Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով` Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

September 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Երբ մարդիկ խորհրդանիշներուն հետ կը խաղան, կը խաղան նաեւ յիշողութեան հետ, պատմութեան հետ:

Ու պէտք չէ զարմանալ, երբ պատմութեան հետ խաղալը խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենայ…

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի վարչակազմը ԱՄՆ Ազգային այգիներու ծառայութեան (National Parks Service) հրահանգած է` ստրկութեան մասին լուսանկարչական ցուցանակները (ներառեալ` 1863 թուականի «Խարազանուած մէջք»-ի խորհրդանշական լուսանկարը) բազմաթիւ վայրերէ հանել` պատմութիւնը «վերականգնելու» ու «նախատինքի» նիւթերը հեռացնելու նպատակով: Ազգային այգիներու աշխատակիցներուն ըսուած է` ստրկութեան, ցեղապաշտութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու հալածանքներու մասին ցուցանակները բացայայտել ու հանել: Բազմաթիւ պատմաբաններ այս քայլը գրաքննութիւն կոչած են` պնդելով, որ նպատակը գեղագիտութիւնը չէ, այլ` պատումի վերահսկողութիւնը:

Այս օրերուն Հայաստան նման ճամբայ մը բռնած է: Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաստատեց որոշում մը, որով նոյեմբերէն սկսեալ ճամբորդներու անցագիրներու մէջ դրուող պաշտօնական մուտքի ու ելքի կնիքներէն պիտի հանուի Արարատ լերան պատկերը: Ընդունման ժամանակ փոփոխութիւնը հրապարակայնօրէն չէ բացատրուած. պաշտօնատարները հետագային ակնարկած են, որ նպատակը «վտանգաւոր մեսիջ-ներ (պատգամներ) չուղարկելն է Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան պետութիւններին» (նպատակը, մէկ խօսքով, Թուրքիան չնեղացնելն է):

Սերունդներ շարունակ Արարատը ապրած է Հայաստանի (նոյնինք` Խորհրդային Հայաստանի) զինանշանին վրայ, փորագրուած մեր խաչքարերու ու վանքերու քարերուն վրայ, կախուած է հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ հայորդիներու տան պատերուն ո՛չ որպէս տարածքային պահանջ, այլ` մշակութային կողմնացոյց: Ու զայն անցագրային կնիքներէն հեռացնելը երկու բան կը փաստէ. առաջինը` որ կառավարութիւնը հիմնական խորհրդանիշները կը նկատէ զիջելի, երկրորդ` թէ կ՛ընդունի այն նախադրեալը, որ խորհրդանիշները պէտք է մաքրուին, եթէ անոնք դիւրազգացութիւն կը յարուցեն դրացիին մօտ:

Ինծի համար հետաքրքրականն այն է, թէ այս տրամաբանութեան սահմանը ո՞ւր կը գծուի:

Վերջերս իշխանաւոր մը յայտնեց, որ զինանշանին ձեռք տալու ծրագիր չկայ, սակայն 2023-ին վարչապետը հրապարակայնօրէն նախատեց ներկայ զինանշանը, որովհետեւ անիկա կը խորացնէ բաժանումը «պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» միջեւ, եւ սահմանադրական աշխատանքային խումբ մը արդէն իսկ կ՛աշխատի նոր հիմնական օրէնքի մը վրայ:

Հակաճառութիւնը այն է, թէ պետական խորհրդանիշները պէտք է անբիծ եւ խիստ «պետականամէտ» ըլլան` առանց «զգացական» պատկերներու: Սակայն խորհրդանիշները որեւէ տեղ այդպէս չեն գործեր:

Ես Քանատա ծնած ու մեծցած եմ. Քանատայի զինանշանը կը կրէ Անգլիոյ առիւծի ու Սկովտիոյ միեղջիւրի (իւնիքորն) պատկերները: Քանատայի մէջ ո՛չ առիւծ կայ (բացի կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ… խե՜ղճ անասուններ), ո՛չ ալ իւնիքորն (յանուն արդարութեան` իւնիքորններ ոչ մէկ տեղ եղած են. գոյութիւն իսկ չեն ունեցած): Երեւակայական «անասուն»-ը թագ մը կը կրէ եւ կոտրած շղթայ մը, որ կը խորհրդանշէ ճնշումին դէմ դիմադրութիւնը, իսկ յարակից պատկերները կը կրեն Միացեալ Թագաւորութեան դրօշը եւ Ֆրանսայի թագը: Ասոնք յղումներ են բազմաթիւ պատմութիւններու եւ ինքնութիւններու, որոնք կ՛ապրին քանատական պետութեան խորհրդանիշին մէջ. անոնցմէ ոչ մէկը «պահանջ» է օտար տարածքի մը կամ` հնազանդութեան խորհրդանիշ: Անոնք պատկանելիութեան եւ ժառանգութեան ճանաչումներ են:

Կամ եկէ՛ք, խօսինք Թուրքիոյ մասին. երկրի ներկայ դրօշակը օսմանեան դրօշակին հիմնաչափուած շարունակութիւնն է (կիսալուսին եւ աստղ` կարմիրի վրայ, 1844 թուական), այն նոյն հարստութեան, որուն ներքոյ Օսմանեան կայսրութեան հայերը բնաջնջուեցան: Արդեօք հայերը պէ՞տք է պահանջեն, որ թուրքերը փոխեն իրենց դրօշը, քանի որ մեր ընտանիքները անոր ներքոյ կոտորածի ենթարկուեցան:

Անցագրային կնիքի որոշումը անջատ, մեկուսացած որոշում մը չէ. անիկա կու գայ պաշտօնատարներու շարք մը հրապարակային փաստարկներու հետ միասին, որոնք անվտանգութիւնը կը վերաձեւակերպեն «լեգիտիմութեան» (օրինականացման) շուրջ: Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակը պարզաբանած է Պաքուի պահանջը, որ Նախիջեւանէն դէպի Ազրպէյճան երթեւեկութիւնը Հայաստանով անցնի առանց հայ սահմանապահները տեսնելու, հիմնաւորելով, որ «վէրքերը թարմ են» եւ խորունկ` երկու կողմերուն համար: Վարչապետը կ՛ըսէ, որ բանակը պէտք է ըլլայ երկրի անվտանգութեան 15-րդ, 20-րդ, նոյնիսկ 100-րդ «գործիքը», իսկ «լեգիտիմութիւնը»` ցուցակին առաջինը: Այս գիծերէն ոչ մէկը, անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին, անօրինական է, սակայն միասին, եւ այս պահուն, անոնք ցոյց կու տան այս կառավարութեան գաղափարը` «դուն զքեզ նուաստացո՛ւր եւ յուսա՛, որ հարեւաններդ բարեսիրտ դառնան»…

Նոյն տրամաբանութիւնը այժմ կը կիրարկուի սահմանադրութեան վրայ: Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան ջնջէ իր յղումը 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրին, իսկ Երեւանը կը պատասխանէ` համաձայնելով, որ ժամանակն է` առանց անոր նոր սահմանադրութիւն մը նախագծելու: Արդարադատութեան նախարարը այս կը կոչէ «խաղաղութեան գին», վարչապետը բացայայտօրէն կ՛ըսէ, թէ չի հաւատար, որ հռչակագիրը պէտք է յղուի նոր սահմանադրութեան մէջ: Այստեղ կը նորմալացուի այն գաղափարը, որ հանրապետութեան հիմնական օրէնքը կ՛ենթարկուի բանակցութիւններու թշնամիի մը հետ` նախքան զայն քննարկելը այն քաղաքացիներուն հետ, որոնք կ՛ապրին անոր ներքեւ:

Ամէն անգամ որ Պաքուն կամ Անգարան նոր պայման մը կը ներկայացնեն, Երեւանը նախ կը մերժէ ձեւակերպումը, ապա կ՛որդեգրէ էութիւնը: Ամէն անգամ որ պաշտօնեաները կը յայտարարեն, թէ կարմիր գիծեր քաշած են, հետագային կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ այդ գիծերը իրականութեան մէջ բանակցելի էին: Ամէն անգամ որ ինքնիշխանութիւնը կը պաշտպանուի հանրութեան մէջ, անիկա կը նսեմացուի գործնականին մէջ: Այս դիւանագիտութիւն չէ, այլ ճնշումներուն յարմարում` քողարկուած որպէս գործնապաշտութիւն (փրակմաթիզմ):

Այս բոլորով մենք պարզապէս կնիքի մը վրայ պատկեր մը չէ, որ կը կորսնցնենք, այլ նաեւ կը փաստուի, որ Հայաստանի մէջ ինքնութեան նշանները սակարկելի խաղաքարտեր են: Ու ճիշդ այդ պատճառով այդքան ալ աներեւակայելի չէ, որ այս իշխանութիւնը շուտով պիտի անցնի զինանշանի ալ «բարեփոխման»: Եթէ կնիքի մը վրայ Արարատը «կը նեղացնէ» Անգարան, զինանշանին վրայի Արարատը պէտք է զայն աւելի նեղացնէ:

«Բայց Արարատը այսօր Թուրքիոյ մէջ չի՞ գտնուիր»: Իսկ այդ մէկը երբեք չէ խանգարած, որ անիկա պատկանի հայ մշակութային յիշողութեան: Շատ ազգային խորհրդանիշներ կը յղուին սահմաններէն անդին: Խորհրդանիշները կը հետեւին ժառանգութիւններուն եւ ձգտումներուն,  անոնք հողի սեփականութեան վկայականներ չեն: Հայաստանի զինանշանը 1918 թուականէն քով-քովի բերած է ներկայ եւ պատմական Հայաստանները մէկ խորհրդանիշի մէջ: Պնդել, թէ միակ օրինական խորհրդանիշները անոնք են, որոնք կրնան սահմանուիլ եւ սահմանազատուիլ, կը նշանակէ անդամահատել պատմութիւնը:

Անշուշտ այս բոլորին մէջ կայ երկրորդ կարգի վտանգ մը: Երբ կը սկսիս խմբագրել խորհրդանիշները` «արտաքին սպառնալիքները» նուազեցնելու համար, դուն «կը նորմալացնես» պատումները խմբագրելը: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ներկայ բանավէճերը ինքնութեան շուրջ կը բնորոշէ,  որպէս ազգային պատումներու դիտաւորեալ «փոխակերպումի» մաս, որպէսզի թեթեւցնէ անվտանգութեան համակարգի ճնշումը: Սակայն պետութիւնները ապահով չեն դառնար մոռացկոտ դառնալով. այդպիսով,  անոնք միայն աւելի փխրուն ու խոցելի կը դառնան:

Ես Արարատի գագաթը նուաճած եմ, կանգնած եմ լերան կատարին: Զիս ապշեցնողը տեսարանը կամ հոն հասնելու դժուարութիւնը չէր, այլ` այն իրողութիւնը, որ լեռը անխուսափելի է: Գագաթէն կը տեսնես, թէ անիկա ինչպէ՛ս կը տիրէ շրջակայքին. անիկա կը մերժէ անտեսուիլ:

Մեր պատմութեան մէջ Արարատը այդ է` անշարժ, անխուսափելի, ներկայ` մեր կամքէն անկախ: Ոմանք կրնան զայն ջնջել կնիքներէ, ելոյթի մը ընթացքին զայն նախատել, բայց օրէնքով իսկ զայն չեն կրնար անհետացնել: Կարծել, թէ կարելի է զայն ջնջել, մոլորութիւն է: Ձեւացնել, թէ խորհրդանիշը սահեցնելով` մոռացութեան կու տաս անոր ետին եղած իրականութիւնը, քու սեփական ժողովուրդդ անարգել է, դաւաճանել:

Կնիքը, այո՛, փոքր բան մըն է, բայց անկէ Արարատը ջնջելու գործողութիւնը` հսկայ: Անիկա քաղաքացիներուն կը յուշէ, թէ իրենց խորհրդանիշները զիջելի են, իրենց անցեալը` ձեռքէն բաց թողուլ, իսկ իրենց ինքնութիւնը` սակարկելի խաղաքարտ մը: Անիկա հարեւաններուն կ՛ըսէ, թէ ճնշում բանեցնելը արդիւնաւէտ է, եւ աշխարհին կը յայտարարէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը գոյատեւումը կը տեսնէ ոչ թէ ամուր կանգնելով, այլ` ինքզինքէն մասեր կտրելով:

Այս բոլորը յանձնուելու հերթական արարքներ են` ծածկուած գործնականութեան քողով:

Հայաստանին պէտք չեն այնպիսի ղեկավարներ, որոնք կը բացատրեն յարձակողին պահանջները որպէս խելամիտ: Անոր պէտք են այնպիսի ղեկավարներ, որոնք յստակօրէն կը ձեւակերպեն, թէ ի՛նչը բանակցելի չէ. վերահսկողութիւն սահմաններուն վրայ, սահմանադրութեան անկախութիւնը եւ քաղաքացիներուն իրաւունքը` գիտնալու, թէ ի՛նչ խոստացուած է իրենց անունով: Առանց այս բաներուն` «խաղաղութիւն» բառը կը դառնայ բառ մը, որ կը քողարկէ պետականութեան դանդաղ քանդումը: Եւ ամէն անգամ որ նման պաշտօնեաներ այսպէս կը խօսին, այդ քանդումը կ՛արագանայ:

Ու մենք` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներս ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, աւելիին արժանի ենք:

Յիշենք Օրուէլի մռայլ, բայց խիստ տեղին խօսքերը եւ զգուշանանք անոր հետեւանքներէն. «Ով որ կը վերահսկէ անցեալը, կը վերահսկէ ապագան: Ով որ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ի Խորոց Սրտի Խօսք… «Հապիպ»-ին

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.