Վրթանէս Եպիսկոպոսի Ձերբակալութիւնը
Եւ Դատավարութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Արցախի հայկական եկեղեցիները գրաւելու եւ զանոնք համայնական տնտեսութիւններու կարիքներուն համար ծառայեցնելու անուան տակ պահեստներու ու շտեմարաններու վերածելու աշխատանքներուն կողքին, քահանաներուն վրայ հսկայական տուրքեր դրին, քաջ գիտակցելով որ ոչ մէկ քահանայ կրնար դիմանալ այդ տուրքերուն:
Արցախի, ինչպէս նաեւ այլ թեմերու մէջ Հայ եկեղեցւոյ դէմ գործադրուող ապօրինութիւններու ու բռնութիւններու պայմաններուն տակ Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոս 4 մարտ 1929-ին բողոքի նամակ յղեց Խորհրդային Հայաստանի ժողկոմխորհի նախագահ Սահակ Տէր Գաբրիէլեանի: Վեհափառը մանրամասն կերպով եւ յստակ փաստարկներով կը ներկայացնէր հակաեկեղեցական բոլոր ապօրինութիւնները, որոնք կը մեղանչեն պետական օրէնքի հիմնական երեք սկզբունքներու դէմ` խղճի ազատութեան, կրօնական քարոզչութեան ազատութեան եւ հակակրօնական քարոզչութեան համար պետականօրէն ծրագրուած գործելակերպին դէմ:
Հետաքրքրական է նշել, որ նոյն ժամանակ Ազրպէյճանի մէջ մզկիթները ազատօրէն կը գործէին եւ մոլլաները որեւէ ճնշումի չէին ենթարկուեր:
Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան իններորդ համագումարին, 6 մարտ 1929-ին, Ասատ Կարաեւ իր զեկոյցին մէջ կը շեշտէր, որ այն մզկիթները, որոնք ոչ կամովին փակուած են, պէտք է հիմա վերադարձնել:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Յակոբեան 20 սեպտեմբեր 1929-ին նամակ ուղարկեց Սուրբ Էջմիածին` Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ուր կ՛ըսէր որ թեմին գրեթէ բոլոր եկեղեցիները փակուած են, իսկ քահանաներուն մեծ մասը ձգած է կարգը: Մնացեալ քահանաներուն վրայ ալ կը շարունակեն անմարդկաին ճնշում գործադրել` ստիպելով համալրել հրաժարական տուածներուն շարքերը:
* * *
Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն, խեղաթիւրելով գիւղատնտեսութեան վարման աւանդական սկզբունքները, եւ անտեսելով համայնական տնտեսութիւններու տարբեր ձեւերու համամասնական զարգացման եւ անոնց ստեղծման գործընթացին մէջ կամաւորութեան խստագոյն պահպանման սկզբունքը, որոշեց անցնիլ համատարած պարտադիր համայնացման եւ կուլակաթափութեան (կուլակ կը նկատուէին չքաւորները շահագործող հարուստ սեփականատէր գիւղացիները):
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ արդէն փորձեր կատարուած էին հաւաքական տնտեսութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ: Առաջին անգամ Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ Ստեփան Շահումեանի անուան հաւաքական տնտեսութիւններ ստեղծուած էին: Մինչեւ 1929 Արցախի մէջ 27 կոլխոզներ կազմաւորուած էին:
Խորհրդային իշխանութիւնները ամէն ձեւով կը ձգտէին գիւղատնտեսութեան համայնացումը աւարտել ամենակարճ ժամկէտով: Գիւղացիներուն պարտադրուեցաւ կոլխոզ մտնել. ընդդիմացողներուն հողը եւ ունեցուածքը կը խլէին եւ կոլխոզներուն կը յանձնէին:
Մարտունիի կուսակցական շրջանային պլենումը 1929 դեկտեմբերին որոշեց մինչեւ 1930 մարտ շրջանը համատարած համայնացման ենթարկել: Կուսակցութեան մարզային կոմիտէն իր կարգին որոշեց 1929 դեկտեմբեր 20-էն մինչեւ 1930 յունուար 5 Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գիւղական տնտեսութիւններու համայնացման երկշաբաթեակ կազմակերպել: Քանի մը օրուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 28 նոր կոլխոզ կազմակերպուեցաւ: 1930 փետրուարի կիսուն Լեռնային Ղարաբաղի գիւղական տնտեսութիւններուն 26 առ հարիւրը ընդգրկուած էր կոլտնտեսութիւններուն մէջ:
Պաքուէն յատուկ գործիչներ ուղարկուեցան Ղարաբաղ, որոնք տեղական չքաւորական կոմիտէներուն եւ գիւղական խորհուրդներուն հետ ձեռք ձեռքի տուած մէկը միւսին ետեւէն կուլակ յայտարարեցին եւ արտադրութեանի միջոցներէ ու կենսական շարք մը պայմաններէ զրկեցին գիւղացիները: Շատ մը գիւղացիներ արտաքսուեցան իրենց բնակավայրերէն: Շատ յաճախ, առիթէն օգտուելով, կուսակցական դէմքեր անձնական հաշիւներ մաքրեցին իրենց համագիւղացիներէն: Բազմաթիւ բնակարաններ, գոմեր եւ անձնական օգտագործման իրեր դարձան պատահական մարդոց սեփականութիւնը:
Գիւղացիներ յաճախ պարտադիր համայնացումէ խուսափելու համար կը մորթէին իրենց կովերը, այծերը, ոչխարները, խոզերը եւ հաւերը: Անասունները մորթելու ընթացքը մեծ հարուած հասցուց անասնապահութեան հետագայ զարգացման: Համայնացման բնագաւառէն ներս կուսակցական եւ կառավարական մարմիններու կոշտ, բիրտ ու անմարդկային վերաբերմունքին հետեւանքով լուռ դժուարութիւնները երբեմն կը դառնային անտանելի եւ բացայայտ պոռթկումներու տեղի կու տային: Գիւղացիք շատ տեղեր կը դիմադրէին եւ կը պահանջէին վերջ տալ անօրէնութիւններուն:
Յուսալքուած գիւղացիները կարգ մը վայրերու մէջ զէնքի դիմեցին. տեղի ունեցան ընդհարումներ եւ սպանութիւններ: Դարեր շարունակ նահապետական աւանդներով, համերաշխօրէն ապրող գիւղական համայնքներուն մէջ թշնամութիւններ սկսան: Հապճեպ եւ համատարած համայնացման հետեւանքով սովամահութեան դէպքերը սովորական երեւոյթ դարձան:
Ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու համար կուսակցական բարձրագոյն մարմինները շարք մը միջոցառումներու ձեռնարկեցին: Հաստատուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ համատարած համայնացման համար չկան ոչ ընկերային եւ ոչ ալ տնտեսական նախադրեալներ: Աշխատանքէ ազատուեցան շարք մը պատասխանատուներ:
* * *
Ազրպէյճանական բարձրագոյն իշխանութիւններու անմիջական տնօրինութեամբ Արցախի մէջ մոլեգնող հակաեկեղեցական բռնաճնշումները հասած էին իրենց գագաթնակէտին: Որոշուեցաւ վերջնական հարուածը տալ Արցախի թեմին եւ հաշուեյարդարի ենթարկել թեմական բոլոր կառոյցները:
Արցախի թեմի առաջորդ Վրթանէս եպիսկոսպոս Յակոբեան 7 փետրուար 1930-ին շինծու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ եւ Շուշիի բանտը նետուեցաւ:
Վրթանէս եպիսկոպոս շուրջ մէկ տարի մնաց Շուշիի բանտին մէջ, սպասելով դատավարութեան: Բանտին մէջ ան ծայրայեղ զրկանքներու եւ նուաստացումներու ենթարկուեցաւ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն պարբերաբար նիւթական նպաստ եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր, Ինչպէս` հագուստ, սպիտակեղէն եւ օճառ ուղարկուեցան անոր:
* * *
Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին միջեւ 1923-ին ստեղծուած Կարմիր Քիւրտիստանը, որուն կեդրոնը Լաչինն էր, 1929-ին ջնջուեցաւ եւ 1930 մայիս 25-ին ստեղծուեցաւ Քիւրտիստանի շրջանը (օկրուգ), որ տարածքով կը գերազանցեր Կարմիր Քիւրտիստանը: 8 օգոստոս 1930-ին ջնջուեցաւ նաեւ Քիւրտիստանի շրջանը:
Քիւրտիստանի շրջանի վերացումէն ետք ազրպէյճանական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն ձեռնարկեցին քիւրտերը ձուլելու եւ ազրպէյճանացնելու աշխատանքին:
* * *
Խորհրդային իշխանութիւնները 1930-ին վերահաստատեցին կամաւորութեան սկզբունքի հիմամբ հաւաքական տնտեսութիւններու կազմաւորման սկզբունքը: Պարտադրաբար, բարձր իշխանութիւններու կողմէ կամայականօրէն կազմաւորուած շարք մը կոլխոզներ հաշուեյարդարի ենթարկուեցան: 31 յուլիս 1930-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ կային 114 կոլխոզներ, որոնք կ՛ընդգրկէին 4286 կոլտնտեսային ծուխ (ընտանիք): Կոլխոզները կը կազմէին գիւղական տնտեսութիւններուն շուրջ տասնհինգ առ հարիւրը:
Միաժամանակ լայն ծաւալ ստացաւ կուլակութեան (ունեւոր գիւղացիութեան) դէմ պայքարը եւ իբրեւ դասակարգ անոնց վերացման քաղաքականութիւնը: Թէեւ ունեւոր գիւղացիները մեծ մասամբ արդէն սեփականազրկուած էին, անոնցմէ շատեր ունեւոր ալ չէին, բայց իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» բռնաճնշումներու ենթակայ էին:
Լեռնային Ղարաբաղի մարզային կոմիտէն 1930-ին յատուկ նամակով դիմեց բոլոր շրջանային կոմիտէներուն, կուսակցական կոմիտէներուն, բջիջներուն եւ բոլոր կուսակցականներուն` հրահանգելով 1931-ին ինքնավար մարզին մէջ համայնացումը հասցնել 42.2 տոկոսի եւ նախապատրաստուիլ սեփականազրկելու կուլակները: Քանի մը ամսուան ընթացքին, 1930 սեպտեբերէն մինչեւ 1931 յունուար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեսուն նոր կոլխոզներ ստեղծուեցան:
Հողին տէրը ըլլալու գիւղացիին ձգտումը, որ օրէնսդրական կերպով ճանչցուած էր «Հողի մասին» հռչակագիրով, յայտարարուեցաւ մասնաւոր սեփականատիրութեան վերապրուկ: Ծայր առին նորանոր ապօրինութիւններ, կամայականութիւններ եւ հաշուեյարդարներ: Շատ մը գիւղացիներ հեռացան իրենց գիւղերէն եւ նաեւ` Ղարաբաղէն:
Կուսակցական եւ կառավարական մարմիններու կողմէ իշխանութեան չարաշահման, օրինականութեան ոտնահարման, եւ տարբեր ձեւերով մեքենայութիւնները, ինչպէս նաեւ բարոյական այլասերումն ու ամօթալի, անմարդկային երեւոյթները սովորական դարձած էին: Ժողովուրդը յուսալքութեան մատնուած էր: Ուրիշ որեւէ հնարաւորութիւն չունենալով, գիւղացիք ստիպուած կոլխոզ մտան: Մինչեւ 1931 նոյեմբեր Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերուն մէջ 224 հաւաքական տնտեսութիւններ ստեղծուեցան: Հետագային կարգ մը տնտեսութիւններ միաւորուեցան: Երկրորդ հնգամեակին (1933-1937) Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կային 207 կոլխոզներ եւ չորս սովխոզներ (պետական տնտեսութիւններ):
* * *
Շուշեցի Թալիշ Յովհաննիսեան 9 յունուար 1931-ին նամակ գրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, յայտնելով որ յունուար 19-ին նախատեսուած է Վրթանէս Սրբազանի դատը եւ կը խնդրէր փաստաբան ուղարկել:
Վրթանէս եպիսկոպոս Յակոբեանի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, յունուար 19-էն մինչեւ 23: Սրբազանի առաջադրուած որեւէ մեղադրանք չհաստատուեցաւ, սակայն ան ազատ չարձակուեցաւ: Դատախազը գործը ուղարկեց վերաքննութեան: Յունուար 25-ին Վրթանէս եպիսկոպոսը կրկին Շուշիի բանտ տարին:
Սարգիս Սաֆարեան 25 հոկտեմբեր 1931-ին նամակ ուղարկեց Սուրբ Էջմիածին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, ուր կ՛ըսէր որ Արցախի թեմին առաջնորդը կը շարունակէ բանտ մնալ, հակառակ այն փաստին որ լիովին արդարացուած է իրեն առաջադրուած մեղադրանքներէն: Նամակագիրը կը նշէր որ զայն կալանքի տակ կը պահեն ոչ թէ անոր համար որ ինչ որ բանի մէջ մեղաւոր է, այլ որովհետեւ հաւատացեալ եպիսկոպոս է: