Յօդուածներ

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Պաղտասար Դպիր (Գրիգորեան, 1683-1768)

Ն. Պ. 7 յունիսին կը նշենք ծննդեան 334րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան վերանորոգման եւ արդիականացման երախտաշատ ջահակիրներէն Պաղտասար Դպիրի: Թէեւ մեր սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ հիմնական ընթերցումներու գրասեղանին դրուած չէ, գրականիմաստասիրական ամէնօրեայ սնունդի համար, մեծարժէք ժառանգութիւնը Պաղտասար Դպիրի, բայց որքան թափ կ՛առնէ ազգային մեր արմատներուն վերադառնալու հայոց հոգեմտաւոր ինքնաճանաչման շարժումը, այնքան կը պայծառանան դէմքն ու գործը հայ ժողովուրդի արդի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յուլիս Բ. – Թուրքիան` Ծոցի Երկիրներու Դիւանագիտական Առճակատումի Լոյսին Տակ

Նախորդ երկուշաբթի արաբական շարք մը երկիրներ Քաթարի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեցին, յատկապէս` Իրանի եւ իսլամական խմբաւորումներու հետ անոր հանդուրժողական վերաբերմունքին պատճառով: Միջին Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի գործակատարը Ռիատը կը թուի ըլլալ այս անգամ, յատկապէս այն հանգամանքով, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր մրցակիցն է, իսկ  քարիւղ արտադրող այս մեծագոյն երկիրները Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով հակառակ դիրքերու վրայ կը գտնուին:...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

«Օֆշորային Փոխանցումները Պիտի Դադրեցուին»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի պատկերասփիւռի «Առաջին լրատուական ծառայութիւն» կայանի (իշխանութեան բանբերի հանգամանք ունի) «Օրակարգ» լրատուական յայտագիրի երեքշաբթի, 6 յունիսի հաղորդումներուն շարքին էին երկու ուշագրաւ տեղեկութիւններ. Ա.- Մեծ արդիւնաբերողներ պիտի պարտադրուի որոշ թափանցիկութիւն, որպէսզի շահատուրքերը հակակշիռի տակ բերուին: Բ.- Որոշուած է փակել դրամագլուխներու «փախուստ»-ի ճամբաները, այսինքն, կասեցնել այլուր փոխանցումը Հայաստանի մէջ շահուած այն գումարներուն, որոնք առանց շահատուրքի կը տեղափոխուին կիպրական, լիւքսամպուրկեան, պահրէյնեան...

Մոնրէալաբնակ Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանը Կը Հարստացնէ «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոն Իր «Ընթերցողը» Քանդակով

Մոնրէալաբնակ Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանը Կը Հարստացնէ «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոն Իր «Ընթերցողը» Քանդակով

ԱԼԵՆ ՔՈԹԷ Դոկտ. Մկրտիչ Տարագճեան «Ռեճինալտ Տաուսըն գրադարան»-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, օժտուած քանդակագործ  դոկտ. Մ. Տարագճեան Մոնրէալ քաղաքին կը նուիրէ պրոնզաձոյլ մեծ չափի հոյակապ գործ մը` «Ընթերցողը»: Ողջունելի յաւելում մը` քաղաքի հանրային արուեստի հաւաքածոյին, որ կը զարդարէ գրադարանի գլխաւոր մուտքը «Կրահամ պուլվար»-ի եւ «Քինտըրսլէ Աւենիւ»-ի անկիւնը: Այս յատկանշական յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ մայիս 26-ին, խուռներամ  արուեստասէրներու ներկայութեան, որոնց շարքին` հեղինակաւոր...

Աստուած Նրան Առատօրէն Օժտել Է Բազմաթիւ Տաղանդներով

Աստուած Նրան Առատօրէն Օժտել Է Բազմաթիւ Տաղանդներով

ԱՐՏԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Բանաստեղծ, ՀՀ Պետական մրցանակի դափնեկիր, բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր-փրոֆեսէօր Երկնապարգեւ գեղեցկութեան տէր, մեծատաղանդ դերասանուհի Անահիտ Թոփչեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով հայրենի յայտնի բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեան ստորագրած է յօդուած մը` անոր թատերական եւ գրական վաստակի մասին: Տրուած ըլլալով, որ յօդուածը (դեռեւս անտիպ) ծաւալուն է եւ տրուած ըլլալով, որ մեր ընթերցողները արդէն իսկ որոշ չափով ծանօթ են Անահիտի թատերական եւ դերասանական նուաճումներուն,...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Եթէ Հայերէն Գիրքերը Երբեմն Դուրս Բերէինք Իրենց Քնածութենէն Կամ Մահաքունէն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Քնածութիւն. hypnose: Մահաքուն. Coma: Գիրքի ընդհանրապէս եւ հայերէն գիրքի` մասնաւորաբար: Հայերէն գիրն ու գիրքը եթէ այժմէական դառնային ժողովուրդին համար, եթէ ղեկավարութիւնները զայն այժմէական դարձնէին, ինքնութիւն կը պահէինք, կը տոկայինք եւ կը տեւէինք, սոսկ համայնք չէինք ըլլար, չէինք ընդուներ «ծագումով հայ» ըլլալու դասակարգումը: Նիկոլ Աղբալեանի անունը կը սիրենք յիշել, յաճախ` հպարտութեան համար միայն: Իր ժամանակակիցները զինք կը լսէին եւ...

Անդրադարձ.  Ճակատում Եւ Մերձեցում

Անդրադարձ. Ճակատում Եւ Մերձեցում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Չորեքշաբթի, 7 յունիսին Թուրքիոյ խորհրդարանը 240 թեր ձայներով վաւերացուց Քաթարի մէջ թրքական ուժերու տեղակայման վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որ հետագային նաեւ ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ: Այդ համաձայնագիրը թէեւ ստորագրուած էր դեկտեմբեր 2015-ին, սակայն անոր վաւերացումը արագացուեցաւ Քաթարի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին լոյսին տակ: Հարցը այն է, որ Թուրքիան Քաթարի ամէնէն սերտ գործընկերներէն մէկն է եւ անոր նման սերտ կապեր ունի...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Հալէպի Ու Թալիշի Թիկունքին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մեր մամուլէն, նաեւ` անձնական հաղորդակցութիւններու ճամբով, հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսենք, որ` Հալէպի ապահովութեան վիճակը զգալի բարելաւում կրած է: Ջուրի սպասարկումը բաւական կանոնաւորուած է, ելեկտրաբաշխումի ժամերը աւելցած են, աշխատանքի պայմաններ կը վերստեղծուին դանդաղ քայլերով... Հալէպի մէջ մայիս 28-ի փառաւոր տօնակատարութիւն տեղի ունեցած է: Հալէպի ուսումնական տարեշրջանը աւարտին կը հասնի, հանդէս... յառաջիկայ տարուան համար արձանագրութիւններ: Տակաւին` մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւն......

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Միջազգային Ճգնաժամային Խումբը Դարձեալ Հաշտարար Դատաւորի Քղամիդով

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Ինչպէս յայտնի է, քղամիդ սովորաբար անուանում են թագաւորական կամ իշխանական ծիրանին, մեր ժամանակներում` նաեւ դատաւորի  պատմուճանը, մի թիկնոց, որն ընդունւում է որպէս առաքինութեան, անբասիրութեան, անաչառութեան, արդարադատութեան խորհրդանիշ: Միեւնոյն ժամանակ, քղամիդը նաեւ այլ իմաստ է պարունակում` փոխաբերօրէն ընկալուելով իբրեւ որեւէ բան քօղարկելու եւ այն դրական` վեհ կերպարանքով ներկայացնելու միջոց: Ցաւօք, երկրորդ իրողութեանը մենք, կամայ թէ ակամայ, յաճախակի...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Արժանթին Եւ Պրազիլ Կ՛այցելէ

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Արժանթին Եւ Պրազիլ Կ՛այցելէ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախորդ շաբաթ այցելած է Արժանթին եւ Պրազիլ, ուր ունեցած է տարբեր բնոյթի հանդիպումներ: 30 մայիսին Արժանթինի մէջ նախարար Յակոբեան այցելած է Արժանթինի Հայկական կեդրոն: Այնուհետեւ, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեանի ընկերակցութեամբ, ան այցելած է Պուէնոս Այրեսի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հերոսամարտերու զոհերու յիշատակին նուիրուած...

Ադապտացման Եւ Ինտեգրման Ուղիներով*

Ադապտացման Եւ Ինտեգրման Ուղիներով*

Յ. ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ Մեծապէս պոզիտիվ կայքի մը հանդիպեցայ վերջերս համացանցի հայկական անկիւններուն մէջ: «Սփիւռքի հետազօտութիւնների բաժին»-ը (diasporastudies.am)  (չ՛ըսեր` ո՞ր ինստիտուտի կամ ասոցիացիայի) մեծ ակտիվութիւն ցուցաբերած է ըստ երեւոյթին վերջին տարիներուն: Առաջին գործունէութիւնը վերնագրուած է «Սիրիայից Հայաստան ներգաղթած հայերի ադապտացման եւ ինտեգրման խնդիրների լուծման ուղիները»: Վերնագրին տակ կայ «Language Undefined» արձանագրութիւնը, որ մեծ մտատանջութեան մէջ ձգեց զիս, քանի որ յայտնի է, թէ...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Պահածոյ Խնձոր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը ներկայացուց Վաչէ Ատրունիի «Խնձորի բուրմունքը» թատերախաղը` հեղինակին բեմադրութեամբ: Ասիկա հեղինակին երրորդ թատրերգութիւնն է, որ ձեռք կ’առնէ Հայաստանէն դուրս գտնուող չորս հայկական գիւղերու գոյատեւման հարցերը. Ֆրեզնօ, Քեսապ, Այնճար եւ Եագուպիէ: Վերջինը անաւարտ է: Ներկայ հատորը  հարցայարոյց  է ե՛ւ գաղափարական, ե՛ւ գեղարուեստական առումներով: Այնճար հիմնադրուած է 1939-ին: Պապուկը, որ ճահճուտի մէջ խնձոր աճեցուցած է, կը պատկանի առաջի՛ն...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն Աշխատանքներուն Արգասիքը Քաղելու Փուլը Հասած Է

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն Աշխատանքներուն Արգասիքը Քաղելու Փուլը Հասած Է

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Կրթական հաստատութիւններուն պէս, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ալ կը պատրաստուին տարեվերջի իրենց աւարտական հանդէսներով եւ հունձքերով ներկայանալ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին, ինչպէս նաեւ «Արեգ» թատերական դպրոցի տնօրէն Ռոպերթ Առաքելեանին եւ «Թորոս Ռոսլին» դպրոցի տնօրէն Վազգէն Մուղալեանին հետ, որոնք ներկայացուցին դպրոցներու միամեայ աշխատանքներն ու ծրագիրները: «ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

ՀՅԴ-ի Ընկերվարական Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր աշխարհայեացքով ընկերվարական կուսակցութիւն է: ՀՅԴ-ի ընկերվարական մտածողութեան զարգացումը զուգահեռաբար ընթացած է միջազգային ընկերվարական մտածողութեան զարգացման հետ: ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութեան սկզբնական երկու աղբիւրներն են նարոդնիկական շարժումն ու մարքսականութիւնը, որովհետեւ հայ ազգին մէկ մասը կ՛ապրէր գիւղերը, իսկ միւս մասը` արդիւնաբերական քաղաքներու մէջ: ՀՅԴ-ի ընկերվարական մտածողութեան զարգացումը անցած է հետեւեալ փուլերէն` նարոդնիկականութիւն, ուղղափառ մարքսականութիւն, վերաքննական մարքսականութիւն,...

Տեսակէտ.   Ֆալախա, Ազգային Հիմնախնդիրներ Ու Յամեցող Հեռանկար  (Ապրիլեան Խոհեր)

Դէմ-Յանդիման` Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Անի»-ի Պարբերաթերթին (Մարտ 2017)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ         Իր ամէնօրեայ հեզահամբոյր բարեւին հետ, այս անգամ, գրող, պատմաբան, վաստակաւոր տնօրէն եւ բազմամեայ կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ինծի յանձնեց պահարան մը, որ կը պարունակէր քոլեճի «Անի»-ի պարբերաթերթի այս տարեշրջանի թիւը: Ի դէպ, առաջին անգամ չէ, որ նման հրատարակութիւններ կը ստանամ իրմէ: Փաստօրէն, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան տարբեր առիթներու մակագրած եւ նուիրած է իր հրատարակած հատորներէն, որոնք կը...

Պատճառները, Որոնք Թոյլ Չեն Տար Այլեւս Անանուն Ըլլալու

Պատճառները, Որոնք Թոյլ Չեն Տար Այլեւս Անանուն Ըլլալու

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Այսօրուան աշխուժ, գերարագ եւ լայնատարած  հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ ոեւէ անձի համար իր մտերմիկ առանձնութիւնը պահպանելը:Արդեօ՞ք այժմ ժամանակն է ընդհանրապէս հրաժարելու այդ գաղափարէն: Երեւակայէ՛, որ կը մտնես անծանօթներով լեցուն սենեակ մը: Թերեւս ճամբորդած ես նոր քաղաք մը: Ոչ ոք կը ճանչնաս, եւ ոչ ոք քեզ կը ճանչնայ: Ազատ ես ընելու այն,...

Մարտիկ Մատենճեանի Նոր Գիրքը` «2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը Եւ Մեր Հերոսները

Մարտիկ Մատենճեանի Նոր Գիրքը` «2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը Եւ Մեր Հերոսները

Մարտիկ Մատենճեան ժամանակագրական պատմութիւններու մասնագէտ դարձած է. իր «Նոր օրերու ֆետայիներ. Լիբանանի մեր տղաքը» գիրքին կը յաջորդէ մէկ ուրիշ գիրք` դարձեա՛լ մեր տղոց սխրագործութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցան 2016-ի ապրիլ 1-էն մինչեւ ապրիլ 5, երբ զինադադարի համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ: Սակայն ազերի կողմը երբե՛ք չյարգեց եւ մինչեւ այսօր տակաւին կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը` գրեթէ ամէն օր մեր տղոցմէ զոհեր խլելով: Գունաւոր...

Նամականի

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ականներու Պէյրութը Եւ Շրջակայքը – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Մինչեւ 1960-ական թուականներու վերջերը Պէյրութը համեմատաբար փոքր քաղաք մըն էր, տակաւին չէր տարածուած իր սահմաններէն դուրս դէպի նորաստեղծ արուարձաններ` վերածուելու «Մեծն Պէյրութ»-ի: Շնորհիւ հանրակառքին եւ դէպի արեւելք ու հիւսիս տանող միակ ճամբուն` արուարձաններէն միայն Պուրճ Համուտը բնական շարունակութիւնը եղած է մայրաքաղաքին: 1956-ի որոշումով Պէյրութ գետը կը դառնայ մայրաքաղաքին արեւելեան սահմանը` բաժնելով զայն Պուրճ Համուտէն (1), (2): Հռոմէցիներուն ժամանակ...

Անդրադարձ.  Ամերիկեան Հակայարձակումը

Անդրադարձ. Ամերիկեան Հակայարձակումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին միջամտութիւնը եւ ցուցաբերած վճռականութիւնը երկրորդ կարգի մղեց Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը եւ նկատառելի կերպով նուազեցուց անոնց ազդեցութիւնը: Ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի, որ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ամերիկեան մարտանաւերը կուտակելէ եւ «մկանները ցուցադրելէ» ետք, մետասաներորդ պահուն Սուրիան հարուածելէ ամօթալի ետդարձ մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը կը թուի աւելի վճռական...

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.  «Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. «Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Իրաքի հայերը» խորագրեալ եռօրեայ գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները: Երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ի գիտաժողովի առաւօտեան գիտաժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի եւ Իրաքի Հայոց առաքելական թեմերու առաջնորդներ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Աւագ արք. Ասատուրեանը, Գէորգ եպս. Ասատուրեանը` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, Լիբանանի մէջ...

Page 809 of 1110 1 … 808 809 810 … 1,110

Արխիւներ