Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անկախութիւնը Եւ Ազգային Արժէքներու Կորուստը

September 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ անկախութեան ձգտումը եղած է համազգային երազ:

Այդ երազը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր` պայքարի, երգի, գրականութեան եւ աղօթքի ընդմէջէն: Իւրաքանչիւր հայ իր ներաշխարհին մէջ կը կրէր ազատ հայրենիքի տեսիլքը:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք երազը դարձաւ իրականութիւն: Պատմութիւնը հայ ժողովուրդին վերադարձուց դարեր շարունակ հոգիներու մէջ պահուած գանձը: Այդ օրը մեզի ոչ միայն պարգեւեց դրօշ, պետականութիւն, այլեւ անխախտելի պարտաւորութիւն` պահել ու պահպանել այն, որ միշտ ապրած է իւրաքանչիւր հայու սրտին, հոգւոյն եւ ներաշխարհին մէջ:

Այսօր, սակայն, երեսունչորս տարիներ ետք, երբ կը դիտենք անկախութեան հատած ճանապարհը, կը նկատենք, որ երազը մնացած է կիսատ: Ապրեցանք հպարտութեան պահեր, սակայն յուսախաբութիւնները սկսած են աւելի ծանր կշռել:

Ներքին բեմին վրայ փտածութիւնը, օրէնքի անհամաչափ կիրարկումը կը մնան անյաղթահարելի: Հարուստն ու աղքատը անջրպետներով բաժնուած կը մնան միեւնոյն երկինքին տակ:

Սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութիւններու սերտացումը, որ պիտի ըլլար անկախութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն, ուշագրաւ յառաջընթաց արձանագրելէ ետք, հոգեվարքի մէջ կը գալարուի այսօր: Փաշինեանի իշխանութիւնը կ՛անտեսէ սփիւռքի ներուժը, կարողականութիւնը: Փոխյարաբերութեան գրեթէ բոլոր կամուրջները քանդուած են: Սփիւռք-հայրենիք մէկ ամբողջութեան գաղափարախօսութիւնը փշրուած է դժբախտաբար: Սփիւռք եւ հայրենիք հայ ժողովուրդի միասնութիւնը ուռճացնող, զիրար ամբողջացնող երկու բեւեռներն են…

Ազգային-քաղաքական գետնի վրայ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսները սրընթաց քայլերով աղէտներու գիրկը կը մխրճեն չորսհազարամեայ քաղաքակրթութեան ոստան Հայաստանը: Իշխանութեան քարոզչամեքենան կորուստները «խաղաղութեան դուռ», «յաղթանակ» ներկայացնելով` թմբիրի մէջ կը պահէ ժողովուրդը: Պարտադրուած զիջումը կը ներկայացուի իբրեւ խաղաղութիւն…

Պարտուողական ոգին ծածկած է երկիրը: Ներկայիս կը փորձեն իբրեւ «յաղթանակ» ներկայացնել դարաւոր Արցախի կորուստը… Վտանգաւոր ուղիի վրայ կը գտնուին հայ-թրքական բանակցութիւնները: Ոչ ոք գիտէ` ի՞նչ կէտերու շուրջ կը բանակցի Հայաստանը: «Գործընկեր» դարձած թշնամին նախապայման կը դնէ մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արարատը: Ճանապարհներ բանալու պատրուակով թուրք-ազերիական հակակշիռի տակ կը վերցուի Սիւնիքը: Ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը, եթէ ոչ` հրաժարիլ մեր գերիշխանութենէն եւ պատմական իրաւունքներէն: Հայաստան օտար հովանաւորներու թելադրութեամբ վարչական տարածքի մը կրնայ վերածուիլ քանի մը տարիէն:

Անկախութիւնը այսօր լուրջ փորձութեան առջեւ կը գտնուի: Հայաստան կանգնած է իր պատմական ուղին եւ ինքնիշխանութիւնը վտանգող մարտահրաւէրներու առջեւ: Երկրի իշխանութիւնը` ի դէմս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, փաստացի հրաժարած է Արցախէն: Արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը, անոնց դէմ կատարուած ցեղային վայրագութիւնները, գերիներուն ազատ արձակումը, Արցախի պատմամշակութային, հոգեւոր կոթողներու փոշիացումը ոչինչ կ՛ըսեն իշխանութիւններուն: Ազրպէյճան կ՛եռապատկէ ռազմական պիւտճէն, Հայաստան կը նուազեցնէ, նաեւ կ՛առաջադրէ կրճատել զինուորական ծառայութեան ժամկէտը: Ընդդիմախօսները կը հալածուին, կը յայտնուին բանտերու մէջ: Ներքին ճգնաժամ կ՛ապրի Հայաստանը:

Փաշինեան արագընթաց քայլերով կը փորձէ մեր յիշողութենէն ջնջել` Արցախը, Արեւմտահայաստանը, Ցեղասպանութիւնը: Ան կը պատրաստուի փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ուր ամէն գնով պիտի չներառուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հետ առնչուած հիմնական դրոյթները: Յիշեցման կարգով, 2015 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Համահայկական հռչակագիրը վերանորոգեց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու, ինչպէս նաեւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու իր յանձնառութիւնը:

Ներկան կը բխի անցեալէն: Ներկան նաեւ ուղեցոյցն է ապագային: Ի վերջոյ, ի՞նչ պիտի մնայ հայ անհատէն, երբ հրաժարի` Արեւմտահայաստանէն, Արցախէն, Արարատէն, Սիւնիքէն եւ ազգային ինքնութեան խորհրդանիշներէն:

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ ժողովուրդը ամենածանր պահերուն, նոյնիսկ ծանր կորուստներու գնով պաշտպանած է իր հողն ու իրաւունքները:

Հայաստան այսօր կ՛ապրի տրամաբանող, հայրենասէր եւ ազգային տեսիլքի տէր ղեկավարի մը կարօտը: Ղեկավար, որուն ուղեցոյցը ըլլան` հայրենիքի անվտանգութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը:

Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը վերանորոգելու առիթ մըն է հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան մեր ուխտը, ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ մեր սրտերէն ջնջել` Արեւմտահայաստանը, Արցախը եւ Արարատը: Անկախութիւնը՛՛անցնի ազգային արժէքներու, արդարութեան եւ համազգային միասնութեան ընդմէջէն: Ընկերային արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ յենած Հայաստանը պիտի մնայ համայն հայութեան հայրենիքը: Հայաստանը չի կորսուիր երբեք, երբ հայը, ո՛ւր ալ գտնուի ան, Արարատը կենդանի պահէ իր սրտին մէջ: Անկախութիւնը կը դառնայ ոչ միայն երազ, այլ` յաւերժ կեանք, իրականութիւն:

Ուխտենք, որ պիտի շարունակենք` զօրացնել հայրենիքը, ազգային բանակը, սերտացնել սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութիւնները, պահպանել մեր լեզուն եւ մշակոյթը, դաստիարակել իրենց արմատներուն հաւատարիմ սերունդներ:

Անկախութիւնը կը պարտաւորեցնէ հաւատարիմ մնալ նախնիներու պատգամին: Աւարայրի, Սասունի, Զէյթունի, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Շուշիի մէջ եւ այլուր ինկած մեր նահատակները մեզի փոխանցեցին անկախ հայրենիքի գիտակցութիւնը: Մեր պարտականութիւնն է նոր սերունդին փոխանցել այդ պատգամը: Անկախութիւնը օրացոյցի վրայ արձանագրուած սովորական օր մը չէ: Ան մեր գոյութեան ճշմարիտ հիմնասիւնն է: Ժողովուրդի միասնական ոգին աւելի հզօր է, քան` արտաքին որեւէ վտանգ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ Տարեդարձին Առիթով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.