Պատմութիւնը վկայած է տարբեր ցեղերու եւ ժողովուրդներու մէջ գտնուած դաւաճաններու մասին, որոնք իրենց ազգին դաւաճանած են` անձնական զանազան տեսակի վարձատրութիւններու դիմաց: Հազուադէպ եղած են ղեկավարութեան մակարդակի դաւաճաններ, որոնք հսկայ վնասներ հասցուցած են իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Այսօր ականատես ենք այդ հազուադէպ ղեկավարներուն, որոնք աներեւակայելի ձեւով յանձնուած են թշնամիին: Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ առկայ է անբացատրելի երեւոյթ մը` ղեկավարութեան մակարդակի մանաւանդ, երբ ամէն տեսակի արժանիքներ` ըլլան անոնք աւանդական, պետական ու ազգային, նոյնիսկ` եկեղեցական, թիրախ դարձած են հալածանքի եւ բուռն ցեխարձակումի, նաեւ շատ անգամ քարկոծումի ենթակայ կ՛ըլլան: Աւելի զարմանալի երեւոյթը ժողովուրդին անտարբերութիւնն է. ժողովուրդը, իր կարգին, յանձնուած է ներկայ իրողութեան: «Հոսանքը հզօր է,- կ՛ըսեն,- եւ անկարելի է դէմ դնել անոր»: Բայց միեւնոյն ժամանակ գերմարդկային ուժը եթէ գոյանայ, միշտ ալ կարելի կը դառնայ հոսանքին ուղղութիւնը փոխել: Այդ ուժը հաւաքական ուժն է ժողովուրդի մը, որ կրնայ ծնունդ տալ պայքարի ոգիին` հիմք ունենալով գաղափարականութեան եւ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Սոյն ուժը կրնայ անկարելին կարելի դարձնել եւ հսկայ բոցի նման ծածկել ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու վրայ, որոնք ազգի մը գոյութիւնը վտանգած են:
Ժողովուրդը տէրն ու տիրականն է երկրին, իսկ ղեկավարութիւնը` ժամանակաւոր պաշտօնավարող մարմին մը, որ ժամը երբ հասնի, պիտի լքէ իր աթոռը եւ մեկնի: Ղեկավար մը կրնայ խաբել ժողովուրդը որոշ ժամանակուան համար, բայց անկարող է սուտը ծածկել երկար ժամանակ: Այս չի նշանակեր, թէ ժողովուրդը երկար պէտք է սպասէ, այլ պէտք է իր խօսքը ըսէ, որքան կարելի է շուտ, որպէսզի առաջքը առնէ վնասին տարողութեան, որովհետեւ անիկա կրնայ շատ ծանրանալ եւ նոյնիսկ ճզմել ամբողջ հայրենիքը:
Ոտքի՛ կանգնէ, ո՛վ հայրենասէր ժողովուրդ, ոտքի՛ կանգնէ եւ տէ՛ր եղիր` քու հայրենիքիդ, քու եկեղեցիիդ, քու ինքնութեանդ, քու արժանիքներուդ եւ քու իրաւունքներուդ: Ժամանակը հասած է զարթնումի ու պայքարի: