ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսօր, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, բացումը կը կատարէ «Ես եմ» խորագիրով հայրենի երիտասարդ, տաղանդաշատ արուեստագէտներու ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտները կը ներկայացնեն Երեւանն ու Հայաստանի տարբեր մարզերը: Ցուցահանդէսը կը վայելէ հովանաւորութիւնը ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Ութ երիտասարդ գեղանկարիչներ իրենց աշխատանքին արգասիքը կը դնեն լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ եւ անոնցմէ երկուքը` Արսէն Յարութիւնեան եւ Գայեանէ Աւետիսեան, ներկայ պիտի ըլլան բացման հանդիսութեան:
Այս ցուցահանդէսին առիթով անհրաժեշտ է կատարել հետեւեալ խորհրդածութիւններն ու հաստատումները.
1.- Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 28 ապրիլին 17 երիտասարդ արուեստագէտներ համախմբուեցան, եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ անոնց հաւաքական ցուցահանդէսը, որ օրին արժանացաւ լայն քաջալերանքի ու հետաքրքրութեան: Այդ խումբէն ահաւասիկ ութ արուեստագէտներ Համազգայինի գրասենեակին եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի համատեղ գործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, այսօր կը ներկայանան Լիբանանի մէջ: Այս իմաստով արժէ հաստատել, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր հիմնադրութեան օրէն միշտ ալ սերտօրէն մնացած է գործակից Հայաստանի գրասենեակին հետ եւ արուեստագէտներու հիւրընկալման իմաստով, գրասենեակը կը շարունակէ տանիլ շնորհակալ աշխատանք` հայրենիքի գեղանկարչական ու գեղարուեստի վաւերական արժէքները ներկայացնելով մեզի: Անցնող ութ տարիներուն մեծ թիւով հայրենի ժամանակակից արուեստագէտներ, Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի ճամբով, իրենց գործերը ցուցադրած են «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
2.- Այս նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը կու գայ տալու ապացոյցը, որ գրական եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ ինք կը մնայ ջատագովը երիտասարդ ուժերու յայտնաբերման ու անոնց ստեղծագործական երթին ճամբայ հարթելու կարեւոր առաքելութեան: Իր կարգին, այսպիսի ցուցահանդէսներու կազմակերպումով, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կու գայ տալու ապացոյցը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ հաստատուած նպատակներու կենսագործման, ուր յստակօրէն շեշտադրում կայ հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդ տաղանդներու յայտնաբերման ու քաջալերանքին:
3.- Երիտասարդ արուեստագէտներու այս ցուցահանդէսին կազմակերպումը մեզ կը դնէ յաւելեալ պարտաւորութեանց դիմաց` հայ մշակոյթի անդաստանը ծաղկեցնելու թարմ ու խոստմնալից ուժերով` միաժամանակ ստեղծելու այն վարակիչ ու համակող մթնոլորտը, ուր նորահաս սերունդը հայ մշակոյթին ու անոր արձանագրած նուաճումներուն պիտի մօտենայ ո՛չ միայն իբրեւ անցեալի վաւերական արժէքներ, այլեւ ապրող, շնչող ու զարգացող ներկայ իրականութիւն:
Այս խորհրդածութիւններով եւ համոզումներով, այսօր բոլորս ժամադրուած ենք ներկայ գտնուելու հայրենի երիտասարդ մարդուժ համախմբող այս իւրայատուկ ցուցահանդէսին: Մարդուժ, որուն նկատմամբ մի՛շտ ալ կը փորձենք նախանձախնդրութեամբ արտայայտել մեր տեսակէտները եւ կը շեշտենք անոր վրայ գուրգուրալու մեր հաւաքական պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւնը: Այդ գուրգուրանքի դրսեւորման համեստ, բայց գործնական քայլ մըն է այս ձեռնարկի կազմակերպումը եւ անոր յաջողութեան գրաւականը լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնն է: Վստահ ենք, որ ցուցահանդէսը, այս հանգամանքները նկատի առած, պիտի արժանանայ նաեւ համապատասխան կարեւորութեան ու քաջալերանքի: