Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Օրինակով Վերականգնել Հայաստանը

Սեպտեմբեր 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

Վերջերս այցելեցի ծննդավայրս` Լիբանան: Օրերով շրջելով Պէյրութի թաղամասերուն մէջ` կը նկատէի քաղաքական, հասարակական եւ ժողովուրդին վարքագծային փոփոխութիւնները` նոր ընտրուած կառավարութեան հանդէպ: Երեկոյ մը, նստած պանդոկին պատշգամին, վառած էի սիկար մը եւ խորունկ մտորումներու մէջ էի: Մտածեցի, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի փորձէն դասեր չ՛առներ Հայաստանը: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ քաղաքագէտ չեմ, այլ` մտահոգ հայ մը:

Լիբանանը երկու տարուան նախագահական աթոռի թափուր մնալէն ետք, ընտրեց բանակի նախկին հրամանատար Ժոզեֆ Աունը` իբրեւ պետութեան գլուխ: Այս որոշումը պատահական չէր: Երկիրը ճգնաժամի, տնտեսական տապալումի, ընկերային հիասթափութեան եւ արտաքին ճնշումներու տակ էր: Քաղաքական ուժերը, որոնք երկար ատեն կը փորձէին զիրար տապալել, ի վերջոյ համաձայնեցան ընտրել մէկ անձ, որուն նկատմամբ հանրային վստահութիւնը դեռ պահպանուած էր:

Հայաստանի պարագային 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութենէն, հազարաւոր նահատակներէն եւ պետական տարածքներու կորուստէն ետք, ժողովուրդը նոյնպէս կը դիմագրաւէ քաղաքական անվստահութիւն, ղեկավարութեան վարկաբեկում եւ ազգային ուղեգիծի բացակայութիւն: Այստեղ է, որ լիբանանեան փորձը կարեւոր դասեր կը փոխանցէ մեզի:

1.- Չէզոք եւ վստահելի առաջնորդութիւն

Ժոզեֆ Աուն` իբրեւ բանակի հրամանատար, լիբանանեան հասարակութեան մէջ ունէր համեմատաբար չէզոք դիրք: Ան կը փափաքէր զերծ ըլլալ կուսակցական շահերէն եւ մնալ ազգային հաւասարակշռութեան երաշխաւոր: Հայաստանի մէջ նմանօրինակ վստահելիութիւն ունեցող առաջնորդութեան բացակայութիւնը խորացուցած է հասարակութեան պառակտումը: Մեզի հարկաւոր է այնպիսի ղեկավարութիւն մը, որ վեր կը կանգնի կուսակցական-հատուածական շահերէն եւ կը մարմնաւորէ պետականութեան միասնութիւնը:

2.- Պետական զէնքի մենաշնորհ

Լիբանանի նոր իշխանութիւնը կը փորձէ աստիճանաբար վերացնել բոլոր անօրինական զինեալ կառոյցները` սկսելով պաղեստինեան գաղթակայաններէն եւ քննարկելով նոյնիսկ Հըզպալլայի զինաթափումը: Այս քայլը վտանգաւոր է, բայց անհրաժեշտ` պետութեան ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու համար: Հայաստանի մէջ եւս պիտի դադրի զէնքի շուրջ անպաշտպան եւ անկազմակերպ վիճակը: Պետութիւնը պէտք է ունենայ լիակատար վերահսկողութիւն իր պաշտպանական ուժերուն վրայ եւ պատրաստ ըլլայ զինել ու վերապատրաստել զանոնք արդիական ձեւով:

3.- Հաստատութիւններու հեղինակութեան վերականգնում

Լիբանանի բանակը համեմատաբար վստահելի հաստատութիւն մնաց, նոյնիսկ երբ պետական կառոյցները կը կործանուէին: Հայաստանի մէջ նման հեղինակութիւն կրնան վայելել ոչ միայն բանակը, այլ նաեւ` դատական մարմինները, կրթական համակարգը եւ Եկեղեցին: Ահա այս հաստատութիւնները պէտք է դառնան նոր պետականութեան հիմք, ոչ թէ` պատահական գործիք իշխանաւորներու ձեռքին:

4.- Միջազգային հաւասարակշռութիւն

Լիբանանի նոր նախագահը կարողացաւ համախմբել միջազգային աջակցութիւն` առանց ամբողջութեամբ յանձնուելու որեւէ ուժի կամ տէրութեան: Հայաստանի պարագային ալ ղեկավարութիւնը պէտք է սորվի քաղաքական հաւասարակշռութիւն պահել` Ռուսիոյ, Արեւմուտքի եւ տարածաշրջանային ուժերու միջեւ` առանց զիջելու ազգային ինքնիշխանութիւնը:

5.- Ազգային հոգեբանութեան վերականգնում

Ցաւալի պարտութենէն ետք ժողովուրդը կը փնտռէ հաւատք եւ արժանապատուութիւն: Լիբանանի մէջ այդ հաւատքը մասամբ կապուեցաւ բանակի հրամանատարին: Հայաստանի մէջ ալ անհրաժեշտ է առաջնորդութիւն մը, որ կարող է` վերակենդանացնել ժողովուրդի ոգին, վերացնել պարտուողական տրամադրութիւնը եւ վերադարձնել արժանապատուութիւնը:

Եզրակացութիւն

Լիբանանի որոշումը չ՛ենթադրեր, որ Հայաստանի համար բանակային նախագահ ընտրելը միակ լուծումն է, բայց կը փաստէ, որ երբ հասարակութիւնը կը գտնուի ճգնաժամի խորը, ան կը փնտռէ վստահելի ուժեր եւ հաստատութիւններ, որոնք կը մարմնաւորեն ազգային միասնութիւն, անկողմնակալ եւ պաշտպանական կամք: Հայաստանի ապագան կախեալ է անկէ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք կառուցել նման վստահելիութիւն եւ վերականգնել պետականութեան արժանապատուութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Կարօտի Նամակ (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Եւրոպական Երգչախմբային Միութեան Ուսուցողական Շրջապտոյտին Առիթով. Եւրոպացի Խումբ Մը Երաժիշտներ Եւ Երգչախմբային Կատարողներ Այցելեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?