Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղտնի Գործակալներ Կը Ներշնչեն Ժապաւէններ

October 27, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը: Թէեւ հանդիսատեսներուն համար յաճախ հաճելի ժամանց, երբեմն ալ վայելք կը դառնայ ատիկա, սակայն պարզ է, որ լրտեսին իսկական էութիւնը պատմութեան համար չի պահպանուիր:

Յատկանշական օրինակ մըն է Մաթա Հարին:

Պարուհին, որ դարձաւ գաղտնի գործակալ, կը մնայ առեղծուած` մահէն 100 տարի ետք: Ան  տուաւ գրաւիչ  կին  լրտեսի գաղափարը, ներառեալ` 007: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի մէջ  գրած է Նիքոլաս Պարպըրը:

Ո՞Վ Էր Իսկական Մաթա Հարին

Ճիշդ դար մը անցած է այն օրէն, երբ Ֆրանսայի մէջ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Մաթա Հարին, որ մեղադրուած  էր Գերմանիոյ համար լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով: Այլ խօսքով,  ճիշդ հարիւր տարի առաջ իբրեւ առասպել վերածնաւ հոլանտացի  պարուհին:

Կրակ Ֆրանսացի դերասանուհի Ժ. Մորօ 1964-ին մարմնաւորած է Մաթա Հարին

Անոր առաջին կենսագրութիւնը լոյս տեսած է 1917-ին, անոր մահէն քանի շաբաթ ետք, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ան եղած է 250 կենսագրականներու եւ վէպի առարկայ, բեմական ցուցադրութիւններու, պատկերասփիւռային հաղորդաշարերու եւ շարժապատկերներու կողքին: Ամէնէն նշանաւոր շարժապատկերը 1931 թուականին պատրաստուածն է` Կրեթա Կարպոյի խաղարկութեամբ:

Կարպօ

Բազմաթիւ են այն բոլոր գիրքերը, շարժապատկերները եւ բեմական ելոյթները, որոնք ե՛ւ ուղղակի անոր մասին են, ե՛ւ  ներշնչուած անկէ, նոյնիսկ եթէ տարբեր անուններ ունին: Տիսոնըրտ (1931) դերասանուհի Մարլեն Տիթրիչ  կը մարմնաւորէ Մաթա Հարիի նման կին մը: Վերջերս պատրաստուած ակադեմական յօդուած մը «Նոթորիըս» եւ «Նորթ պայ ուեսթ» շարժապատկերները կը դասէ իբրեւ «Հիչքոքի Մաթա Հարի ժապաւէններ»` իրենց գործը յաջողութեամբ կատարելու նպատակով  սեռական յարաբերութիւն ունեցող լրտես կիներ ներառելուն համար: Իսկ այդ առասպելի վերջին երեւոյթն է յառաջիկայ տարուան  «Ռետ սփարրօ» շարժապատկերի ծանուցումի տեսահոլովակը, դերակատարութեամբ Ճենիֆըր Լորենսի` իբրեւ ռուս գործակալի, որ մարզուած է կիներ գայթակղեցնելու եւ սադրելու համար:

Եթէ այս պատկերացումներուն  մեծամասնութիւնը խելագար ձեւով սխալ է, կայ  որոշ արդարութիւն, այն չափով, որ Մաթա Հարիի կեանքին  պատմութիւնը  հիւսուած, զարդարուած է, որովհետեւ ան անձամբ ատոնց մէկ մասը ըրած է:

«Ան ստեղծագործութիւն մըն է սկիզբէն մինչեւ վերջ, թատերախաղի մը մէջ` կերպար մը, որ ան անընդհատ կրկնեց», կ՛ըսէ Մաթա Հարիի կենսագիր Փաթ Սիմսընը:

Մաթա Հարի իր անցեալին մասին երկար պատմութիւններ հիւսելու պարտաւոր էր, եւ ասիկա օգնեց, որ ինք վերածուի  առասպելական պատկերի. իւրայատուկ մարմնացում մը` սեռային կեանքի, գրաւչութեան, սադրանքի եւ վտանգի: Սակայն ատիկա նաեւ յանգեցուց անոր մահուան` 14 հոկտեմբեր 1917-ին, 41 տարեկանին:

Ատիկա պարտադրանք մըն էր, որ ան ժառանգած էր Հոլանտայի  Լիյվորտնէ  քաղաքին մէջ գլխարկի խանութ մը ունեցող հօրմէն, Ատամ Զելէն, ծանօթ` իբրեւ` Պարոնը: Հայրը քաջալերած է, որ աղջիկը` Մարկարեթա, ըլլայ  իրեն չափ վառվռուն, փայլուն: Բայց անոր շփացած մանկութիւնը կտրուկ աւարտեցաւ  դեռահաս տարիքին, երբ ծնողները բաժնուեցան, եւ մայրը մահացաւ: Հարազատներուն հոգատարութեան մնացած Մարկարեթան յաճախեց մանկավարժական հիմնարկ, բայց տարաձայնութիւններ եղան, որ յարաբերութիւններ ունեցած է տնօրէնին հետ: Մարկարեթա վտարուեցաւ, տնօրէնը` ոչ:

Դրամի անհրաժեշտութենէ մղուած` 18 տարեկանին  Ամսթերտամի մէջ 1895-ին  ամուսնացաւ հոլանտացի 39-ամեայ զինուորի մը հետ: Սակայն հնազանդ կնոջ մը դերը խաղալը անոր համար անկարելի եղաւ: Ի  յայտ եկաւ, որ ամուսինը գինեմոլ եւ կնամոլ է: Երբ անոնց միակ տղան մահացաւ , ամուսնալուծուեցան 1902-ին: Գոյատեւելու համար ան անգամ մը եւս պիտի վստահէր իր սեւ աչքերուն, գեղեցիկ տեսքին եւ սեռային գրաւչութեան:

Փարիզ փոխադրուելով` սկսաւ նոր ասպարէզ մը` իբրեւ արձանագործի բնորդ եւ պարուհի, մեծ ժողովրդականութիւն վայելելով մանաւանդ հանրային վայրերու մէջ:

Մաթա

Սակայն բեմին վրայ իր մարմնաւորածը կեանքին մէջ եւս շարունակեց եւ ատիկա եղաւ ճակատագրական: Շրջագայեցաւ բազմաթիւ քաղաքներ: Երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, անտրամաբանական չէր, որ Ամսթերտամի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսը անոր առաջարկէ 20 հազար ֆրանք` ֆրանսական գաղտնիքներ գողնալու համար: Աւելի ուշ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը Մաթա Հարիի առաջարկեց Ֆրանսայի համար լրտեսել: Մաթա Հարի ընդունեց` անտեսելով այն հանգամանքը, որ նման առաջարկ ընդունած էր թշնամիէն: Կա՛մ բացառիկ  խորամանկ էր, կա՛մ ալ շատ միամիտ: Բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ ան շատ միամիտ էր:

Թէեւ շատ քիչ բան ըրած էր` իբրեւ իսկական լրտես, սակայն դէպքերը տարբեր ընթացք ունեցան, բացայայտուեցաւ, դատուեցաւ եւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Գաղտնի գործակալ մը միշտ հակասական երեւոյթ է: Սակայն Մաթա Հարիի կախարդանքին եւ համբաւին միախառնումը կը բացատրեն, թէ  ինչո՛ւ վիպական լրտեսներ պարտական են անոր: Ճէյմս Պոնտը, ըստ էութեան, Մաթա Հարիի տղամարդ տարբերակն է, ոչ միայն զեխ ապրելակերպով, կիներու հետ ունեցած յարաբերութիւններով, այլեւ անզգուշ է` գացած տեղը իր անունը յայտարարելով` «Պոնտ, Ճէյմս Պոնտ», ճիշդ այնպէս, ինչպէս Մարկարեթա կ՛ընէր 100 տարի առաջ:

 

Նախորդը

Փութին Եւ Վստահուած Անձերը

Յաջորդը

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.