Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Անծածկելին

Յունիս 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ յանցանք մը գործած ես ու կ՛աշխատիս զայն նսմացնել, աւելի մեծ յանցանք մը գործէ, կ՛ըսէ էրտողանեան փիլիսոփայութիւնը, որ այսօր գտաւ իր նորագոյն արտայայտութիւնը:

Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ նախագահին Ուաշինկթըն այցելութեան օրը, թրքական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած գայթակղալի արարքը զայն ծածկող թզենիի տերեւ մ՛անգամ չունի. միայն խօսքով չէ, այլ տեղւոյն վրայ արձանագրուած լուսանկարներն ու ժապաւէնները ցոյց տուին, որ Էրտողանի թիկնապահնե՛րն էին խաղաղօրէն բողոքի ցոյց կատարողներուն վրայ յարձակողներն ու զանոնք խոշտանգողները (տողերուս ընկերացող «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի երգիծանկարը պերճախօս արձագանգ մըն է եղածին): Փաստօրէն, Էրտողանն ու անոր «գամբռ»-երը վարուեցան այնպէս, ինչպէս կը վարուին… Թուրքիոյ մէջ, փոքր ու մեծ ընդդիմադիրներու դէմ: Եւ ահա, հերիֆ-ը կը գանգատի, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ մարդիկ կարծիքի ազատութիւն կը վայելեն, կրնան իրենց չհաւնած մէկ կացութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացնել… խաղաղօրէն: «Օսմանցի սուլթանիկ»-ը զայրացեր է, որովհետեւ քիւրտերուն ազատութիւն տրուեր է բողոքի ցոյց կատարելու, ա՛յն քիւրտերուն, որոնք ամէն օր աշխարհի ոսպնեակներէն հեռու կը ջարդուին դաժանօրէն, այնպէ՛ս, ինչպէս Թուրքիոյ իշխանութիւնները սովոր են ջարդել ընդդիմադիրներ, անոնք ըլլան հայ, քիւրտ, արաբ, եզիտի կամ յոյն, այսօր թէ 100 տարի առաջ: Ու մարդը նաեւ դասեր տալու ելած է` յայտարարելով, որ քիւրտերը ահաբեկիչ են ու պէտք չէ վայելեն Ուաշինկընի աջակցութիւնը: «Իմաստո՜ւն»-ը չ՛անդրադառնար, որ բացայայտ խոստովանութիւն մը կ՛ընէ իսլամական ծայրայեղականներուն իր զօրակցութեան մասին…

Ամերիկեան մամուլն ու քաղաքական պատասխանատուներ, Մաքէյնէն մինչեւ Թելըրսըն, այս անգամ արդարօրէն քննադատողի դիրքէ մօտեցան էրտողանեան սանձարձակութեան: Չէ՞ որ ամէն բան տեղի ունեցաւ օր ցերեկով, աշխարհի աչքերուն առջեւ, առանց ծածկոյթի…

Ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլին զայրոյթը, բարձրացած դժգոհութիւնը բաւարար չեն. Եւրոպան ալ օր աւուր ինքզինք կը գտնէ էրտողանեան պարսաւանքներու դէմ յանդիման: Ժամանակը հասած է բռնատէր «սուլթան»-ին ականջները քաշելու եւ անոր երեսին տալու ոճրային արարքները, որոնք կը սկսին ներքին ճակատին վրայ բռնարարքներէն, կ՛անցնին Իրաքը, Սուրիան ու արաբական այլ երկիրներ պատուհասող ծայրայեղական խմբաւորումներուն աջակցութենէն եւ կը հասնին աշխարհին դասեր տալու:

… Եթէ ականջ քաշելու արարքը ատենին սկսէր, Էրտողան այսօր կա՛մ զրկուած պիտի ըլլար ականջներէն, կա՛մ ալ ականջները գերազանցած պիտի ըլլային «համեստ չորքոտանի»-ին ականջները:

22 մայիս 2017

Նախորդը

Տառապանքի Մորմոք Եւ Հերոսացման Կանչ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?