզրուկ հայաբնակ գիւղը հիմնուած է 1915-էն ետք եւ ունի իր Ս. Վարդանանց եկեղեցին:

Հաւրէզք զուտ հայաբնակ գիւղը հիմնուած է 1929-ին. ունեցած է իր եկեղեցին: Հետագային գիւղը դատարկուած է եւ եկեղեցին փուլ եկած: Գիւղը 2003-ին վերակենդանացաւ եւ ունեցաւ իր Ս. Սարգիս եկեղեցին:

Օհանեան կ՛ըսէ, որ 2003-ի դէպքերէն ետք, Իրաքի ինքնավար Քիւրտիստանի մէջ տիրող յարաբերական ապահովութեան շնորհիւ, հայ նոր համայնքներ կազմաւորուեցան Էրպիլի, Դհոքի եւ Սումէյլի մէջ: Դհոքի մէջ 2008-ին կառուցուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին:

Ազգային առաջնորդարանին առընթեր կը գործեն Չքաւորաց օժանդակ մարմինը եւ եկեղեցապատկան մարմինը:

Հայ եկեղեցասիրաց կազմը հիմնուած է 1986-ին, նպատակ ունենալով նոր սերունդին մէջ զարգացնել հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւնը:

***

Սեդա Տաճատ Օհանեան կ՛ըսէ, որ կաթոլիկ համայնքը ձեւաւորուած է 17-18-րդ դարերուն: 18-րդ դարուն Պաղտատի մէջ գտնուած են 60-65 կաթոլիկ հայեր:

Տէր Զօրի արհաւիրքներէն ազատած Սինճար հասած են կաթոլիկ հայ գաղթականներ, որոնց մեծամասնութիւնը Մարտինէն էին: 1930-ին հոն կառուցուած է Ս. Գէորգ Նահատակ եկեղեցին:

1950-ական տարիներուն Իրաքի հայ կաթոլիկ համայնքը կը բաղկանար մօտաւորապէս 2000 անձերէ` Պաղտատ, Սինճար, Մուսուլ, Պասրա եւ Քերքուք:

Պաղտատի հայ կաթողիկէ համայնքը ունի երեք եկեղեցի: Մայր Վերափոխման եկեղեցին կառուցուած է 1844-ին: Յիսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցին կառուցուած է 1937-ին եւ օծուած 1938-ին: Նարեկի Տիրամայր եկեղեցին կառուցուած է 2000-2001-ին:

Սեդա Օհանեան կը նշէ, որ Իրաքի հայ աւետարանական համայնքը ձեւաւորուած է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան այլ վայրերէն աւետարանական հայերուն Իրաք ապաստան գտնելով: Բողոքականներուն քանակը շատ փոքր եղած է, Իրաքի հայ աւետարանական միակ եկեղեցին հիմնուած է 2003-ին Պաղտատի մէջ:

***

Գիրքին երկրորդ գլուխով Սեդա Օհանեան կը խօսի իրաքահայ տնտեսական եւ հասարակական կեանքի մասին:

Միջագետքի մէջ հաստատուած հայ վաճառականները աշխուժ գործունէութիւն ունեցած են, եղած են հարուստ եւ ազդեցիկ: 17-18-րդ դարերուն Միջագետքի եւ Հնդկաստանի հայ վաճառականները փոխադարձ վաճառականութեամբ կը զբաղէին, որոնց սեփական նաւերը կը գործէին Պասրայի եւ Հնդկաստանի ջուրերուն վրայ:

19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու առաջին կէսին, հայ վաճառականները մեծ ներդրում ունեցած են գաղութի զարգացման, եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան մէջ:

Իրաքահայ կեանքէն ներս գործած են շարք մը հասարակական միութիւններ:

***

Գիրքին երրորդ մասով Սեդա Օհանեան կը խօսի կրթական եւ մշակութային կեանքի մասին:

Պաղտատի մէջ կը գործեն ազգային եւ կաթողիկէ վարժարաններ:

Ժամանակի ընթացքին կազմուած են թատերախումբեր Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ:

Յիշատակութեան արժանի է Պաղտատի «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբը: Նաեւ «Սայաթ Նովա» երգի պարի խումբը:

Իրաքահայ համայնքի հասարակական կեանքը հարուստ է իր նուագահանդէսներով եւ երաժշտական երեկոներով: Կազմակերպուած են նաեւ գրական-գեղարուեստական երեկոներ:

Պաղտատի մէջ բացուած են նաեւ հայկական տպարաններ եւ հրատարակուած են հանդէսներ ու պարբերաթերթեր: 2000-էն լոյս կը տեսնէ ազգային առաջնորդարանի «Կանթեղ» եռամսեայ պարբերականը:

Վերջաբանին մէջ Սեդա Օհանեան կ՛ըսէ, որ մինչեւ 2003-ի չարաբաստիկ դէպքերը Իրաքի գաղթօճախը բարգաւած էր ու բարեկեցիկ: Սակայն վերջին տարիներուն քաղաքական անապահով եւ տնտեսական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով իրաքահայեր կը գաղթեն տարբեր երկիրներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄ-ի (Հեղինակ` Համբարձում Աղպաշեան)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?